ՍԼԱՔ.- ԱՆ­ԳՈՐ­ԾՈՒ­ԹԻՒՆԸ ԴԱՐ­ՄԱ­ՆԵ­ԼՈՒ ՀՆԱՐՔ ՄԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 39 Second

Աֆ­ղա­նիս­տա­նի, Փա­քիս­տա­նի ու ընդ­հան­րա­պէս ամե­րիկ­եան ու­ժեր “հիւ­րըն­կա­լող“ եր­կիր­նե­րու մէջ յա­ճա­խա­կի դար­ձած ձա­խա­ւե­րու­թիւն­ներն ու ան­մեղ զո­հեր պատ­ճա­ռող մի­ջա­դէ­պե­րու բազ­մա­ցու­մը նկա­տի ու­նե­նա­լով, ամե­րիկ­եան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը մտա­ծեն (եղեր) յա­տուկ յանձ­նա­խումբ մը կազ­մել Սպի­տակ Տան, պաշտ­պա­նու­թեան ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, դի­մա­կա­լե­լու հա­մար ստեղծ­ուած անա­խորժ կա­ցու­թիւն­նե­րը:

Յանձ­նա­խում­բին պի­տի թե­լադր­ուի (եղեր) գոր­ծել հե­տեւ­եալ տրա­մա­բա­նու­թեամբ.-

Ստեղ­ծել պաշ­տօ­նա­կան բան­բեր­նե­րու դա­սա­կարգ մը, որուն պար­տա­կա­նու­թիւնը ըլ­լայ իւ­րա­քան­չիւր ձա­խա­ւեր ու ան­բաղ­ձա­լի մի­ջա­դէ­պէ ետք, նե­րո­ղու­թիւն խնդրել զո­հե­րէն, անոնց ըն­տա­նիք­նե­րէն ու խնդրոյ առար­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն: Ծրա­գի­րը նկա­տի ու­նի նա­եւ այն հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնը, որ ամե­րիկ­եան ու­ժեր մօ­տիկ կամ հե­ռու ապա­գա­յին կրնան “հիւ­րըն­կալ­ուիլ“ նոր եր­կիր­նե­րու մէջ…

Նե­րո­ղու­թեան հայ­ցի ցան­կը ար­դէն սկսած է եր­կա­րիլ. վեր­ջին շրջա­նին ար­ձա­նագր­ուած են հե­տեւ­եալ­նե­րը.-

– Նե­րո­ղու­թիւն` առանց օդաչ­ուի օդա­նա­ւե­րով կա­տար­ուած ռմբա­կո­ծում­նե­րու ան­մեղ զո­հե­րուն հա­մար:

– Նե­րո­ղու­թիւն` սահ­մա­նա­յին զօ­րա­կա­յա­նի մը վրայ կա­տար­ուած յար­ձա­կու­մի մը զոհ գա­ցած դաշ­նա­կից զի­նուոր­նե­րուն հա­մար:

– Նե­րո­ղու­թիւն` իս­լամ­նե­րու սրբա­զան աղօ­թա­գիր­քէն` “Քու­րան“էն տգի­տա­բար հրկիզ­ուած օրի­նակ­նե­րուն հա­մար:

– Նե­րո­ղու­թիւն` աֆ­ղան­նե­րու վրայ ամե­րի­կա­ցի զի­նուո­րի մը կրակ բա­նա­լուն ու նե­րառ­եալ մա­նուկ­նե­րու սպան­դին հա­մար:

– Նե­րո­ղու­թիւն` սպան­եալ զին­եալ­նե­րու վրայ ամե­րի­կա­ցի զի­նուոր­նե­րու մի­զե­լուն հա­մար:

– Նե­րո­ղու­թիւն…

 

Նման յանձ­նա­խում­բի մը կազ­մու­թեան յանձ­նա­րա­րու­թիւն­ներ պի­տի կա­տար­ուին (եղեր) նա­եւ Իս­րա­յէ­լի ու Թուրք­իոյ պէս դաշ­նա­կից­նե­րու: Ցան­կին վրայ կրնայ աւել­նալ Եմէ­նի անու­նը:

 

 

Այս ծրա­գի­րը, ար­տա­քին-յա­րա­բե­րա­կան իր երե­սին կող­քին, նա­եւ պի­տի նպաս­տէ (եղեր) Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ… ան­գոր­ծու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւնը վար բե­րե­լու ճի­գե­րուն:

 

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles