
Read Time:24 Second
Կիրակի Յուլիս 5-ին, աւելի քան յիսուն հայորդիներ ժամանած էին Ալեքս եւ Դալար Սարաֆեաններու բնակարանը (Փարամըս, Նիւ Ճըրզի), ուր տեղի ունեցաւ դրամահաւաք՝ ի նպաստ շրջանի Արցախի ֆոնտին:
Առաջամուղ գիւղին համար, նուիրուած այս ձեռնարկին, խօսք առաւ, Արցախէն ժամանած «Արցախ Ֆոնտ»ի եւ «Հայրենիք»ի հրաւէրով, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջան ժամանած, Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ կարճ զեկուցումով մը ներկայացուց ներկայ իրավիճակը: Այս առթիւ, այդ օրուան հաւաքին կարելի եղաւ հաւաքել 15 հազար տոլար: