
Յ. Պալեան
Արժէքներու իսկական յեղափոխութիւն մը պիտի քննէ համաշխարհային կարգը եւ պատերազմի համար պիտի ըսէ. «Այս ձեւով լուծել տարակարծութիւնները արդար չէ»:
Մարթին Լութըր Քինկ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան երեսնամեակը նշուեցաւ իրարու հակադրուող զգացումներու մթնոլորտի մէջ:
Հանրապետութեան հրապարակի հանդիսութիւնը տպաւորիչ էր որպէս հայու տաղանդի արտայայտութիւն: Այդքա՛ն: Անբաւարար՝ անփառունակ պարտութեան ընկճուածութեան որպէս դարման, ամոքելու հազարաւոր զոհերու եւ հաշմանդամներու մորմոքը, հեռացնելու սահմաններու վրայ կանգնած վտանգը:
Անկասկած երկրի անկախութիւնը պէտք էր նշել, բայց եթէ խնայուէին պերճանքը, Հայաստանի կացութեան մէջ մսխումի նմանող ծախսերը եւ անոնք յատկացուէին անմիջական այլ նպատակներու, ոչինչ կը կորսնցնէին հայրենիքը եւ իշխանութիւնները, ընդհակառակն, կը շահէին:
Տօնը ճակատագրական պահու համար կենսական միասնութիւնը չստեղծեց:
Ներազգային քաղաքական կեանքի մէջ միասնութիւն, համերաշխութիւն, համագործակցութիւն, եւ այս կարգի ցանկութիւնները կը մնան ցնորք, երբ կը տիրէ յաղթականի եւ պարտեալի թանձրացած զգացական մթնոլորտ, ներազգային կեանքի մէջ եւ սահմաններուն վրայ:
Կողմնապաշտութիւններէ եւ էսթէպլիշմընթային տուրք տալու ախտէն պէտք է հեռանալ եւ ազգի ու հայրենիքի կացութեան ճիշդ գնահատումը ընել: Ներսը եւ դուրսը: Որպէսզի ապագան ճիշդ կարելի ըլլայ դիմագրաւել:
Ի՞նչ ապագայ կը նախատեսուի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար, ոչ միայն տարածքի բնակչութեան, նաեւ՝ Սփիւռքի: Այս մասին ի՞նչ են ծրագիրները օրուան իշխանութեան եւ ընդդիմութեան, ծրագիրներ՝ որոնք ըլլան ըստ Հայաստանի եւ հայութեան շահերուն, երբ արտաքին ուժեր կը հետապնդեն այլ նպատակներ, որոնց մէջ կան Հայաստանի եւ հայութեան շահերը հակասող պահանջներ:
Հայաստան 44օրեայ կոչուած պատերազմէն դուրս եկած է ծանր պարտութեամբ: Ամբողջական փլուզման առաջքը առնելու համար ազդակ չէ եղած եւ չէ Հայաստանի քաղաքական եւ զինուորական ուժը, այլ՝ Ռուսիան, այս է իրողութիւնը, ռռւսամէտ ըլլանք, թէ ո՛չ: Կացութիւնը կը թուի սառած ըլլալ,- միայն կը թուի,- քանի որ թուրք-ազրպէյճանական ծաւալապաշտութեամբ եւ յարձակապաշտութեամբ բնորոշուող հակահայ լայնածաւալ պահանջները կը սպասեն ամբողջական բաւարարման, հրամայական բնոյթ ունին:
Այսօր ո՞վ կրնայ ըսել, թէ ո՞ւր կանգ կ’առնէ այդ ամբողջական բաւարարման սահմանը:
Շատ կը խօսուի եւ կը գրուի քարտէսներու, դեմարկացիայի, դելիմիտացիայի, անկլաւներու, (սահմանազատման, սահմանագծման, շրջապատուած օտար տարածքներու) ճանապարհներու եւ միջանցքներու մասին: Եթէ ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ իրաւունք նոյն իմաստները ունին մէկ երկրէ միւսը, մէկ մեծանուն ժողովէ միւսը, հրաշք աստեղային պահու մը, մարդիկ, ազգերու եւ ժողովուրդներու բնակած վայրերու, կառուցած քաղաքներու եւ ստեղծած քաղաքակրթութիւններու ԻՐԱՒ ՔԱՐՏԷՍը պէտք է փռեն սեղանին եւ խօսին: Քարտէսին առջեւ հարց պէտք է տան, թէ անոր վրայ Ո՞ՒՐ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ո՛չ թէ խորհրդային կամ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Բարոյական եւ արդար դեմարկացիան եւ դելիմիտացիան պէտք է սկսիլ Ո՞ՒՐ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ հարցումով՝ կանգնելով քարտէսին առջեւ: Պէտք է խօսիլ առանց ուժի տրամաբանութեան, առանց շահախնդրական նկատումներու, առանց տուրք տալու միջազգային հաւասարակշռութիւններու հարկադրանքին, լռեցնելով ազգայնամոլական, ցեղապաշտական եւ կայսերական կիրքերը: Այս կ’ըլլայ միջազգային եւ ազգամիջեան յարաբերութիւններուն մարդկային որակ տալու յեղափոխութիւն, յաւելեալ պարտքի գիտակցութեամբ:
