ՔԱԶԱՆԻ ՄԷՋ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – ՄԵՏՎԵՏԵՒ – ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

0 0
Read Time:7 Minute, 31 Second

Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի լուծ­ման հա­մար, յա­տուկ խորհր­դա­ժո­ղով-հան­դի­պում մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ, Յու­նիս 25-ին, Ռուս­իոյ նա­խա­գահ Տմիթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հրա­ւէ­րով, մաս­նակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն:

Յատ­կա­պէս ազե­րի կողմն է որ, այս հան­դի­պու­մը կը նկա­տէ վեր­ջին առի­թը, զար­մա­նալի­օ­րէն ազ­դան­շա­նէն առաջ իսկ կրա­ւո­րա­կան ու մեր­ժո­ղա­կան մօ­տե­ցում­ներ կի­րար­կե­լով: Իր ազ­դան­շա­նէն առաջ իսկ, Քա­զա­նի հան­դի­պու­մը, իր վրայ կեդ­րո­նա­ցու­ցած է բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւնը: Ըստ ‘‘Քար­նե­կի հիմ­նադ­րա­մի աւագ վեր­լու­ծա­բան Թո­մաս Տը Վա­ա­լի, Մա­յիս 26ին երեք միջ­նորդ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու կող­մէ եղած յայ­տա­րա­րու­թե­նէն պարզ դար­ձած է, որ կը մօ­տե­նայ ճշմար­տու­թեան պա­հը: Տը Վա­ալ, անդ­րա­դառ­նա­լով Ռուս­իոյ, Ֆրան­սա­յի եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան` զայն ան­ուա­նած է հա­կա­մար­տու­թեան վե­րա­բեր­եալ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն եղած ամե­նա­կա­րե­ւոր մի­ջազ­գա­յին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը: Ըստ Վեր­լու­ծա­բան Տը Վա­ա­լի, Քա­զա­նի մէջ նա­խա­գահ Տմիթ­րի Մետ­վե­տեւ` Ֆրան­սա­յի եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու միջ­նորդ­նե­րու աջակ­ցու­թեամբ, վճռա­կան քայլ պի­տի կա­տա­րէ նա­խա­գահ­ներ Ալի­ե­ւի եւ Սարգս­եա­նի կող­մէ, ար­դէն հինգ տարիէ ի վեր քննար­կուող Հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րու մա­սին փաս­տա­թուղ­թի ըն­դուն­ման ուղ­ղու­թեամբ:

Անոր կար­ծի­քով, հա­մե­մա­տե­լով Քո­սո­վո­յի` Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թեան շատ աւե­լի քիչ ու­շադ­րու­թիւն կը դարձ­ուի, սա­կայն անի­կա կ՛ըն­թա­նայ չա­փա­զանց զգա­յուն տա­րա­ծաշր­ջա­նի մը մէջ: Նշե­լով, որ Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թեան շուրջ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման գոր­ծըն­թա­ցը կախ­ուած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու քա­ղա­քա­կան կամ­քէն` վեր­լու­ծա­բա­նը շեշ­տած է, որ օտա­րերկր­եայ տէ­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ եւս պէտք է լուրջ մօ­տե­ցում ցու­ցա­բեր­ուի, եւ եթէ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման ուղղ­ուած ջան­քե­րը հա­ւա­նու­թեան չեն ար­ժա­նա­նար պե­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, ապա մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւնը պէտք է սա­տա­րէ նա­խա­գահ­նե­րու վճռա­կա­նու­թեան:

‘‘Եթէ կող­մե­րէն մէ­կը որո­շէ վերսկ­սիլ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, եւ այդ կող­մը պի­տի ըլ­լայԱտր­պէյ­ճա­նը, ապա այդ քայ­լը աղէ­տա­լի հե­տե­ւանք­ներ պի­տի բե­րէ կը շեշ­տէ Տը Վա­ալ, եզ­րա­կաց­նե­լով թէ Քա­զա­նի հան­դի­պու­մը ցոյց պի­տի տայ` արդ­եօք Կով­կա­սի մէջ աւել­ցած է պա­տե­րազ­մի ծա­ւալ­մա՞ն, թէ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնը:

