
ԱՆԳԱՐԱ.- Ապրիլ 16-ին, Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնը (HDP) բողոք-նամակ մը լոյս ընծայած է նշելով, թէ պսակաձեւ ժահրը լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է երկրի զանազան բանտերու մէջ արգելափակուածներուն համար: Այս հետեւանքները կանխելու համար, կարգ մը երկիրներ որոշած են ժամանակաւոր կերպով ազատ արձակել բանտարկեալները:
Դժուար է բանտերուն մէջ անհրաժեշտ մաքրութեան եւ ժահրի կանխարգիլման դէմ միջոցներ ստեղծել եւ այդ իսկ պատճառով, Թուրքիոյ մէջ ալ արդէն իսկ պատրաստուած է ընդհանուր ներումի համազօր կանոնագիր մը, որուն շնորհիւ ազատ պիտի արձակուին մեծ թիւով յանցագործներ։ Միեւնոյն ժամանակ, այս որոշումը անհրաժեշտութիւն մըն է նաեւ, քանի որ Թուրքիոյ բանտերու ծանրաբեռնուածութիւնը հասած է անընդունելի համեմատութեան։
Արդարեւ կառավարութիւնը, որուն անմիջական գործակիցներն են նախագահ Էրտողանի Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնն (AKP) ու ազգայնամոլ Ազգայնական Շարժում կուսակցութիւնը (MHP) միասնաբար պատրաստած են օրէնքի նախագիծ մը եւ փոխանցած Խորհրդարան։ Սակայն Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնը կը նկատէ, թէ այս նախագիծը ամբողջական չէ, նաեւ կողմնակալ, այն պատճառով, որ քաղաքական բանտարկեալները զերծ կը պահուին այս շտապ կարգադրութենէն։ Այսինքն, աւազակներ, գողեր եւ զեղծարարներ ազատ պիտի արձակուին, իսկ այլախոհ քաղաքացիներ շարունակ պիտի մնան արգելափակուած:
Հոս տեղին է նշել, թէ սուլթանամէտ Էրտողանի իշխանութեան որդեգրած կարեւոր անարդարութիւններէն մէկն ալ այն է, որ իշխանութիւնը քննադատող ամէն կարծիք կ՚ընդունուի որպէս քաղաքական կեանքէն ներս, ահաբեկչութիւն կամ ահաբեկչութեան հետ առնչուած յանցանք։
Այս պայմաններու տակ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնը կը յիշէ կարգ մը բանտարկուածներու անունները, որոնց կարգին կուսակցութեան ղեկավարներ՝ Սալահատտին Տեմիրթաշ եւ Ֆիկէն Եիւքսեքտաղ, քիւրտ քաղաքապետներ՝ Կիւլթան Քիշանաք եւ Սելչիւք Միզրաքլի, այլախոհ գործիչ եւ «Անատոլուի Մշակոյթ» հիմնարկի նախագահ՝ Օսման Քաւալա եւ գրագէտ Ահմէտ Ալթան:
Թուրքիոյ պատժական օրէնքը կ՚ընդգծէ, թէ ձերբակալութիւնը արտակարգ միջոց մըն է, որուն կարելի է դիմել, երբ մեղադրեալի փախչելու հաւանականութիւնը կայ։ Սակայն Էրտողանի կառավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կ՚անտեսէ այս իրաւաբանական սկզբունքը եւ ձերբակալութիւնները կը գործադրէ իբրեւ պատժամիջոց։ Դատարանները դիւրութեամբ կը շեղեն կատարուած մեղադրանքը եւ կը վերածեն ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութեան։
Այս գծով, Ժողովուրդի Հանրապետական կուսակցութիւնը (CHP) որոշած է աշխատիլ ի նպաստ քաղաքական բանտարկեալներու արձակման: Մինչ այդ, ցայսօր Թուրքիոյ բանտերէն ներս, պսակաձեւ ժահրով վարակուած են աւելի քան հարիւր բանտարկեալներ: Կարգ մը հիւանդներ մահացած են, իսկ այլոց վիճակը բաւական ծանր է:
Առաւելագոյնը 200 հազար յանցապարտներու համար վերապահուած, Թուրքիոյի բանտերը գերբնակուած են: Արգելափակուած են 300 հազար բանտարկեալներ…: