«ԹՈՒՄՕ»Ի ՅՂԱՑՔԸ
ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ Վերջերս Հայաստանի «Թումօ»ն միջազգային ճանաչման արժանացաւ, իբրեւ կրթական նորարար կեդրոն՝ նուիրուած պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան: Ստորեւ, այս գրութիւնը՝ սոյն կեդրոնին մասին.- «Թումo» (www.tumo.org) Կեդրոնը վեց յարկանի հսկայ...