«Միշտ Պատրաստ Ենք Մեր Բոլոր Հնարաւորութիւններն Ու Կարողականութիւնը Ի Սպաս Դնել Հայրենիքին Ու Հայութեան Անվտանգութեան Եւ Զարգացումին».- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ ու ռազմատենչ նկրտումներու հերթական փաստը արձանագրուեցաւ: Այս պահուն թիրախը Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան սահմանի հատուածն է: Ինչպէս նախորդ բոլոր պարագաներուն, այս անգամ ալ...