Միւս կող­մէ, թրքա­կան ‘‘Զա­ման օրա­թեր­թի յօդ­ուա­ծա­գիր Ֆիք­րեթ Էր­թան կը գրէ, որ այս  հան­դի­պու­մը, տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման վեր­ջին առիթն ու յոյսն է: ‘‘Հայիրան­եան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու քա­զան­եան վե­հա­ժո­ղո­վը խո­րա­գի­րով իր յօդ­ուա­ծին մէջ ան կ՛անդ­րա­դառ­նայ հայ-իրան­եան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, Իրա­նի նա­խա­գահ Մահ­մուտ Ահ­մա­տի­նե­ժա­տի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան յե­տաձգ­ման պատ­ճառ­նե­րուն, Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դի­րի լուծ­ման հո­լո­վոյ­թին վե­րա­բեր­եալ Թեհ­րա­նի դիր­քո­րո­շու­մին եւ Քա­զա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք հան­դի­պու­մին: ‘‘Մեր դրա­ցի­նե­րուն` Հա­յաս­տա­նի եւ Իրա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, զորս կա­րե­լի է ու­ժեղ, սերտ եւ խոր­քա­յին բնու­թագ­րել, կը գտնուին բարձր մա­կար­դա­կի վրայ: Այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը առա­ւել բարձր մա­կար­դա­կի հասց­նե­լու հա­մար եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը կ՛ի­րա­կա­նաց­նեն փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­ներ, դէմ առ դէմ հան­դի­պում­ներ: Իրա­նի նա­խա­գահ Մահ­մուտ Ահ­մա­տի­նե­ժատ վեր­ջերս պէտք էր Հա­յաս­տան այ­ցե­լէր: Սա­կայն Յու­նիս 6-ին նա­խա­տես­ուած այ­ցե­լու­թիւնը վեր­ջին պա­հուն չեղ­եալ յայ­տա­րար­ուե­ցաւ, որուն պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին առայժմ այն­քան ալ յստակ տե­ղե­կու­թիւն չկայ, կը գրէ Էր­թան` աւելց­նե­լով. ‘‘Այ­ցե­լու­թեան չեղ­եալ յայ­տա­րար­ման պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի մամ­լոյ քար­տու­ղար Ար­մէն Ար­զու­ման­եան յայ­տա­րա­րեց, որ Մահ­մուտ Ահ­մա­տի­նե­ժա­տի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւնը յե­տաձգ­ուած է կող­մե­րու փո­խա­դարձ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, եւ անի­կա տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ աւե­լի յար­մար ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը ըն­թաց­քին: Իսկ Ահ­մա­տի­նե­ժա­տի մամ­լոյ քար­տու­ղար Հա­սան Սա­լե­հին յայ­տա­րա­րեց, որ այ­ցե­լու­թիւնը յե­տաձգ­ուած է փաս­տա­թուղ­թե­րու պատ­րաստ չըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով. անոնք պէտք է ստո­րագր­ուէ­ին հայ­կա­կան կող­մի հետ` այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին: Իսկ թէ ի՞նչ փաս­տա­թուղ­թեր էին անոնք, ի՞նչ բո­վան­դա­կու­թիւն ու­նէ­ին, յայտ­նի չէ: Են­թադ­րու­թիւն­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ կը կա­ռուց­ուին այն հար­ցին շուրջ, թէ Իրան կողմ է Ար­ցա­խի մէջ գո­յա­վի­ճա­կի պահ­պան­ման` կար­ծե­լով, որ ատոր վե­րա­ցու­մը բա­ցա­սա­բար պի­տի ազ­դէ շրջա­նին մէջ իր կշի­ռին եւ դե­րա­կա­տա­րու­թեան վրայ: Բա­ցի ատ­կէ, Իրան դէմ է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ անոր յա­րա­կից շրջան­նե­րուն մէջ խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու հա­ւա­նա­կան տե­ղա­կա­յու­մին, ու­ժեր, որոնց են­թադ­րա­բար մաս պի­տի կազ­մեն ամե­րիկ­եան կամ ՆԱ­ԹՕի ու­ժե­րը: Իրա­նը բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ յայ­տա­րա­րած է, որ խնդի­րի վերջ­նա­կան լու­ծու­մին պա­րա­գա­յին չ՛ու­զեր շրջա­նին մէջ տես­նել արեւմտ­եան ու­ժե­րէ կազմ­ուած խա­ղա­ղա­պահ զօ­րա­խումբ: Բա­ցի ատ­կէ, կ՛ու­զէ կող­մե­րուն մի­ջեւ միջ­նոր­դու­թիւնը ինք ստանձ­նել“‘‘:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Սերժ Սարգս­եա­նի եւ Իլ­համ Ալի­ե­ւի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­նա­լիք հան­դի­պու­մին` թուրք յօդ­ուա­ծա­գի­րը կը գրէ, որ ատի­կա հիմ­նախն­դի­րի լուծ­ման վեր­ջին կա­րե­լիու­թիւնն է: ‘‘Այդ հան­դի­պու­մը կը նկատ­ուի իբ­րեւ վեր­ջին առիթ հիմ­նախն­դի­րի լուծ­ման հար­ցին մէջ հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րե­լու հա­մար: Նոյ­նիսկ Ալի­եւ հար­ցին այդ­պէս կը մօ­տե­նայ®Սա­կայն նա­խա­պէս շատ դժուար է ըսել` հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն պի­տի գո­յա­նա՞յ հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րուն շուրջ, թէ՞ ոչ: Սա­կայն այդ հան­դի­պու­մը, հա­ւա­նա­բար, կա­րե­լի է դի­տել իբ­րեւ խնդի­րի խա­ղաղ լուծ­ման վեր­ջին առիթ եւ վեր­ջին յոյս, կ՛եզ­րա­կաց­նէ յօդ­ուա­ծա­գիր էր­թան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles