Ցուցահանդէս՝ «Արարատը Հայի Աչքերով»

0 0
Read Time:34 Second

p14 bis3

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Հ. մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւններու հովանաւորութեամբ, «Թէքէեան» Կեդրոնէն ներս բացումը կատարուած է «Արարատը Հայի Աչքերով» խորագիրը կրող շարժական լուսանկարչական ցուցահանդէսին՝ նուիրուած Հ.Հ. Անկախութեան հռչակման 25-ամեակին:p14 bis4
Ցուցահանդէսի մասնակիցներն են ազգութեամբ հայ լուսանկարիչներ՝ Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն, Պրազիլիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Ցուցադրուած 32 գործերը կը ներկայացնեն հայ ազգի խորհրդանիշ Արարատ լեռը արուեստագէտներու ընկալումներով:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ներկայ էին Հ.Հ. մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարության ներկայացուցիչներ, եւ հիւրեր:
Հայ լուսանկարիչ Վահան Քոչարը, անդրադառնալով ցուցահանդէսի գաղափարին, համոզմունքով նշեց, որ անիկա պէտք է ունենայ շարունակութիւն՝ «Արարատը Աշխարհի Աչքերով», եւ դառնայ միջազգային ցուցահանդէս ու շրջի զանազան քաղաքներ:
«Արարատը Հայի Աչքերով» ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Յունիս 30, եւ այնուհետեւ պիտի ներկայացուի Արցախի մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles