ՇԻ­ՔԱ­ԿՈ­ՅԻ ՄԷՋ` ՑՈՅՑ ԵՒ ՁԵՌ­ՆԱՐԿ­ՆԵՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 31 Second

Շի­քա­կո­յի մէջ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առ­թիւ կա­տար­ուե­ցաւ դա­սա­խօ­սա­կան ձեռ­նարկ եւ ցոյց` տեղ­ւոյն Թուրք­իոյ հիւ­պա­տո­սա­րա­նին առ­ջեւ: Ցոյ­ցը կա­տար­ուե­ցաւ Ապ­րիլ 24-ին, մաս­նակ­ցու­թեամբ տեղ­ւոյն Հ.Ե.Դ. “Արա­րատ“ մաս­նա­ճիւ­ղին Նա­եւ մաս­նակ­ցե­ցան յոյ­ներ:

Նա­խա­պէս, Ապ­րիլ 21-ին, կա­տար­ուած էր դա­սա­խօ­սա­կան-հսկու­մի ձեռ­նար­կը: Օր­ուան դա­սա­խօսն էր, Հա­յաս­տա­նի մօտ, Ա.Մ.Ն.-ի նախ­կին դես­պան` Ճոն Էվընզ, որ շեշ­տեց թէ Սպի­տակ Տան վրայ շա­րու­նակ պէտք է ճնշում բա­նեց­նել, դուրս գա­լու հա­մար Թուրք­իոյ ճնշում­նե­րէն եւ պատ­շա­ճօ­րէն ճանչ­նա­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը:

Նա­խա­պէս բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Իլի­նո­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ալին Պար­սում­եան, որ նա­եւ խօսք տուաւ քոնկ­րէ­սա­կան Ռա­պըրթ Տոլ­տի: Այս վեր­ջինն ալ իր կար­գին յայտ­նեց թէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գծով շա­րու­նակ պի­տի աջակ­ցի հա­յու­թեան հետ: Նա­եւ խօսք առին Քէն Խա­չիկ­եան (Հայ Դատ) եւ շրջա­նի “Քրիս­տա­փոր“ կո­մի­տէ­ու­թեան հեր­թա­պահ Կրէկ Պետ­եան:

Նշենք թէ, անց­եալ Կի­րա­կի, Ապ­րիլ 29-ին, կազ­մա­կեր­պո­ւ­թեամբ Իլի­նո­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին, ցու­ցադր­ուե­ցաւ “Voyage to Amassia“ վա­ւե­րագ­րա­կա­նը, բե­մադ­րու­թեամբ` Էրիք Խա­չիկ­եա­նի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles