ՍԿԶԲՈՒՆ­ՔԱ­ՅԻՆ ԲԱ­ՆԱԿ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ` ԲՈ­ԼՈՐՍ ԿԸ ՇԱ­ՀԻՆՔ, ԿՈ­ՐՈՒՍՏ­ՆԵ­ՐԸ ԿԸ ԲԱԺՆ­ՈՒԻՆՔ

0 0
Read Time:19 Minute, 57 Second

  ՍԻՒ­ԶԱՆ ԽԱՐ­ՏԱԼ­ԵԱՆ

 Շու­տով նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ են Հա­յաս­տա­նի մէջ: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 4-րդ նա­խա­գա­հի ընտ­րար­շա­ւը ըն­թաց­քի մէջ է, եւ այս ան­գամ, բո­լո­րի վկա­յու­թիւն­նե­րով այս ան­գամ մեզ կը սպա­սէ ամէ­նէն տա­րօ­րի­նակ ընտ­րու­թիւնը: Ար­դէն կան բազ­մա­թիւ որա­կա­ւո­րու­մեր. զա­ւեշ­տա­լի, ան­լուրջ, ոչ մի տեղ տա­նող, ինք­նա­խա­բէ­ու­թիւն, ան­դունդ, կամ նոյ­նիսկ` պիպլ­ի­ա­կան Մով­սէս մար­գա­րէի Կար­միր ծո­վը բաժ­նե­լուն հա­մար­ժէք իրա­դար­ձու­թիւն:

Ի հար­կէ աշ­խար­հի ամէն կողմ ընտ­րու­թիւն­ներ կ՛ու­նե­նան ի-րենց զա­ւեշ­տա­լի, եր­բեմն` տագ­նա­պա­յա­րոյց զա­ւեշ­տա­լի իրա­դար­ձու­թիւն­ներ: Այս կամ այն թեկ­նած­ուի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու, վար­ուե­լա­կեր­պի, յա­րա­բե­րու­թեան ոճի, գի­տու­թեան պա­կա­սի, ան­տեղ­եա­կու­թեան մա­սին ամէ­նէն զա­ւեշ­տա­լի երե­ւոյթ­նե­րը եր­գի­ծան­քի առար­կայ դարձ­նող ռատ­իո­յի կամ հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան գի­շե­րա­յին ծրա­գիր­նե­րը բազ­մա­թիւ են Ա.Մ.Ն.էն սկսած մին­չեւ Եւ­րո­պա, տագ­նա­պա­հար Եգիպ­տոս եւ, ին­չու չէ, Հա­յաս­տան:

Ո՞վ չի յի­շեր Սա­րա Փէյ­լի­նի, Նա­խա­գահ Պու­շի, Ֆրան­սա­յի նախ­կին նա­խա­գահ Սար­քոզիի կամ Իտալ­իոյ Պեր­լուս­քոնիի “յի­մա­րու­թիւն­նե­րը“ խիստ զա­ւեշ­տա­լի բայց նա­եւ խիստ մտա­հո­գիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, որոնք ցոյց կու տան նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րու մարդ­կա­յին բնոյ­թը, կը վկա­յեն, որ անս­խա­լա­կան մարդ չկայ, բան մը, որուն կար­ծեմ բո­լորս հա­մա­միտ ենք:
Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հայ­կա­կան իրա­կա­նու­թեան մէջ հա­մար­եայ ամէն օր եւ յատ­կա­պէս ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­շե­մին ու ընտ­րար­շա­ւի ըն­թաց­քին հայ­կա­կան կեան­քով մտա­հոգ կամ շա­հագրգռ­ուած իւ­րա­քան­չիւր հայ նուա­զա­գոյ­նը մէկ առի­թով իր միտ­քե­րը ար­տա­յայ­տե­լու կա­ցու­թիւնը դի­մագ­րա­ւած է: Կան մար­դիկ, որոնք նոյ­նիսկ ֆէյս­պուք­եան իրենց էջե­րուն վրայ ակ­նար­կու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած են, մէ­կը քննա­դա­տած է օր­ուան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ու­րիշ­ներ` պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կան­չած են սփիւռ­քը, կամ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած են կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կրա­ւո­րա­կա­նու­թեամբ: Այս ար­ձա­նագ­րու­թեանց մէջ կան յատ­կա­պէս յու­սա­խա­բու­թեան, յո­ռե­տե­սու­թեան երանգ­ներ, եւ, ին­չու չէ, կան նա­եւ ամ­պե­րուն մէջ տե­սո­ղու­թիւնը կորսն­ցու­ցած, գու­շա­կու­թիւն­նե­րով զբաղ­ուած մար­դիկ` “բո­լորս դէ­պի ան­դունդ կ՛եր­թանք…
Ան­մի­ջա­պէս ըսեմ, որ ես այս­պի­սի ար­տայ­այտու­թիւն­ներ քննա­դա­տե­լու մտադ­րու­թիւն չու­նիմ: Կը հա­ւա­տամ, որ իւ­րա­քան­չիւր հայ իրա­ւունք ու­նի ե՛ւ քննա­դա­տե­լու ե՛ւ փա­ռա­բա­նե­լու, ե՛ւ հա­կա­դիր տե­սա­կէտ ու­նե­նա­լու: Եւ այս իրա­ւուն­քը կը պատ­կա­նի թէ՛ Մով­սէս գիւ­ղի բնա­կիչ հայ մար­դուն եւ թէ՛ Սթոք­հոլ­մի Էրիք­սոն փո­ղո­ցի բնա­կիչ սփիւռ­քա­հա­յուն: Ժա­մա­նակ­նե­րը փոխ­ուած են եւ եթէ կան մար­դիկ, որոնք դեռ եւս կը մտա­ծեն որ հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի մա­սին տե­սա­կէտ ու­նե­նա­լը մե­նաշ­նորհ է, չա­րա­չար կը սխա­լին: Տե­ղե­կատ­ուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան յե­ղա­փո­խու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րուն, ազ­գին շա­հագրգ­ռող հար­ցեր կա­րե­լի չէ այ­լեւս միայն փակ սեն­եակ­նե­րու, սահ­մա­նա­փակ շրջա­նակ­նե­րու մէջ քննար­կել: Հնա­րա­ւոր չէ, որով­հե­տեւ այ­սօր իւ­րա­քան­չիւր մարդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի ըսենք բա­րե­գոր­ծու­թեան իր թի­րախն ու մի­ջո­ցը ընտ­րե­լու, քա­ղա­քա­կան իւ­րա­քան­չիւր դէմ­քի եւ ըսածն ու ըրա­ծը, եւ չը­սածն ու չը­րա­ծը մէկ ակն­թար­թի մէջ ստու­գե­լու, հա­մե­մա­տե­լու, եզ­րա­կա­ցու­թիւն հա­նե­լու ու կողմ­նո­րոշ­ուե­լու: Այ­սօր հան­րա­յին քննար­կում­նե­րու բե­մե­րը բազ­մա­թիւ են, եւ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ազ­գա­յին մեր կա­ռոյց­նե­րուն կը մնայ աշ­խա­տան­քի ձե­ւե­րը հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նել նոր իրա­կա­նու­թիւն­նե­րուն:

Սա­կայն այ­սօր այս մա­սին չէ որ կ՛ու­զեմ խօ­սիլ: Հե­տաքրք­րա­կանն այն է, որ Հա­յաս­տա­նի ապա­գա­յով մտա­հոգ­նե­րու խումբ մը կա՛յ, պարզ մար­դիկ են անոնք, պարզ հա­յեր:

Նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րով շա­հագրգռ­ուած ենք բո­լորս, մա­նա­ւա՛նդ` ար­դիւն­քով:

Այն ինչ, որ ինձ կը հե­տաքրք­րէ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բեր­եալ հե­տեւ­եալն է. եթէ անց­եա­լին Պէյ­րու­թի հայ­կա­կան թա­ղա­յին ակում­բին մէջ հա­սակ նե­տե­լով կը փայ­փա­յէի Ազատ, Ան­կախ եւ Մի­աց­եալ Հա­յաս­տա­նի երա­զը, ոչ ոք չէր մտա­ծեր, որ ար­դար կար­գե­րու խնդի­րը նա­եւ հա­մա­չափ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի: Հասկ­նա­լի է, այդ օրե­րուն մենք կը քննա­դա­տէ­ինք խորհր­դա­յին հա­մա­կար­գը եւ, ի հար­կէ, մեր մտքե­րուն մէջ բիւ­րե­ղի նման յստակ էր, որ այդ բռնա­տի­րա­կան հա­մա­կար­գի վե­րա­ցու­մով ինք­նա­բե­րա­բար պի­տի ու­նե­նա­յինք իտ­է­ա­լա­կան մէկ հա­սա­րա­կու­թիւն, օրի­նա­կե­լի հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րով, ար­դա­րա­միտ դա­տա­ւոր­նե­րով, աշ­խար­հի բո­լոր հա­յե­րու շա­հե­րու ու իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան նա­խա­գա­հով, նա­կա­գահ որ ան­մի­ջա­պէս պի­տի լծուէր Մի­աց­եալ Հա­յաս­տա­նի հե­տապնդ­ման գոր­ծին: Բո­լոր երազ­նե­րը վերջ ի վեր­ջոյ երազ են, եւ ինք­նա­բե­րա­բար ռո­ման­թիկ եւ թե­րի: Յատ­կա­պէս փխրուն է այդ երա­զը, երբ կը բա­խի իրա­կա­նու­թեան: Ասոր մէջ սխալ բան չկայ: Առանց երա­զի, կը սի­րեմ օգ­տա­գոր­ծել տե­սիլք բա­ռը, չկայ նա­եւ առա­ջըն­թաց:

Բո­լորս ալ ու­նինք Հա­յաս­տա­նի մեր երա­զը: Ար­դար, ան­կախ ու բա­րե­կե­ցիկ Հա­յաս­տա­նի երա­զը, Հա­յաս­տա­նը` մեր բո­լո­րի տու­նը: Սա­կայն որո՞ւ կ՛ու­զենք վստա­հիլ այդ տան կա­ռա­վար­ման շատ կա­րե­ւոր գոր­ծը, մա­նա­ւանդ որ ու­նինք, մեղմ ըսած, վատ տրա­մադր­ուած դրա­ցի­ներ: Մեր յու­սա­խա­բու­թեան եւ բար­կու­թեան մէջ կը մոռ­նանք այս խիստ կա­րե­ւոր հար­ցը:

Քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին յա­ճախ կը լսուին փտա­ծու­թեան մա­սին մտա­հո­գու­թիւն­ներ եւ յատ­կա­պէս մեզ կը բար­կաց­նէ այդ փտա­ծու­թեան դէմ պայ­քա­րի ան­հե­ռան­կա­րայ­նու­թիւնը, այս վի­ճա­կէն դուրս գա­լու ձե­ւե­րու ապար­դիւն ըլ­լա­լը: Լու­ծում­նե­րու շար­քին ամե­նաու­շագ­րա­ւը քա­ղա­քա­կան փտած պե­տա­կան այ­րե­րը կրթուած, ապա­քա­ղա­քա­կա­նա­ցած թեք­նոք­րատ­նե­րով փո­խա­րի­նե­լու առա­ջարկ­ներն են, նա­եւ` փրկու­թիւնը կրթուած նոր սե­րուն­դին վստա­հիլն է, ան­կու­սակ­ցա­կան, ապա­քա­ղա­քա­կան երի­տա­սար­դու­թեան: Իբ­րեւ լու­ծում կ՛ա­ռա­ջարկ­ուի նա­եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ապա­քա­ղա­քա­կանաց­ման – ապա­կու­սակ­ցա­կա­նաց­նե­լու մա­սին չէ խօսքս-անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը, որ­պէս­զի քա­ղա­քա­կան այ­րե­րը հա­մա­կար­գին մէջ մտնեն ու առա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րեն ոչ թէ հարս­տու­թեան, եկա­մու­տի, կա­պե­րու, եւ յա­տուկ շա­հե­րու հի­ման վրայ այլ միայն ու միայն իրենց ար­ժա­նիք­նե­րու, վաս­տա­կի, ճար­տա­րու­թեան բա­րե­նիշ­նե­րու վրայ:

Ի հար­կէ այս խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը միայն Հա­յաս­տա­նի իր­ա­­կա­նու­թեան իւ­րա­յա­տուկ չեն: Նմա­նօ­րի­նակ քննար­կում­ներ այժ­մէ­ա­կան են, եւ նմա­նօ­րի­նակ վի­ճար­կում­ներ կը լսուին ե՛ւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու, ե՛ւ արա­բա­կան եր­կիր­նե­րու, ե՛ւ Ա.Մ.Ն. կամ նոյ­նիսկ մեր դրա­ցի եր­կիր­նե­րէն ներս: Իտալ­իոյ պա­րա­գան ցու­ցիչ է, ուր Մարիօ Մոնթիի (թեք­նոք­րատ տի­պար մը) իշ­խա­նու­թեան գա­լը կար­ծես աւե­լի հրա­պու­րիչ դար­ձուց այս հար­ցը, իսկ Մոնթիի վե­րընտ­րու­թիւնը քննար­կում­նե­րուն տուաւ աւե­լի ան­մի­ջա­կան, հրա­տապ ու գործ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն:

Հար­ցում. կա­րե­լի՞ է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը փո­խա­րի­նել ար­ժա­նիք­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նով: Սա­կայն ինչ­քան ալ հա­մա­միտ ըլ­լամ, որ քա­ղա­քա­կան այ­րե­րը պէտք է հաս­տա­տօ­րէն գնա­հատ­ուին իրենց գի­տե­լիք­նե­րու, ար­ժա­նիք­նե­րու եւ վաս­տա­կին հի­ման վրայ, այս փաս­տար­կու­մը ինչ որ տեղ շփո­թե­ցու­ցիչ է:

Ին­ծի կը թուի, որ երեք կա­րե­ւոր տար­րեր իրա­րու հետ կը խառ­նենք. կա­ռա­վա­րում, բաշ­խում, եւ օրի­նա­կա­նու­թիւն: Իս­կա­կան աշ­խար­հի մէջ ի հար­կէ, կա­րե­լի չէ բաժ­նել այս երե­քը. անոնք իրա­րու հետ ու­նին ան­քակ­տե­լի կա­պակ­ցու­թիւն: Այս­տեղ նա­եւ գործ ու­նինք թէ­ա­կա­նօ­րէն վեր­լու­ծա­կան երեք բա­ցո­րոշ տար­րե­րու հետ:

Եկէք նա­յինք իւ­րա­քան­չիւ­րին նախ­քան որ տրուինք “ար­ժա­նիք­ներ ընդ­դէմ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն“ քննար­կու­մին:

Կա­ռա­վար­ման տար­րը կ՛ա­ռընչ­ուի “ով պի­տի իշ­խէ հար­ցին“. Ի հար­կէ հար­ցի պա­տաս­խա­նը մին է. ամե­նա­լա­ւը: Սա­կայն պա­տաս­խա­նը այն­քան ալ բա­ցա­յայտ չէ: Ի՞նչ կը նշա­նա­կէ ամե­նա­լա­ւը: Մե­րի­թոք­րասիի փաս­տար­կը այն է, որ կա­ռա­վա­րու­մը պէտք է վստա­հիլ այն ան­ձե­րուն, որոնք լա­ւա­գոյնս ար­ժա­նի են այդ գոր­ծին: Երբ փաս­տար­կը այս­պէս կը ձե­ւա­կերպ­ուի, ի հար­կէ ոչ ոք առար­կու­թիւն չու­նե­նար: Ին­ծի հա­մար ալ ըն­դու­նե­լի է այդ ձե­ւա­կեր­պու­մը: Բայց եթէ ըն­դու­նինք, որ կան կա­ռա­վար­ման տար­բեր ձե­ւեր, եւ որ այդ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը ինք­նին կ՛են­թադ­րեն շա­հեր ու կո­րուստ­ներ` հա­սա­րա­կու­թան այ­լա­զան խմբա­ւո­րում­նե­րու հա­մար, ար­դէն ար­ժա­նիք­նե­րու հա­մա­կար­գը կը դառ­նայ խնդրա­յա­րոյց: Կրնանք ձե­ւաց­նել, որ լա­ւա­գոյն քա­ղա­քա­կան այ­րե­րը գի­տեն, թէ ինչն է լաւ երկ­րի հա­մար, բայց մի­ա­ժա­մա­նակ նոյն այդ այ­րե­րը պի­տի իմա­նան որ իրենց բե­րած “լա­ւա­գոյ­նէն“ պի­տի ըլ­լան ե՛ւ շա­հող­ներ ե՛ւ կորսն­ցնող­ներ. Յի­շենք որ հա­ւ­ա­քա­կան բա­րե­կե­ցու­թիւնը եւ ան­հա­տա­կան բա­րե­կե­ցու­թիւնը նոյն բա­նե­րը չեն:

Այս­տեղ կ՛ա­ռա­ջա­նայ բաշ­խու­մի կա­րե­ւո­րու­թիւնը. թէ ինչ­պէս պի­տի բաշ­խել որո­շա­կի կա­ռա­վար­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռած շա­հերն ու վնաս­նե­րը: Ո՞վ պի­տի շա­հի, ո՞վ պի­տի կորսնց­նէ: Ո՞վ ինչ­քան պի­տի շա­հի, իսկ կո­րուս­տը որո՞ւ վրայ պի­տի բարդ­ուի:

Այս­տեղ ան­շուշտ կայ բա­նակ­ցու­թեան հարց. կա­րե­ւոր է հասկ­նալ, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ինչ դիր­քե­րէ պի­տի բա­նակ­ցին: Կայ եր­կու հնա­րա­ւո­րու­թիւն. դիր­քա­յին բա­նակ­ցու­թիւն, կամ` սկզբուն­քա­յին բա­նակ­ցու­թիւն: Դիր­քա­յին բա­նակ­ցու­թիւնը մի­ան­շա­նակ է. կը նշա­նա­կէ իմ շա­հը քու կո­րուստն է. Ես կը շա­հիմ, դուն կը կորսնց­նես: Սկզբուն­քա­յին բա­նակ­ցու­թիւնը կ՛են­թադ­րէ այլ բան, եւ մեկ­նարկ ու­նի առար­կա­յա­կան տուե­լա­ներ, ինչ­պի­սին են ար­դա­րու­թիւն, որ­պէս­զի ու­նե­նանք բո­լո­րի շա­հե­րու առա­ւե­լա­գոյն ապա­հո­վում: Այ­սինքն ամէն մարդ կը շա­հի:

Հեշտ չէ մար­դոց սոր­վեց­նել, թէ ինչ­պէս կա­րե­լի է հար­ցե­րուն մօ­տե­նալ սկզբուն­քա­յին դիր­քե­րէ, ինչ­պէս ար­դա­րու­թիւնը ու­նե­նալ որ­պէս բա­նակ­ցու­թեան հիմք:

Ահա այս­տեղ կու գայ առաջ­նոր­դու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը: Առաջ­նոր­դը, ղե­կա­վա­րը պի­տի կա­րե­նայ հայ մար­դուն ցոյց տալ ու հա­մո­զել, որ բո­լորս կը շա­հինք բաշ­խու­մի ճիշդ կի­րար­կու­մի, սզկբուն­քա­յին բա­նակ­ցու­թեան մի­ջո­ցաւ: Նոյն­քան կա­րե­ւոր է կո­րուս­տի մա­սը: Անոնք նա­եւ պար­տա­ւոր են ցոյց տալ, որ ոչ ոքի պի­տի վի­ճակ­ուի առան­ձին կրել անըն­դու­նե­լի չա­փով կո­րուստ­ներ:

Հար­ցը կը բար­դա­նայ, ինչ­պէս տե­սաք: Մեր քա­ղա­քա­կան այ­րե­րը պի­տի հա­մո­զեն մեզ, որ անոնք լա­ւա­գոյնն են այդ գոր­ծը գլուխ բե­րե­լու հա­մար, որ ու­նին հե­ռան­կար, տե­սիլք թէ ինչ­պէս պի­տի լու­ծեն բաշ­խու­մի խնդի­րը, այն­պէս` որ բո­լորս շա­հող դուրս գանք ու ոչ ոքի վի­ճակ­ուի ան­տա­նե­լի կո­րուստ կրե­լու պար­տադ­րան­քը:

Եթէ մեզ հա­մո­զեն, ապա նա­եւ կ՛ու­նե­նան օրի­նա­կա­նա­ցում: Մեր հա­մոզ­ուա­ծու­թեան աս­տի­ճա­նը կը դառ­նայ հա­մա­կար­գի օրի­նա­կան­ցու­մի չա­փա­նիշ:

Եթէ կայ հա­ւատք, որ մեր ղե­կա­վար­նե­րը ճիշտ մար­դիկն են, ու­նին ճիշդ տե­սիլք, եթէ հա­ւա­տանք որ իրեց ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­քեւ մեզ չէ վե­րա­պահ­ուած ան­հան­դուր­ժե­լի չա­փե­րու կո­րուստ, եթէ հա­մոզ­ուինք, որ թե­րեւս նոյ­նիսկ ինչ որ բան շա­հինք, ապա այն ատեն կ՛ա­ջակ­ցինք առաջ­նոր­դին‘ նա­խա­գա­հին ու անոր կա­ռա­վա­րու­թեան: Եթէ չենք հա­ւա­տար մար­դոց, չենք հա­ւա­տար վա­րուող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, եւ կամ մե­զի վի­ճա­կուող կո­րուստ­նե­րու ար­դա­րա­ցիու­թեան, ու­րեմն չենք աջակ­ցիր այդ կա­ռա­վա­րու­թեան:

Այս կա­պը քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րու եւ հա­սա­րա­կու­թեան մի­ջեւ կը գոր­ծէ ամէն տեղ, ի զօ­րու է ամէն տե­սա­կի հա­մա­կարգ­նե­րու հա­մար: Օրի­նա­կի հա­մար Հա­մայ­նա­վա­րու­թիւնը ձա­խո­ղե­ցաւ եւ փլաւ երբ իր օրի­նա­կա­նու­թիւնը կորսն­ցուց: Բայց այս կա­պի աւե­լի վառ օրի­նակ­նե­րը կը տես­նենք այն­տեղ, ուր մար­դիկ աք­տիւ կ՛ո­րո­շեն, թէ որոնք պի­տի կա­ռա­վա­րեն հա­մա­կար­գը, բան մը որ կը կոչ­ուի ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն: Ան­շուշտ կա­րե­լի է ան­մի­ջա­պէս առար­կել, որ միշտ չէ, որ անոնք որոնք մեծ թիւով ձայ­ներ կ՛ա­պա­հո­վեն, ընտ­րու­թիւն­նե­րու ճամ­բով, ան­պայ­մա­նօ­րէն լա­ւա­գոյնն են եր­կի­րը կա­ռա­վա­րե­լու հա­մար: Ու­րեմն կա­րող ենք ու­նե­նալ հա­սա­րա­կու­թեան աչ­քին օրի­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն, բայց ան­կար ու ան­ձեռն­հաս խումբ մը, որու ապի­կա­րու­թիւնը վեր­ջին հա­շուով կ՛ա­ւար­տի կա­ռա­վա­րա­կան հա­մա­կար­գով որ եւ անօ­րի­նա­կան է եւ ան­կա­րող:

Բայց այս պար­զեց­ուած ախ­տա­ճա­նաչ­ման ետին կայ այն միտ­քը, որ կա­ռա­վա­րու­թեան բո­լոր որո­շում­նե­րը ըստ էու­թեան նոյնն են: Իրա­կա­նու­թիւնը այդ­պէս չէ: Կարգ մը որո­շում­ներ ուղ­ղա­կի բաշ­խու­մի հետ կապ­ուած են, օրի­նակ տուր­քե­րու եւ ծախ­սե­րու: Մինչ­դեռ շատ որո­շում­ներ կապ ու­նին թէ ինչ­պէս մաս կը կազ­մես կա­ռա­վա­րու­թեան, եւ յե­տոյ ան­գամ մը որ մտար կա­ռա­վա­րու­թիւն ինչ­պէ՞ս կը կա­յաց­նես որո­շում­ներդ:

Ու­րեմն այս­պէս. ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յաղ­թա­նա­կած մար­դը կրնայ, ատակ է դի­մագ­րա­ւել տնտե­սա­կան ու սոց­ի­ա­լա­կան որոշ մար­տահ­րա­ւէր­ներ ու մի­ա­ժա­մա­նակ վար­պե­տօ­րէն շա­հա­գոր­ծել քա­ղա­քա­կան մե­քե­նան: Այս մար­դիկ հան­րու­թեան աչ­քին կ՛ու­նե­նան օրի­նա­կա­նու­թիւն կը հա­մար­ուին ար­դիւ­նա­բեր, եւ հե­տե­ւա­բար ու­նին վե­րընտր­ուե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն:
Դժբախ­տա­բար, կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ գոր­ծող մար­դիկ եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը փոխ­ուին:

Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը,որ դրա­կան կը հա­մար­ուէր անց­եա­լին, կրնայ վատ ըն­կալ­ուիլ այ­սօր: Միւս կող­մէ քա­ղա­քա­կան մար­դը խա­ղի օրէնք­նե­րը փո­խե­լով կը գտնէ մի­ջո­ցը յա­ւերժ մնա­լու իշ­խա­նու­թեան գլուխ, հա­կա­ռակ անոր որ այդ մար­դու քա­ղա­քա­կան տե­սիլ­քը այ­լեւս ընտ­րող­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­մէ չի ըն­դուն­ուիր: Այդ քա­ղա­քա­կան այ­րե­րը կը մնան իշ­խա­նու­թեան գլուխ, հա­կա­ռակ անոր, որ ար­դէն բա­ցա­յատ անըն­դու­նակ են լու­ծե­լու իրենց առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: Աւե­լին. անոնք այն­պէս ամուր կառ­չած են որո­շում կա­յաց­նող վար­չա­մե­քե­նա­յին, որ ինչ­քան նուա­զի իրենց կա­րո­ղու­թիւնը այն­քան աւե­լի կը մեծ­նայ որո­շում­նե­րու վրայ ներ­գոր­ծե­լու անոնց կա­րո­ղու­թիւնն ու հնա­րա­ւո­րու­թիւնը:

Այս կա­ցու­թիւնը մեզ կը դնէ ան­յար­մար կա­ցու­թեան առ­ջեւ: Եթէ ու­զենք փո­խել այդ մար­դի­կը, պար­տա­ւոր ենք փո­խել ամ­բողջ քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գը: Ի հար­կէ դի­մադ­րու­թիւնը պի­տի ըլ­լայ շատ ու­ժեղ: Կա­ցու­թե­նէն շա­հող­նե­րու վեր­նա­խա­ւը դիւ­րին դիւ­րին չի զի­ջիր իր դիր­քե­րը: Մի­ա­ժա­մա­նակ ամէ­նէն դժուա­ըը պի­տի ըլ­լայ դի­մա­կա­յել այս հա­մա­կար­գի շա­հա­գոր­ծում­նե­րէն վնաս­ուած ու կա­ռա­վա­րու­թե­նէն ամ­բող­ջու­թեամբ յու­սա­խա­բու­թիւն ապ­րած հա­սա­րակ մար­դը, որ այ­լեւս չի հա­ւա­տար, որ կա­րե­լի է ու­նե­նալ հա­մա­կարգ, որ­մէ կրնան շա­հիլ բո­լո­րը, ուր չկան անըն­դու­նե­լի կո­րուստ­ներ: Մէկ խօս­քով‘ հա­ւատ­քը իր ու­ժի նկատ­մամբ:

Աւար­տե­լու հա­մար, կը կար­ծեմ որ մեր խնդի­րը ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը ապա­քա­ղա­քա­կա­նաց­նե­լու մա­սին չէ: Խնդի­րը ու­րիշ է. ինչ­պէս կա­րե­լի է խա­ղա­դաշ­տը փո­խել, ճշգրտել, այն­պէս որ քա­ղա­քա­կան նոր վեր­նա­խա­ւեր, նոր գա­ղա­փար­նե­րով, ու­նե­նան ար­դար հնա­րա­ւո­րու­թիւն իշ­խա­նու­թիւն ստանձ­նե­լու եւ ար­դար բաշ­խում իրա­գոր­ծե­լու:

Այն միտ­քը, որ մենք կրնանք շրջան­ցել իրա­ւա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու բա­րե­փո­խու­մը եւ լու­ծու­մը տես­նել քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն դուրս, մեղմ ըսած վտան­գա­ւոր է: Կը բա­ւէ քա­ղա­քա­կան փոք­րիկ ցնցում մը ու մեր “ամե­նա­կա­րող ու սի­րե­լի“‘ աշ­խարհ տե­սած թեք­նոկ­րատ­նե­րը ան­հետ կը կոր­չին:

Հայ մար­դը, հայ քա­ղա­քա­ցին ինքն է, որ պի­տի որո­շէ, թէ ո՞վ է ամե­նա­լա­ւը եր­կի­րը կա­ռա­վա­րե­լու հա­մար: Հայ մար­դը պի­տի իմա­նայ դժուար որո­շում­նե­րու կա­յաց­ման ձե­ւին ու գոր­ծըն­թա­ցի մա­սին, յատ­կա­պէս այն, որ ինչ­պէս պի­տի բաշխ­ուին կո­րուստ­նե­րը: Կո­րուստ­նե­րուն մաս­նա­կից պի­տի ըլ­լան բո­լո­րը, հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րը, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր չա­փին հա­մա­պա­տաս­խան, սա­կայն ի վեր­ջոյ պի­տի շա­հին բո­լո­րը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles