Լրահոս

ՓԱ­ՐԻ­ԶԻ ՄԷՋ.- ՄԵ­ԾԱ­ՐԱՆ­ՔԻ ԵՒ ՀՐԱ­ԺԵՇ­ՏԻ ՁԵՌ­ՆԱՐԿ` ՆՈՒԻՐ­ՈՒԱԾ “ԿԻՒԼ­ՊԷՆԿ­ԵԱՆ“ ՀԱՍ­ՏԱ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ԲԱԺ­ՆԻ ՏՆՕ­ՐԷՆ ԴՈԿՏ. ԶԱ­ՒԷՆ ԵԿԱՒ­ԵԱ­ՆԻՆ

Վեր­ջերս, Փա­րի­զի Մի­ջազ­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նա­կան ոս­տա­նի Հայ ու­սա­նող­նե­րու տան մէջ, յա­տուկ հրա­ժեշ­տի հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ի պա­տիւ դոկտ. Զա­ւէն Եկաւ­եա­նին, որ անց­նող տա­րեշր­ջա­նի աւար­տին, հանգստ­եան կոչ­ուե­ցաւ “Կիւլ­պէնկ­եան“ հաս­տա­տու­թեան հայ­կա­կան բաժ­նի տնօ­րէ­նու­թե­նէն: “Կիւլ­պէնկ­եան“ հիմ­նար­կը Փա­րի­զի ու­սա­նո­ղա­կան ոս­տա­նին մէջ կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նի հայ ու­սա­նող­նե­րու տան կա­պակ­ցու­թեամբ, նա­եւ Փոր­թու­գա­լի ու­սա­նո­ղա­կան տան: Հայ ու­սա­նող­նե­րու տան հա­մար տա­րե­կան 30-40 հա­զար եւ­րո­յի ներդ­րում ու­նի որ կ՛ընդգր­կէ` տան սեն­եակ­նե­րու մա­տա­կա­րա­րում, ու­սա­նող­նե­րու կրթա­թո­շակ եւ զա­նա­զան բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւն:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button