
Ի տես ներկայ անվստահելի զինադուլէն ետք առկայ մտահոգիչ իրավիճակին,
Ի տես թշնամի կրակոցներու թիրախ դարձած կիսաքանդ գիւղերուն եւ աւաններուն, վիրաւոր մարտիկներու եւ բնակիչներու եւ անոնց ցաւատանջ հարազատներուն եւ Արցախի որբացած մանուկներուն՝
Հայ Օգնութեան Միութիւնը անմիջական պարտաւորութիւնը կը զգայ դիմելու համայն հայ ժողովուրդին, կոչ ուղղելով բոլորին՝ լծուելու բարեսիրական ու մարդասիրական վսեմ աշխատանքի՝ ամոքելու համար անվերադարձ կորուստներու ցաւը՝ ի հետեւանք ազերի ոճրածին հորդաներու աւազակաբարոյ արշաւանքին՝ խաղաղ տարածքներու անմեղ բնակիչներուն վրայ, քանդելով ու հրդեհելով պապենական տուն եւ օճախ, այգի ու մարագ:
Կասկած չկայ, որ մեր սրբազան պարտականութիւնն է օգնութեան ձեռք երկարել ամէն մէկ վիրաւոր մարտիկի եւ անոնց հարազատներուն. ամէն մէկ անմեղ գեղջուկի եւ անոնց ընտանիքներուն, ամէն մէկ ընտանիքի, որ այսօր պատսպարանէ զուրկ է: Ժամն է գթասիրտ, անսակարկ բարեգործութեան. Որպէս մէ՛կ ազգ, յաւիտեա՛ն միացեալ:
Ձեր նուէրները կրնաք փոխանցել՝ այցելելով
https://fundly.com/ars-support-for-artsakh#gallery/1 կայքը:
Կամ ձեր չէքերը ուղարկել հետեւեալ հասցէին.
ARS Central Executive
Support for Artsakh
80 Bigelow Ave. Suite 300
Watertown, MA 02472
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