
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Տիթրոյթի Հ.Յ.Դաշնակցութեան “Ազատամարտ“ Կոմիտէութիւնը, Կիրակի Յուլիս 29-ին, Տիրպորն շրջանին մէջ գտնուող դաշտին շուրջ կազմակերպեց Խանասորի Արշաւանքին 115րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւն-դաշտագնացութիւնը: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, հայորդիներ իրենց ընտանենական պարագաներով, ազգականներով ու բարեկամներով սկսած էին ժամանել դաշտավայրը: Ակներեւ էր փոքրիկներուն պատանիներուն եւ երիտասարդներուն ներկայութիւնը: Դաշտավայրը կը թնդար յեղափոխական եւ ազգային տոհմիկ պար եղանակներու հնչողութիւնը հպարտութեան զգացումով կը լիցքաւորէր ներկաներուն սրտերը:
Յաւարտ Սուրբ պատարագին, “Ազատամարտ“ կոմիտէութեան հրաւէրին ընդառաչելով, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպկ. Դանիէլեանի ընկերակցութեամբ, Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհնյ.Գէորգեան ժամանեցին դաշտավայր, ոգեւորելով ներկայ հասարակութիւնը:
Ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ Հայկ Օշական, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, “Ազատամարտ“ կոմիտէութեան եւ յարակից միութիւններու անդամներ եւ մօտաւորապէս 250 հասնող հասարակութիւն մը:
Ճաշի օրհնութենէ առաջ, Գերշ. Սրբազան Հայրը փոխանցեց պատգամ մը: Ան ըսաւ.- “19-րդ դարուն հայ զարթօնքը իր հետ բերաւ նաեւ ազատութեան զարթօնքը, դարերու ստրկութենէ ետք, Խանասորի արշաւանքը իր յաղթանակով յատուկ տեղ մը կը գրաւէ հայ ժողովուրդի մղած ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ, իր խիզախութեամբ, բարոյական իմաստով եւ իր պատգամով նոր էջ մը բացաւ յառաջկային մղուող ազատագրական պայքարին: Դար մը եւ աւելի հայ ժողովուրդը Յուլիս ամսու աւարտին դաշտագնացութեամբ կը տօնակատարէ եւ կ՛ոգեկոչէ Խանասորի արշաւանքին իրենց կեանքը զոհաբերած հայդուկներու անմեռ յիշատակը“:
Այնուհետեւ “Ազատամարտ. կոմիտէութեան օրուայ պատգամը անգլերէն լեզուով փոխանցեց դաշտագնացութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ` Սարգիս Առաքելեան, իսկ հայերէն լեզուով Շանթ Ժամկոչեան:
Ան ըսաւ թէ հայ ազգը վեց դարերու ընթացքին, ապրեցաւ Օսմանեան կայսրութեան ստեղծած ստրկութեան դժուարին պայմաններուն տակ:
Թրքական կառավարութիւնը քիւրտ ցեղերը կը զինէր ու կը քաջալերէր, որոնք յաճախակի յարձակումներով կը չարչարէին հայ գիւղացիները` յափշտակելով իրենց անասուններն ու առեւանգելով հայ կիները:
Ժամկոչեան աւելցուց թէ կանխամտածուած, ուսումնասիրուած ու ծրագրուած զինուորական, այս յատկանշական յաղթանակը ոգեւորում եւ մղիչ ուժ հանդիսացաւ Վասպուրականի եւ շրջակայ գաւառներու մէջ ապրող հայորդիներու հոգիին եւ մտածողութեան մէջ:
“Խանասորի յաղթանակը եղաւ ազգային քաղաքական ինքնագիտակցութեան, հաւատքի, վրէժի ու արդարութեան մղիչ ուժ, կորով, եռանդ եւ ներշնչումի աղբիւր մեր նորօրեայ Արցախեան ազատագրական պայքարի յաղթանակին, որոնք այսօր, պահանջատիրական երթով պատրաստ են Հայ Դատի պայքարին համար զոհելու իրենց թանկագին կեանքը“, եզրակացուց ան: Ապա, Անդրանիկ Գարատօլեան ապրումով երգեց Խանասորի Արշաւանքին նուիրուած “Կարկուտ Տեղաց“ը:
Այս տարի Խանասորի Արշաւանքին նուիրուած դաշտագնացութիւնը իր որակով եւ կազմակերպչական աշխատանքով աննախընթաց էր, եւ առաջին անգամ ըլլալով, հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ տօնակատարութեան: