ՊԱՏԵՐ

անահիտ սարգիսեան Ծանօթ.- Այս քերթուածին տէրը կ'ուզէ որ իր անունը այսպէս ամբողջովին պարզ տառերով գրուի:   անցեալին պատերը ականջ ունին` կ’ըսէին, աչքով յօնքով գրեթէ անձայն կը խօսէինք... ներկայիս ոտքով ձեռքով...

ՊԱՐԸ

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Տեն Հաակ - Հոլանտա Կեանքի պարը պարեցի, ձեռքերս էին հայկական նազանքով, հայեացքս հպարտ ուղղուած դէպի վեր, ժպիտ մը գծուած՝ զեղչուած, իսկ աչքերս արցունքով խեղդուած. ոտքերս մերթ արեւելեան, մերթ...

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՀԱՄԵՐԳ «ՔԱՐՆԸԿԻ ՀՈԼ»Ի ՄԷՋ

ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔ Շաբաթ, Դեկտեմբերի 5-ին, Նիւ Եորքի հանրաշանօթ «Քարնըկի Հոլ» սրահում, տեղի ունեցաւ բարեգործական համերգ, որի հովանաւորն էր Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: Այն ընդգրկուած էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան...

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 125-ԱՄԵԱԿ՝ ՓՐՈՎԻՏԵՆՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5-ին, Փրովիտենսի (Րոտ Այլընտ) Հայ Կեդրոնի «Արամեան» կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 125-ամեակի նշումը: Տեղւոյն «Քրիստափոր» Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Տոնոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկայ բազմութեան: Ապա, օրուան հանդիսավարը՝...

ԱՅՈ’ …ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

ՀԱՅՐԵՆԻՔ Խմբագրական Դեկտեմբեր 8, 2015 Անակնկալ մը չէր այս արդիւնքը, սակայն անսպասելի էր մասնակցողներուն սակաւ թիւը: Այո՛ կը խօսուէր որոշ անտարբերութեան մը մասին, սակայն երբ քուէարկողներու հազիւ 50.51 առ հարիւրը...

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Հանդիպումները Երեւանի Մէջ

  Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը իր Ա. լիագումարի օրերուն, 7 դեկտեմբեր 2015-ին Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան հարցերու նախարարներուն հետ: Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան...

Եւրոպայի Խորհուրդի Դիտորդներն Ու Միջազգային Մամուլին Գնահատականը՝ Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հանրաքուէին Մասին

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը, յատուկ ենթայանձնախումբով մը, դիտորդական առաքելութիւն կատարեց, անցեալ Կիրակի, Դեկտեմբեր 6-ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին: Պատուիրակութիւնը Հայաստան գտնուած է Դեկտեմբեր 4-7ին, եւ հանդիպումներ...

«Հայաստանի Համար Նոր Սկիզբ Պիտի Դնենք» Կը Յայտնէ Հրանդ Մարգարեան

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան քուարկութեան մասնակցեցաւ եւ ապա լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Մարգարեան ըսաւ, որ ան քուէարկած է «Այո՛» յանուն մեր ապագային: Մարգարեանի կարծիքով` հանրաքուէէն ետք երկրին մէջ...

«Խորհրդարանական Համակարգը Արդէն Իրականութիւն Է» Յայտարարեց Նախագահ Սարգսեան

Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ քուէարկելու ժամանակ, լրագրողներուն բոլոր հարցումներուն պատասխանեց.- «Հարցումներուն պիտի պատասխանեմ հանրաքուէէն ետք», Դեկտեմբեր 7-ին ն նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալուած բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներուն...
Social profiles