ՃՇԴՈՒՄԻ ԿԱՐՕՏ ԲԱՌԵՐ ԵՒ ՏԱՐԱԶՆԵՐ
Յ. Պալեան Ժողովուրդի զարգացման եւ գոյատեւման հիմնական ազդակ է հողը: Անոր տիրութեան իրաւունքը ոչ պատերազմները, ոչ միջազգային համաձայնութիւնները եւ տիրողներու կողմէ հնարուած օրէնքները չեն կրնար վերացնել, չեղեալ համարել, արձանագրել...