
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11ին, Շիքակոյի »Զապէլ« մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, աւելի քան 150 անդամներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան 100ամեակի նշումը, տեղւոյն »Քրիսթըլ Փալաս« (Մաունթ Վերնըն, Իլինոյ) սրահին մէջ:
Ներկայ էին Ռէյսինի եւ Կլենվիուի հովիւներ՝ Դանիէլ Կարապետեան եւ Զարեհ Սարգիսեան: Ներկայ էին նաեւ ներկայացուցիչներ՝ »Համազգային«էն, Հ.Մ.Ը.Մ.էն եւ տեղւոյն թաղականութենէն:
Բացման խօսքը կատարեց Արփի Քիլեան, ապա խօսք առին Միւրէյ Բարսեղեան (Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Հ.Օ.Մ.ի ատենապետ) եւ »Զապէլ« մասնաճիւղի գանձապահ Լենա Սուրէնեան, որոնք յաւելեալ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հ.Օ.Մ.ի գործունէութեան մասին: Անոնք յայտնեցին թէ Հ.Օ.Մ.ը հայ իրականութեան մէջ կնոջական այն բացառիկ կազմակերպութիւնն է, որ կը գործէ ծառայութեան բարձր ոգիով եւ անսակարկ զոհողութեամբ: Կամաւոր գործունէութիւնը գերագոյն մակարդակով կÿարժեւորուի իւրաքանչիւր անդամի գործունէութեան ընդմէջէն:
Օրուան բանախօսն էր Անժէլ Մանուկեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ Հ.Օ.Մ.ը դարձաւ հայ կնոջ զարթօնքի լուսաշող այն ճամբան, ուրկէ եկաւ ու անցաւ Հ.Օ.Մ.ականներու հսկայ փաղանգ մը եւ լուսաւորեց հայ կեանքի տխուր էջերը եւ ուրկէ տակաւին պիտի գան նորահաս սերունդները եւ կերտեն սփիւռքահայ մեր ապագան:
»Բարեսիրական նպատակներով ստեղծուած այս կազմակերպութիւնը այսօր դարձած է դպրոց՝ դաստիարակչական իր յայտագիրներով, արուեստի կեդրոն՝ իր աշխատանոցով եւ իմացական մտքի դարբնոց՝ մասնագիտական զրոյցներով եւ համագումարներով: …Մեր հաւատքը ապագային նկատմամբ կը բխի անկէ, որ Հ.Օ.Մ.ը յաջողեցաւ ըլլալ կնոջական այն կազմակերպութիւնը, որ իր ստեղծման օրէն գիտցաւ քայլ պահել ժամանակի պահանջներուն հետ եւ կրցաւ իբրեւ այդպիսին գոյատեւել՝ իր արժանի տեղը ունենալով հայ ժողովուրդի գոյութեան նպաստող նպատակներու իրագործման մէջ: Եթէ անհատներու կեանքին մէջ տարիներու գումարը կը տանի դէպի անխուսափելի ծերութիւն, հակառակն է միութիւններու պարագային. տարիները ինչքան բազմանան, դիզուին իրարու վրայ, այնքան ծերացողները կը դառնան ծառայութեամբ հարուստ եւ նորանոր ծառայութիւններու պատրաստ«, ըսաւ ան եւ շարունակեց թէ Հ.Օ.Մ.ը առաքելութիւն մըն է, որ կը գործէ իր ժողովուրդին համար:
»Այս առաքելութիւնը կÿընդգրկէ ընկերային, մարդասիրական, առողջապահական մարզերը: Ան կը հասնի ժողովուրդի համեստ դասակարգին՝ առանց խտրութիւն դնելու յարանուանական կամ քաղաքական պատկանելիութեան: Ան իր անմիջական օգնութիւնը կը բերէ չքաւորին, անտէրին, հիւանդին, որբին, այրիին եւ ծերունիին: Իւրաքանչիւր անհատ՝ իբրեւ զինուորագրեալ անդամ, իր ծառայութեան համեստ բաժինը կը բերէ այս սրբազան գործին՝ յաճախ զոհելով իր ընտանեկան պարտաւորութիւնները եւ անձնական հաճոյքը, քաջ գիտնալով, որ ինք պարտականութիւն մը եւ պարտաւորութիւն մը ունի հանդէպ իր արիւնակից կարօտեալին, հիւանդին եւ անտէրին. ան կը գիտակցի, որ ազգային արժանապատուութիւնը անհատական հանգիստէ եւ հաճոյքէ շատ աւելի բարձր եւ վսեմ է«, եզրակացուց ան:
Ձեռնարկի աւարտին, մասնաճիւղի ատենապետուհի Սօնա Աքէլեան, յատուկ յուշանուէրով մը, պատուեց գաղութէն ներս, երկար տարիներ ծառայած Յովիկ Ալեքսանեանը:
Ա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ ջութակահար Հէրի Յովակիմեանի:
Ս. ՔԻԼԵԱՆ