
Read Time:18 Second
Այսօր, Մայիս 19-ին, Մեծն Պոսթընի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին (Ուաթըրթաուն, Մասարուսէց) մէջ, ժամը 19-ին, տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Անկախութեան 105-ամեակի ձեռնարկը։ Օրուան բանախօսն է Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
Ձեռնարկը, որ կ՛ընդգրկէ գեղարուեստական յայտագիր, կազմակերպուած է շրջանի Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» Կոմիտէութեան կողմէ։