Յօդուածներ
«Վառ Պահեցի Բոլոր Անդարձ Մեկնողներուն Յիշատակը»
ՔՈՒԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Մօրս կողմէ մեծ հայրիկս կէլլիպոլցի Հաճի Յակոբ Աղա Փալանճեանն էր. Գրիգորեան՝ ծնունդի ազգանունով, զոր սակայն Ա. Համաշխարհային Պատերազմի նախորդող տարիներուն անծանօթ պատճառներով փոխեց ու առաւ Փալանճեան ազգանունը։ Կ՚ապրէր ու կը գործէր Կալիփոլիի մէջ։ Իր ընտանի

