ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Հ.Յ.Դ. ՝՝ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ՝՝ ԿԵԴՐՈՆԷՆ ՆԵՐՍ
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Սեպտեմբեր 10-ին, Հ.Յ. Դաշնակցութեան ՝՝Նիկոլ Դուման՝՝ կեդրոնէն ներս կայացաւ խորհրդակցական հանդիպում, որուն մասնակցեցան Հ.Յ. Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի, Ազգային Ժողովի ՝՝Դաշնակցութիւն՝՝ խմբակցութեան անդամները, շրջաններու պատասխանատու ընկերները, Հայ Օգնութեան...