ՆՇՄԱՐ․- ՍԱՀՄԱ՞Ն, Ո՞Ր ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ…

0 0
Read Time:4 Minute, 51 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

17 Մայիս 2021

Հայաստանի հրաժարեալ վարչապետին իւրաքանչիւր պաշտօնական յայտարարութիւնը յաւելեալ փաստ մը կ’արձանագրէ, թէ ան ու անմիջական գործակիցները որքա՛ն խզուած են իրական աշխարհէն, ամէն քայլափոխի կը հակասեն իրենք զիրենք եւ կարծէք թէ կ’ապրին մեր հայրենիքին դիմագրաւած ծանր տագնապներուն անհաղորդ մոլորակի մը մէջ:

Նորագոյն «արարին» ականջալուր եղանք Երկուշաթի, 17 Մայիսին, Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ 12 Մայիսէն ի վեր ստեղծուած վիճակին ներկայացման պահուն: Նախ ուրախացանք, որ իբրեւ արդիւնք բանակցութիւններուն՝ ազերիական ուժերը հեռացած են իրենց թափանցած շրջաններէն, յետոյ իմացանք, որ անոնք տակաւին կը գտնուին մեր հողերուն վրայ, հարցը չէ լուծուած: Հետեւեցան լուրեր, թէ՝ հզօր երկիրներու հետ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին եւ թէ՝ յաջորդ կարեւոր հանգրուանն է Չորեքշաբթի, 19 Մայիսը, երբ նախատեսուած է ՀԱՊԿի նախարարական ժողովը:

Այլ գիծի մը վրայ, հրաժարեալ վարչապետը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ՝ սահմանագծում տեղի կ’ունենայ երկկողմանի բանակցութեանց ճամբով, բացայայտ դարձուց, որ սահմանագծումի քայլերն ալ պիտի ըլլան եռակողմանի ձեւաչափով, ինչպէս որ կ’ըլլան… ճամբաներու վերաբացման օրակարգով:

Աւելի ուշագրաւ էր Փաշինեանի մէկ վճռական հաստատումը. հակազդելով Պաքուէն հնչած տեսակէնտներուն եւ սպառնալիքներուն, թէ՝ Ատրպէյճան Զանգեզուրի վրայով ՄԻՋԱՆՑՔ մը պիտի ապահովէ, եւ հարկին կրնայ ուժի դիմել այս առաջադրանքը իրականացնելու համար (թափանցումները դիտուեցան իբրեւ «նախաճաշակ», այնպէս՝ ինչպէս հնչած էին վերջին պատերազմը կանխած ազերիական սպառնալիքները), մեր հրաժարեալ վարչապետը հաստատեց, թէ «միջանցքի մասին որեւէ բանակցութիւն չէ եղած ու պիտի չըլլայ,» թէ՝ «ճամբաներու վերաբացումը Ատրպէյճանին համար ալ օգտակար պիտի ըլլայ, որքան՝ Հայաստանին»:

Եկէ՛ք, պահ մը չկասկածինք հրաժարեալին վճռակամութեան վրայ, սակայն չենք կրնար առանց մտահոգութեան լսել նման հաւաստիքներ: Ան 44-օրեայ պատերազմէն բաւական առաջ յայտարարած էր, թէ Արցախը Հայաստան է ու վերջ, Հայաստան երաշխաւորն է Արցախի անվտանգութեան, չի բանակցիր զիջումի կամ կորուստներու տրամաբանութեամբ եւ այլն, սակայն մենք բաց աչքերով տեսանք, թէ նման «բարի կամեցողութիւններ» ինչպիսի՜ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հանդիպեցան ազերիական կողմէն. Արցախի մօտաւորապէս 75 առ հարիւրը կորսուած է, Հայատանէն ալ պատառիկներ կը խլուին կամաց-կամաց, ամբողջ Սիւնիքը խլուելու սպառնալիքին տակ է «Միջանցքի խորագիր»ին տակ…

***

Մեր հայրենքին ապրած բազմապիսի եւ բազմախաւ ողբերգութիւններուն, անորոշութիւններուն մասին կարելի է երկար մեկնաբանութիւններ ընել, ենթապատկեր ունենալով մօտակայ եւ աւելի հեռուները գտնուող շրջաններու վերիվայրումները. արդէն այդ կ’ընեն հայրենի մամուլն ու քաղաքական ներկայացուցիչները՝ ընտրապայքարի բացումէն շա՜տ առաջ եւ անկէ ետք: Այդ բանավէճերուն շարքին, յաճախ կը խօսուի Հայաստանի սահմանին պաշտպանուած չըլլալուն մասին, ազերիական ոտնձգութիւններուն դէմ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ բացակայութեան մասին (անցեալ շաբաթ, իրանցի սահմանապահներ տեղն ու տեղը սպաննեցին իրենց հողերը թափանցած ազերի զինուորները, առանց հարց տալու՝ թէ անոնք «մոլորուա՞ծ են» թէ ոտնձգութիւն ընելու գացեր են: Պիտի ըսուի, որ մենք… Իրան չենք. սակայն նաեւ չմոռնանք, որ անցեալին, Արցախ եւ Հայաստան ներթափանցումի բազմապիսի փորձեր խափանուած են ու թափանցողները ձերբակալուած՝ երբ մեր հողերուն անձեռմխելիութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձած է): Անպատասխան կը մնան Ազգային ժողովի անդամներու եւ այլոց այն հարցադրումները, թէ պատերազմին դադրեցումէն աւելի քան 6 ամիս ետք, Հայաստանի բանակին ինչո՞ւ հրահանգ չէ տրուած պաշտպանական տարրական միջոցներու դիմելու: Եւ թող ո՛չ ոք մտածէ, թէ «Ատրպէյճանի հետ սահմանագիծը անորոշ է»-ն՝ քննութենէն յաջող նիշով դուրս գալու պատասխան մըն է…

Մեր նպատակը չէ մտնել վերլուծումներուն, հարց-պատասխանի ոլորապտոյտին մէջ (բոլորն ալ տեղին եւ արդար), այլ եկէ՛ք, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մը վրայ, որ կարծէք թէ կը վրիպի գրեթէ բոլորին՝ իշխանութեան թէ ընդդիմադիրներու ուշադրութենէն:

***

Փաստ է, չէ՞, որ Հայասատանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագծման հարցը կը քննարկուի այն տրամաբանութեամբ եւ մօտեցումով, որ կարծէք թէ անիկա ըլլար խորհրդային տարիներուն գծուած այս կամ այն քարտէսին հիմամբ տնօրինելի օրակարգ: Ռուսիա իսկ պատրաստակամութիւն յայտներ է օգնելու՝ որ սահմանագծում կատարուի:

Այո՛, սահմանագծում պէ՛տք է կատարուի, սակայն առանց մոռնալու, թէ այս օրակարգը ունի պատմական երեսներ:

Սկսինք… Արցախէն: Սահմանագծումի մասին խօսակցութիւնները բոլորովին մոռցած ըլլալ կը թուին Արցախէն խլուած հողերու հարցը. ստեղծուած է վիճակ, որ Արցախի հարաւային եւ արեւմտեան ծանօթ գօտիները պէտք է վերջնականապէս յանձնուած նկատել Ատրպէյճանին. միայն անորոշ արտայայտութիւններ կ’արձանագրուին՝ երբ կը խօսուի Մինսքի խմբակին առաքելութեան վերականգնումի եւ «Արցախի հողերուն ամբողջականութիւնը պահպանելու, ինքնորոշման իրաւունքին» եւ նման ընտրանքներու մասին: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններու ճշդումի հարցն ալ լռելեայն տուրք կու տայ այս «նուիրականացող» տրամաբանութեան, որովհետեւ լաւագոյն պարագային՝ կը խօսուի խորհրդային այս կամ այն տարին գծագրուած սահմաններուն մասին, հազուադէպօրէն ալ՝ սահմանի երկայնքին ապահովութեան՝ «ոչ-ոքի-հող» նեղ գօտիի մը, ինչպէս որ է պարագան իրարու հետ սահմանային-հողային հարցեր չունեցող դրացիներու: Մոռցուած են այն պարզ ճշմարտութիւնները, պատմական փաստերո՛ւ վրայ հիմնուած իրականութիւնները, թէ Արցախը՝ իր Գետաշէն-Շահումեանով եւ մնացեալ տարածքներով (ներառեալ՝ 9 Նոյեմբերի յայտարարագրէն ետք «նուէր տրուած» շրջաններով) ի հնումն պատկանած է Հայաստանին, անոնց 1918-ին ծնած Ատրպէյճանին յանձնումը անվիճելի անարդարութիւն էին (մոռցուած է մինչեւ իսկ Նախիջեւանը), թէ՝ Արցախը եղած է ու պիտի մնայ Հայաստանի արեւելեան գօտիին ապահովութեան երաշխիքը, ո՛չ թէ «ոչ-ոքի-հող» տրամաբանութեամբ, այլ իբրեւ Հայաստանի արեւելեան սահմանը, որմէ անդին է որ կարելի է խօսիլ «ոչ-ոքի-հող»՝ ապահովութեան գօտիի մասին:

Ահա թէ ո՛ւր կը գտնուի Հայաստանի իշխանութեան դիմաց ուրուագծուող ՀԱՆԵԼՈՒԿը, որ իր ամբողջական մերկութեամբ ու դաժանութեամբ պիտի ցցուի նաեւ յաջորդ իշխանութեան դիմաց: 12 Մայիսին ծայր առած վտանգաւոր զարգացումները յաւելեալ ջուր կը բերեն այն ջաղացքին, որ ազերիական ոտնձգութեանց դիմակայումը պէտք չէ կապել 20 Յունիսի ընտրութիւններուն, որովհետեւ, ինչպէս կը հաստատէր Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան յանձնախումբի «իմաստուն» նախագահը, Սեւ լիճին մօտակայ անպաշտպան բարձունքներուն պէս բազմաթիւ անպաշտպան կէտեր կան սահմանին երկայնքին, կէտեր՝ ուրկէ ազերիական ոչ-մոլորեալ ուժեր կրնան ներխուժել որեւէ պահու, վերջին օրերու փորձաքարէն ետք:

Այս բոլորը նաեւ յաւելեալ ապացոյց են, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները այս կամ այն անձին միջեւ ընտրանք կատարելու առիթ չեն, այլ քուէարկութեան կը դրուի մէկ կողմէ՝ Արցախի ու Հայաստանի մեծ ու փոքր պատառներով կորստեան, ու միւս կողմէ՝ այդ կորուստները կասեցնելու եւ կորսուածն ալ վերականգնելու օրակարգերը: Այսօրուան իշխանութիւնները ցոյց տուին, որ իրենց լաւագոյն բաղձանքներով եւ բարի տրամադրութիւններով հանդերձ, մատնուած են անկարողութեան, իսկ թէ ընդդիմադիրները ինչպիսի՞ կարողականութիւններ պիտի կարենան մարմնաւորել՝ կը մնան նոր գրաւին հասցէն:

Պէտք չէ կասկածիլ. Հայաստան սնանկացած չէ. զինուորական, քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական եւ երկիր մը յատկանշող բոլոր որոլտներուն մէջ, կան, չեն կրնար չըլլալ ԿԱՐՈՂ եւ ԱՏԱԿ անձեր: Յետ-անկախութեան տասնամեակները, հակառակ բազմապիսի թերութիւններու, փաստագրած են այս իրականութիւնը (կրնանք աւելի ետ ալ ճամբորդել պատմութեան մէջ): Ճի՛շդ է. այսօր կ’ապրինք տարբեր պայմաններու մէջ, սակայն այդ պայմաններուն ընդաջած գացողներ անպայման որ կան մեր հայրենիքին մէջ. անոնք է որ պիտի ստեղծեն սեփական ձեռքերով «ցուլին կոտոշները բռնելու» կարողականութիւնը, նաեւ հնարքները պիտի գտնեն՝ բարեկամին ու համաթուրանականութեան թիրախներուն հետ գործակցութեան դաշտերը ստեղծելու:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles