ՈՉ ԵՒՍ Է ՌՈՒԲԷՆ ՇՈՒԿԱՐԵԱՆ
ՊՈՍԹԸՆ.- Ապրիլ 20-ին մահացաւ հայկական դիւանագիտական աշխարհի հանրածանօթ դէմքերէն՝ Ռուբէն Շուկարեանը: Անցեալ շաբթուան մէջ Շուկարեան ունեցած էր ուղեղային կաթուած, որու հետեւանքով վատթարացած էր առողջական վիճակը եւ կարելի չէր եղած փրկել...