Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը Կատարեց Տարեկան Ժողովը Եւ Ընտրեց Տնօրէններու Խորհուրդ
Քալիֆորնիոյ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան տնօրէններու խորհուրդի տարեկան ժողովը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 20-ին։ Վկայագրուած պատգամաւորներու մեծամասնութեան ներկայութեամբ քննարկուեցաւ հիմնարկութեան առաքելութիւնը, համայնքային գործունէութիւնը, ապագայ ծրագիրները եւ աշխատանքային թափանցիկ գործընթացը: Աւարտին, ընտրուեցաւ տնօրէններու...