ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՆ ԱԼ (Չ)ԸՆՏՐԵՑ…

ՀԱՅՐԵՆԻՔ Խմբագրական Նոյեմբեր 3, 2015 Անցեալ շաբաթավերջի Նոյեմբերեան առաջին օրուայ կիզակէտը Թուրքիան էր, որ խորհրդարանական ընտրութիւններով իր վրայ կեդրոնացուցած էր միջազգային աշխարհը: Անցեալ Յունիսի ընտրութիւններէն մինչեւ Նոյեմբեր 1, 2015 Էրտողան...

Սահմանադրական Փոփոխութիւններ.- Հ.Յ.Դ.-ի Քարոզարշաւը Պիտի Կատարեն Հինգ Քարոզչական Խումբեր

ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 2-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնին մէջ, լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց, թէ որոշուած է սահմանադրական փոփոխութիւններու...

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Շնորհաւորէ

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան արձանագրած ընտրական արդիւնքը: Յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Հակառակ կուսակցութեան անդամներուն եւ համակիրներուն նկատմամբ ահաբեկումներուն, ճնշումներուն, ձերբակալութիւններուն եւ նոյնիսկ մահ պատճառած...

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Նոյեմբեր 2-ին, գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի,Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց վեհափառ հայրապետին: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Հայաստանի եւ Արցախի ներքին կեանքին առնչուած հարցեր, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրացնելու ձգտող կարելիութիւններ, ինչպէս...

ԳՐԱՒՈՒԱ՛Ծ Է…

Գրեց՝ ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԷՆԿԻԶ * Թարմանեց՝ Յարութիւն Մըսրլեան Նիւ Ճըրզի 2 Նոյեմբեր 2015 Թերեւս աւելի իմաստուն ռազմավարութիւն մը որդեգրած կ՛ըլլանք եթէ գրենք տարբեր-տարբեր նիւթերու մասին: Գրենք ՝ անտեսելով մեր շուրջը պատահող...

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններ.- ԷՐՏՈՂԱՆ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑԱՒ ՔՈՒԷՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ

  ՊՈԼԻՍ.- Նոյեմբեր 1ին, Թուրքիոյ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները, որոնք աւարտեցան իշխող «Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան յաղթանակով: Յունիս 7ի ընտրութիւններէն ի վեր կարելի չէր եղած կառավարութիւն կազմել: Ոչ մէկ կուսակցութիւն յաջողած...
Social profiles