Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՀԱՅՑ. ԱՒԵՏ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՂՄԷ

0 0
Read Time:3 Minute, 46 Second

Ս. Ծնուն­դը Աս­տու­ծոյ մար­դե­ղու­թեան, Անոր աշ­խարհ գա­լուս­տին տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնն է: Աստ­ուած՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սով աշ­խարհ եկաւ մե­ղա­ւոր մարդ­կու­թիւնը փրկե­լու հա­մար: Անոր աշ­խարհ գա­լը մե­ծա­գոյն նուէրն էր մարդ­կու­թեան: Բայց նուէր­նե­րը ան­պայ­մա­նօ­րէն մի­եւ­նոյն կեր­պով չեն ըն­դուն­ուիր: Այս­պէս օրի­նակ, մարդ­կու­թեան մե­ծա­գոյն նուէր եղող Քրիս­տո­սի աշ­խարհ գա­լու աւե­տի­սը թէ­եւ ցնծու­թեամբ ող­ջուն­ուե­ցաւ Արե­ւել­քի իմաս­տուն Մո­գե­րուն կող­մէ, սա­կայն Հրէ­աս­տա­նի Հե­րով­դէս թա­գա­ւո­րին հա­մար մեծ գոյժ մը նկատ­ուե­ցաւ:

 

      Իմաս­տուն Մո­գեր, գու­շա­կած էին Յի­սու­սի Ծնուն­դը՝ Երու­սա­ղէմ եկան Հե­րով­դէս թա­գա­ւո­րին հարց­նե­լու թէ ո՞ւր ծնած է «նո­րա­ծին Ար­քան»: Ըստ իրենց են­թադ­րու­թեան, ան մայ­րա­քա­ղաք Երու­սա­ղէմ ծնած պէտք էր ըլ­լար: Բայց  լու­սա­փայլ աստ­ղը զի­րենք առաջ­նոր­դեց Հրէ­աս­տա­նի եր­բեմ­նի հզօ­րա­գոյն Դա­ւիթ Թա­գա­ւո­րի ծննդա­վայր Բեթ­լե­հէմ աւա­նը:

 

      Ի վեր­ջոյ, յետ եր­կար ճամ­բոր­դու­թեան եւ ի գին մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու անոնք գտան «Նո­րա­ծին Ար­քան» եւ երկր­պա­գե­լով Անոր՝ իրենց յար­գան­քի տուր­քը ըն­ծա­յե­ցին: Բայց կաս­կա­ծա­միտ Հե­րով­դէս, որ կը վախ­նար թէ Բեթ­լե­հէ­մի նո­րա­ծին մա­նու­կը ապա­գա­յին կրնար մրցա­կից ըլ­լալ իրեն եւ լուրջ սպառ­նա­լիք մը իր գա­հը իր ձեռ­քէն խլե­լու: Մե­ծա­պէս վրդո­ված՝ Հե­րով­դէ­սի հա­մար Յի­սու­սի ծննդեան լու­րը մեծ գոյժ կը հա­մար­ուէր: Որո­շա­պէս, Բեթ­լե­հէ­մի ման­կի­կին ծնուն­դը փո­թոր­կած էր իր նե­րաշ­խար­հը: Այս­պէս ու­րեմն, Իր ծննդեան օրէն սկսեալ Յի­սուս սկսած էր փո­խել մար­դոց կեան­քը: Մինչ Արե­ւել­քի իմաս­տուն Մո­գե­րուն հա­մար «Նո­րա­ծին Ար­քան» փնտռել եւ գտնել իրենց կա­րե­ւոր առա­քե­լու­թիւն եղած էր՝ Հե­րով­դէս թա­գա­ւո­րին տխրահռ­չակ առա­քե­լու­թիւնը եղած էր ոչն­չաց­նել զայն: Մինչ մո­գեր իրենց ըն­ծա­նե­րը կը մա­տու­ցա­նէ­ին այդ հրա­շա­լի մա­նու­կին, Հե­րով­դէս այդ մա­նու­կը մեռց­նե­լու առա­ջադ­րու­թեամբ՝ ջար­դել կու­տար Բեթ­լե­հէ­մի հա­մայն մա­նուկ­նե­րը: Բեթ­լե­հէ­մի այդ չնաշ­խար­հիկ Ման­կի­կը մար­դոց իրա­վի­ճա­կը փո­խած էր: Ան մին­չեւ օրս մի­եւ­նոյ­նը կը շա­րու­նա­կէ ընել:  Անոնք որ զինք կը փնտռեն խա­ղա­ղու­թիւն եւ հոգիի բա­ւա­րա­րու­թիւն կ’ու­նե­նան: Իսկ անոնք որ զինք կը մեր­ժեն հոգի­ով կը վրդո­վին: Հե­րով­դէս չէր գի­տեր թէ Բեթ­լե­հէմ ծնող «նո­րա­ծին Ար­քայ»ին նպա­տա­կը զինք փո­խա­րի­նե­լով երկ­րա­ւոր թա­գա­ւոր մը ըլ­լալ չէր, այլ մար­դոց հո­գի­նե­րուն եւ սրտե­րուն վրայ տի­րա­պե­տող ար­քայ մը — ար­քայ մը, որ մար­դոց կա­մա­ւոր հա­ւա­տար­մու­թիւնն ու նուի­րու­մը պի­տի վա­յե­լէր: Ինչ­պէս անց­եա­լին, այ­սօր ալ ա°յդ է բաղ­ձան­քը Բեթ­լե­հէմ ծնող եւ մարդ­կու­թեան Փրկիչ եղող Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի:

 

            Ս. Ծննդեան տօ­նը կ’ոգե­կո­չէ անոր հրա­շա­փառ Ծնուն­դը, թող առիթ մը ըլ­լայ ամե­նուն զԱյն ըն­դու­նե­լու որ­պէս Աս­տու­ծոյ մե­ծա­գոյն պար­գե­ւը եւ զԱյն դարձ­նե­լու իրենց կեան­քի Տէր Տե­րանց եւ Թա­գա­ւոր Թա­գա­ւո­րա­ցը: Յայն­ժամ բո­լո­րո­վին նոր իմաստ կը ստա­նայ Ս. Ծննդեան մաղ­թան­քը — «Քրիս­տոս ծնաւ եւ յայտ­նե­ցաւ.Ձե­զի մե­զի մեծ աւե­տիս».

 

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱ­ՀԱՆ Յ. ԹՈՒ­ԹԻԿ­ԵԱՆ

Գոր­ծա­դիր Տնօ­րէն Հայ Աւետ.

Հա­մաշ­խար­հա­յին Խոր­հուր­դի

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles