Արա Պապեանի Անարգանքը Լիզպոնի Հինգ Հերոսների Յիշատակին

0 0
Read Time:2 Minute, 30 Second

papian

 

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Յուլիս 17ի Էրեբունիի ոստիկանատան գրաւման արարքէն ասդին, դիմատետրի վրայ Արա Պապեան դէպքերու վերաբերող իր տուեալներու ներկայացման մէջ ինքն իրեն ենթակայան սանձարձակումներու արտօնութիւն տուած է։ Այդ մէկը իր գիտնալիքն է, նաեւ իր իրաւունքը։ Կրնայ մէկը համաձայն չըլլալ, բայց չի կրնար չյարգել Պրն. Պապեանի ազատ արտայայտութեան ու մեկնաբանութեան իրաւունքը։

Պրն. Պապեանի կարգ մը սանձարձակումները երբեմն կը յիշեցնեն երբեմնի պոլշեւիկեան «ագիտպրոպ»ի («ագիտացիայի եւ պրոպագանդայի») գործելաոճը։ Օրինակ, Յուլիս 19ին, «Բացատրութեան պահանջ»ով մը ան իր դիմատետրին վրայ զետեղած է հետեւեալը.- «Ըստ ականատեսի վկայութեան, Ղուբաթլիի կողմերը հայտնվել են ռուսական мч համարանիշով ռազմական բեռնատարներ: Մտահոգիչ է, ՊՆ -ից բացատրութեան կարիք ունենք:»

Այս լուրը կարդացողը եւ ապա զայն տարածողը կ՚ ունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ արդէն իսկ Ռուսական ուժեր Հայաստանի մեջ պատրաստ են շարժելու։ Պրն. Պապեանի «ականատես վկան» արդեօք Ղուբաթլիի պոչաւոր գայլերն ալ նկատա՞ծ է Ռուսական «ռազմական բեռնատարներ»ուն մօտերը։

Կրկին, Պրն. Պապեան ազատ է եւ իրաւունքը ունի Ռուսական «ռազմական բեռնատարներ»ու երեւման լուրը փոխանցելու։ Նոյնիսկ, ան ազատ է մինչեւ իսկ իր ականատեսի վկայութեան հետեւելով անդրադառնալու Ղուբաթլիի պոչաւոր գայլերու երեւումին։ Ան մինչեւ իսկ ազատ է անդրադառնալու Սեւանայ Լճի մէջ Ամերիկեան Վեցերորդ Նաւատորմի յայտնութեան, եթէ իր ականատեսը նման վկայութիւն տուած է։

Այս բոլորը Պրն. Պապեանի գիտնալիքն է, որ պէտք է յարգել ու հանդուրժել։

Սակայն, կարելի չէ յարգել ու հանդուրժել Պրն. Պապեանի դիմատետրային անարգական այն ելոյթը որ կը վերաբերի Լիզպոնի հինգ նահատակ Հայ տղոց։ Այդ տղաքը նահատակուեցան մեր հողային դատին համար, մեր դատին դէմ բարձրացուած լռութեան պատի քանդումին համար։ Ամէն տարուան Յուլիս ամսուան վերջերը մենք կ՚ ոգեկոչենք անոնց նահատակութեան տարեդարձը։

Երէկ, Յուլիս 20ին, Պրն. Պապեան դիմատետրին վրայ տեղադրած է հետեւեալ գրութիւնը.- «Հիմա, որ ՀՅԴ դեմ է պատանդառութեանը եւ բռնութեանը՝ ո՞նց է ՛՛Լիզպոնի տղոց նահատակութիւնը՛՛ նշում»

Ըստ Պրն. Պապեանի, ինչո՞ւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը նշէ Լիզպոնի տղոց նահատակութիւնը, երբ ան դէմ է Էրեբունիի ոստիկանատունը գրաւող խմբակի «պատանդառութեանը եւ բռնութեանը»։

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ստեղծուած է Սուրբ Գործին համար։ Սուրբ Գործին յեղափոխական աւանդները մաս կը կազմեն Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան եւ աշխարհահայեացին։ Երբ կացութիւնները պարտադրեն, նաեւ վերադարձ կը կատարուի Սուրբ Գործի յեղափոխական աւանդներուն։

Երբ տասնամեակներ շարունակ մեծ, միջակ եւ փոքր պետութիւնները լուռ կը մնային Հայկական Ցեղասպանութեան ու մեր հայրենի հողերու մեծ մասի գրաւման անարդար փաստին դիմաց, կացութիւնը կը պարտադրեր որ վերադարձ ըլլար մեր յեղափոխական աւանդներուն, որպէսզի քանդուէր Հայ Դատի պահանջատիրութեան դէմ բարձրացուած լռութեան պատը։ Լիզպոնի մեր Հինգ նահատակ տղոց եւ միւս բոլոր տղոց առաքելութիւնն էր քանդել այդ պատը, վերացնել Արարատի շուրջ հաստատուած փշաթելերը։

Սուրբ գործի այդ առաքելութեան ճամբուն վրայ ինկան Լիզպոնի հինգ հայ տղաքը։

Հայաստանի նախկին դեսպան եւ ներկայիս մեր հողային դատի հետապնդման փորձագէտ Արա Պապեան ըստ ձեւի ու ըստ էութեան կ՚ անարգէ ու կը նախատէ Լիզպոնի մեր հինգ հերոսներուն յիշատակը։ Պրն. Պապեանի տրամաբանութեան չափանիշը խախտած է։ Ան այնքան կուրցած է, որ չի կրնար տարբերութիւն դնել սեփական պետութեան դէմ կրակողին եւ Թուրք պետութեան դէմ պայքարողին միջեւ։ Ցաւալիօրէն, եղբայրասպանի ու թրքասպանի տարբերութիւնը զատորոշելու կարողութենէ զուրկ է Պրն. Պապեան։ Բայց մենք գիտենք տարբերութիւնը հայկական ոստիկանատուն գրաւելու եւ Թրքական դեսպանատուն գրաւելու արարքներուն միջեւ։ Մենք գիտենք զանազանել հայ գնդապետի սպանութեան եւ թուրք դիւանագէտի սպանութեան միջեւ։

Աւելին, Լիզպոնի հինգ հերոսներուն նման մենք գիտենք մեր առաքելութիւնը եւ հաւատարիմ կը մնանք մեր աւանդներուն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles