
Յ. Պալեան
Վերջնական պարտութիւնը այն է, որ կ’աւար-տէ պատերազմը եւ խաղաղութիւնը կը վերածէ անդարմանելի տառապանքի:
(La peste),Ալպէր Քամիւ, ֆրանսացի գրող, Ի դար
Ամերիկայի նախագահը հրապարակաւ յայտարարեց, որ դար մը առաջ Թուրքիոյ մէջ հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուեցան: Թուրքիա կը մերժէ ընդունիլ այդ ամբաստանութիւնը: Մի՛շտ՝ հաւատալով իր անպատժելիութեան: Այդ ոճիրը ընդունող թուրք մտաւորականները կը հալածուին, ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներ եւ անոնց ղեկավարները թշնամի կը համարուին: Հերթը հասած է վաղեմի բարեկամ եւ զինք սնուցած Ամերիկայի եւ անոր նախագահին: Ցոյց կ’ընեն «Ցեղասպանութեան սուտ ամերիկեան ծրագրին» դէմ: Թուրքը միշտ հետեւած է թրքական առածի «իմաստութեան», որ կ’ըսէ, թէ «ուրացումը հերոսին բերդն է»:
Եթէ այսօր Միջերկրականի աւազանը եւ Կովկասը, եւ անոնցմէ անդին, կրկին պայթիւնավտանգ կացութեան մէջ կը գտնուին, պատասխանատութիւններու մասին խօսելու համար պատմութեան էջերը պէտք է բանալ եւ քաջութիւն ունենալ ճշդելու, թէ ի՞նչ պէտք էր ընել եւ չեն ըրած պատերազմէն ետք խաղաղութիւն սակարկող-հաստատող ասպետները, մեծ ժողովներու մեծ մանիթուները:
Մանիթուն գերբնական ոգի մըն է, կամ Աստուած, ըստ Ամերիկայի հնդիկներու հաւատալիքներուն: Պատերազմ կամ խաղաղութիւն որոշողները իրենք զիրենք կը համարեն Մանիթու: Կը վճռեն: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: Աստուածները հաշուետու չեն: Բայց մարդը Մանիթու չէ, գերբնական իշխանութիւն չէ, հաշուետու է իր նմաններու լաւին եւ վատին համար:
Դատարանները կը դատեն չարագործները, պատմութիւնը եւ մարդկութիւնը կը դատեն անարդարութիւն գործելու կամ անարդարութիւնները յաւերժացնելու համար պատերազմ շղթայզերծողները: Մեծեր եւ փոքրեր կը խօսին խաղաղութեան մասին, մեծ ժողովներու ընթացքին լուսաւոր գաղափարներ կը թնդան, բայց մեր ծերացած մոլորակին պատերազմելու հին աւանդութիւնը միշտ կը մնայ նոր: Եւ կամաւոր կուրութեամբ, խաղաղեցումը կը շփոթենք խաղաղութեան հետ:
Փոքրացած Հայաստանի պատմութիւնը, անոր գոյութեան սպառնացող վտանգները եւ դժուարութիւնները հասկնալու համար պէտք է ետ երթալ պատմութեան մէջ: Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ներկայի կացութիւնը հետեւանք է լաւ չաւարտած Առաջին Համաշխարհայինի, հակառակ Խաղաղութեան վեհաժողովին եւ կնքուած դաշնագրերուն: Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս վերջ սկսաւ յաջորդի պատրաստութիւնը, քանի որ Խաղաղութեան անունով խօսողները մնացին նոյն շահախնդրուածները:
Նախորդող դարերուն «Եւրոպայի հիւանդ մարդը» կոչուած Օսմանեան կայսրութիւնը վերջ գտաւ, բայց չսրբագրուեցաւ սխալի եւ չարիքի ախտը: Վերջ գտան նաեւ Ռուսական եւ Աւստրօ-Հունգարական կայսրութիւնները: Ռուսական կայսրութիւնը շարունակուեցաւ Խորհրդային Միութիւն անուանակոչումով, իսկ Աւստրօ-Հունգարական կայսրութեան անհետացումը ասպարէզ բացաւ գերմանական կայսրութեան առջեւ: Առաջին Համաշխարհայինի աւարտին գումարուած խաղաղութեան ժողովները կրկնեցին հին դարերու պատերազմական աւար բաժնելու ոճը, զոր այսօր պարզ բառով կը կոչենք գաղութարարութիւն:
Առաջին Համաշխարհայինի հետեւած Խաղաղութեան Խորհրդաժողովը չյաջողեցաւ նախկին Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին վրայ խաղաղութիւն եւ արդարութեան համակարգ ստեղծել, օսմանի լուծին ենթարկուած ժողովուրդներուն եւ հայրենիքներուն ինքնուրոյնութիւնը եւ ինքնորոշումը ճանչնալ, քանի որ մրցակցութիւններով պառակտուած էր: Արդէն քաղաքականութիւնը նաւթ կը հոտէր: Պէտք է ակնկալել, որ Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտըն, քաղաքական քաջութեան եւ արդարութեան բարձր գիտակցութեամբ, կը շարունակէ իր հռչակաւոր նախորդներէն Վուտրօ Ուիլսոնի խաղարարական գործը, որուն իրականացումը իրեն յանձնուած էր եւ ան գծած էր Հայաստանի սահմանները: Այդ ընելով, ցեղասպանութեան ճանաչման կու տայ իսկական արժեւորում եւ զայն կ’ազատէ սոսկ մխիթարական պարգեւի քուրձէն, ուր զայն կրկին եւ կրկին բանտարկած են:
Թէեւ Թուրքիան կանխաւ պատասխանեց նման հաւանականութիւններու, Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած նախայարձակման մասնակցելով, առաջնորդելով, վերահսկելով, զէնք ու զինամթերք տրամադրելով: Օսմանաթրքական յարձակապաշտութիւնը կը շարունակուի, ոչ ոքի համար ան գաղտնիք է, թիրախ են յոյները, կիպրացիները, արաբները, քիւրտերը եւ հայերը: Միջազգային յարաբերութիւններու եւ խաղաղութեան արշաւներու հոգեպարար խօսքերու հակադրուող քաղաքական այլանդակութիւն:
Ճենկիզ Աքթար*, իր 2020ին լոյս տեսած «Le malaise turc»** գիրքին մէջ, հետեւեալ ձեւով կ’ամփոփէ կացութիւնը. «Այս ազգը կրկնապէս արուեստական, մերժելով ոչ-իսլամները եւ ոչ-թուրքերը, կը յանգի ինքնութեան կասկած ստեղծելու, հակառակ մէկ դարէ ի վեր մրճահարուած քարոզչութեան.՛՛Երջանիկ է ան որ ինքզինք Թուրք կը կոչէ՛՛: Այն աստիճան, որ շարունակութիւնը յոգնակի ինքնութիւններու, սկսելով քրտութենէն, այսօր բացորոշ կամ զգուշաւոր առճակատման մէջ է արուեստական ազգին հետ, ըստ որուն ամէնքը նոյն են եւ թուրք: Նոյնիսկ այն ինքնութիւնները, որոնց ճակատագիրը ՛՛վճռուած՛՛ էր,- ոչ-իսլամներու,- դար մը առաջ տեղի ունեցած, ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, բռնութեամբ կրօնափոխ եղածներու թոռներու միջոցով հրապարակ կու գան, մասնաւորաբար՝ հայերու» (էջ 41):
Անկասկած, թուրք ազգայնամոլ ղեկավարութիւնը, կ’ենթադրեմ նաեւ հանրային կարծիքը, կը գիտակցին, նոյնիսկ երբ չեն խոստովանիր, ինչ որ կը կոչուի Թուրքիա թուրքին հայրենիքը չէ, որ թուրքերը հոն եկուոր են, տիրած են հայրենիքներու, իրաւազրկած են ժողովուրդներ: Բազմազգ օսմանեան կայսրութեան իրաւ ժառանգորդը չէ Թուրքիան: Թրքութիւնը այսօր ալ միատարր չէ երկրին մէջ: Ինչպէ՞ս օր մը խաղաղութիւն կը հաստատուի, իրաւունքներ կը վերահաստատուին, Թուրքիոյ դիմագրաւած մեծ խնդիրն է:
Մինչեւ այն ատեն որ յոյները պիտի յիշեն, որ Այա Սոֆիան իրենց պատութիւնն է, իրենց հաւատքի կոթողը, մինչեւ այն ատեն որ հայերը պիտի յիշեն որ Աղթամարի կղզիին վրայ դեռ կանգուն է իրենց պատմական եկեղեցին, եւ Հայաստանէն քարընկեց մը հեռու են իրենց մայրաքաղաք Անիի եկեղեցիներն եւ պարիսպները, աւերակ եւ անբնակ, քիւրտերը պիտի յիշեն որ իրենք լեռնական թուրքեր չեն, միլիոններ են հողին վրայ, Թուրքիան հանգիստ պիտի չապրի:
Թուրքիա պիտի մերժուի եւրոպական եւ միջազգային համայնքի կողմէ, մինչեւ այն ատեն որ չընդունի յարգել մարդկային եւ ժողովուրդներու իրաւունքները, պատմական ճշմարտութիւնները: Այդ պիտի յիշեցնեն միջազգային համայնքը, եւ մանաւանդ Թուրքիոյ արդարակորով եւ լուսամիտ մտաւորականները, այսօր անոնք բազմաթիւ են, կը կոչուին Թանէր Աքչամ, Ճենկիզ Աքթար, Ֆէթհիյէ Չեթին եւ ուրիշներ:
Միջազգային համայնքը աւելի քաջութեամբ եւ բարոյականութեամբ պիտի վերագտնէ՞ Խաղաղութեան Վեհաժողովի որոշումները եւ իր կողմէ լիազօրուած Վուտրօ Վիլսոնի իրաւարարութեան հիման վրայ գծուած սահմանները որպէս արդարութեան վճիռ պիտի գործադրէ՞:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը ճշմարտութեան մը հաստատումն է, բայց ոչ իրաւունքի եւ ոչ ալ արդարութեան:
* Ճենկիզ Աքթար տնտեսական գիտութիւններու տոքթէօր է, կ’ուսուցանէ ԺԹ դարու օսմանեան քաղաքական գաղափարները, Եւրոմիութեան քաղականութիւնները: Դասախօս՝ Աթէնքի համալսարանի: Ուսումնասիրած է գաղթականութիւններու հարցերը: Թուրքիոյ մէջ աշխատանք տարած է գիտակցելու հայոց ցեղասպանութեան: Աշխատակից է բազմաթիւ մեծ թերթերու: Խորհրդական է Հրանդ Տինք Հիմնարկութեան:
** Le malaise turc, Gengiz Aktar, edition empreinte, 2020, pp 104