Բիրտ ուժի գործածութեան տրամաբանութիւնը շարունակելով, եւ անկէ բխած յաղթականի իրաւունքով, խաղաղութեան աւետաբերի փետուրներով ինքզինք պճնած Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ Հայաստանը ծուատելու յանդգնութիւնը, այս անգամ խօսելով Մ.Ա.Կ.-ի բեմէն, եւ վճիռ կ’արձակէ: Մ.Ա.Կ.-ի 76-րդ նստաշրջանի Ընդհանուր Ժողովի 193 անդամները,- որոնք միամիտներ չեն,- լսելէ ետք Իլհամ Ալիեւի եւ Ռեչէփ Էրտողանի հզօրի եւ յաղթականի դիրքէ մեկնած կեղծ հաշտուողական տիքթաթի խօսքերը, պահ մը կը մտածե՞ն ըսուածի ետին գտնուող չըսուածի մասին:
«Հրապարակ» թերթէն կ’արտագրեմ Իլհամ Ալիեւի խօսքը, որպէսզի Հայաստան եւ սփիւռքներ, վերնախաւ եւ շարքային հայ, ազգային ըմբռնումով լսեն «տիքթաթ»-ը.
«Հակամարտութիւնն աւարտած է, ուստի Ատրպէյճանն արդէն յայտարարել է Հայաստանի հետ խաղաղ պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններ սկսելու պատրաստակամութեան մասին` սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման սկզբունքի, միմեանց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ: Նման համաձայնագիրը կարող է մեր տարածաշրջանը վերածել խաղաղութեան եւ համագործակցութեան տարածաշրջանի: Այնու ամենայնիւ, մենք դեռ չենք տեսնում Հայաստանի կողմից դրական արձագանգ մեր առաջարկին», ասել է Ալիեւը Մ.Ա.Կ.–ի Գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանում»:
Ալիեւ այլ տեղ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան ռազմական եւ դիւանագիտական լուծում տուած էր ղարաբաղեան տագնապին:
Այս որքա՜ն կը չարչրկուի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Քաղաքական կեանքի մէջ պարկեշտութիւնը ցնորք է: Եթէ ան պահ մը դադրի ցնորք ըլլալէ, ինչպէս կ’ըսէի, քարտէսին առջեւ հարց պէտք է տան, թէ անոր վրայ Ո՞ՒՐ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ո՛չ թէ խորհրդային կամ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Մուշը, որուն համար այսօր ալ կ’ըսուի, թէ դեռ հոն կան յիսուն հազար հայեր, Վանը, որուն հայկական գերեզմանները կը քանդեն եւ հայ կինը աճիւնները գրկած կը տանի այլ տեղ թաղելու, անոնք ո՞ր տարածքային ամբողջականութեան մէջ կը գտնուին: Իսկ հայոց մայրաքաղաք Անին, իր աւերակներով, պարիսպներով, եկեղեցիներով, կրկին, ո՞ր տարածքային ամբողջականութեան մէջ կը գտնուի, ո՞ր իրաւունքի հիման վրայ:
Քարտէսին առջեւ պէտք է կանգնիլ եւ Արցախը դիտել իր պատմական վկայութեամբ, հայկական վանքերով, որոնք յիշատակուած են պատմութեան մէջ, արձանագրելով անոնց կառուցման թուականները, երբ Արցախի եւ ընդհանրապէս Կովկասի մէջ ո՛չ թուրք կար ո՛չ ատրպէյճանցի, չկային Թուրքիա եւ Ատրպէյճան: Անոնց հիմնադրումէն դարեր ետք հասած են ասպատակող եկուորները: Խօսեցնել քարտէսները: Փորձենք այդ ընել հակիրճ կերպով, Արցախի վանքերու մէկ մասի անուններով եւ անոնց կառուցման թուականները յիշելով.
Եղիշէ առաքեալի վանք, Մարտակերտի շրջան: Այստեղ են ամփոփուած պատմիչ Եղիշէի մասունքները: Կառուցուած՝ Ե դարու վերջին:
Ամարասի վանք, Մարտունիի շրջան, գիւղ՝ Մաճկալաշէն: Կառուցուած Դ. դարու սկիզբը, Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ: Ե. դարու սկիզբը Մեսրոպ Մաշտոց հոս բացած է Արցախի առաջին դպրոցը: Ե. դարու վերջը Ամարասի վանքը դարձած է եպիսկոպոսանիստ կեդրոն։
Ծիծեռնավանք, Քաշաթաղի շրջան, նոյնանուն գիւղի մօտ, Կառուցուած Դ. դարուն հեթանոսական տաճարի մը տեղը:
Գտչավանք, Հադրութի շրջան, Տող գիւղի մօտ, Տող լերան վրայ: Գտչավանքը որպէս եպիսկոպոսանիստ կեդրոն կը յիշուի Ե. դարէն:
Յակոբավանք, Մարտակերտի շրջան: Կառուցուած է 853 թուականին:
Հոռեկայ վանք, եկեղեցին կառուցուած է 1279ին:
Դադիվանքի վանական համալիր, Քարվաճառի շրջան, գիւղ Դադիվանք): Ըստ աւանդութեան, եկեղեցին հիմնած է Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի հետեւորդ Դադին, Ա դարուն։
Սահմանազատում եւ սահմանագծում ընելու համար արդարութեան եւ իրաւունքի ո՞ր սկզբունքները պիտի որդեգրուին, ճշմարտութեա՞ն, թէ՞ բրտութեան:
Մինսքի խումբի իրաւարարութեան կոչուած համանախագահները, անոնց ներկայացուցած երկիրները եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ընտրեն ճշմարտութեան եւ բրտութեան միջեւ, այսինքն՝ բարոյականութեան եւ անբարոյութեան միջեւ:
Իսկ Հայաստան, Արցախ եւ համայն հայութիւն վար պէտք չէ դնեն բարոյականութեան, ճշմարտութեան եւ իրաւունքի զէնքը, նոյնիսկ եթէ պատեհապաշտներ, փերեզակի հաշիւներով, զիջում-փոխզիջում «դարձող տերվիշներ»ու (derviches tourneurs) անվերջանալի պարին կը մասնակցին ինքնագոհութեամբ:
Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը պէտք է ճշդել խօսեցնելով քարտէսները, պատմութիւնը եւ թուականները:
Իսկ Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր Ժողովի 193 անդամները, այսօ՛ր, վաղը, տասը տարի ետք, կ’որդեգրե՞ն Մարթին Լութըր Քինկի գաղափարը. «Արժէքներու իսկական յեղափոխութիւն մը պիտի քննէ համաշխարհային կարգը եւ պատերազմի համար պիտի ըսէ. «Այս ձեւով լուծել տարակարծութիւնները արդար չէ»: