ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ .- ՉՀԱՍԿՑԱ'ՆՔ… ԵՒ ՀԱՍԿՑԱ'ՆՔ ՊԱՐՈՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

0 0
Read Time:2 Minute, 51 Second

Չհասկ­ցա’նք Ձեր այ­ցե­լու­թեան իս­կա­կան դրդա­պատ­ճառ­նե­րը, յար­գե­լի պա­րոն նա­խա­գահ:

Հասկ­ցա’նք, դժգոհ հա­յոր­դի­նե­րու ար­տա­յայ­տած յու­սա­խա­բու­թեան ընվ­զումն ու ցա­սու­մը:

Չհասկ­ցա’նք, թէ ձեր բաց­ման խօսքն ու որոշ չա­փով ար­տա­յայ­տած կար­ծիք­նե­րը չեն ար­տա­ցո­լաց­նէր թուղ­թեր մրո­տած այդ հան­րահռ­չակ եւ տխրահռ­չակ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու միտք բա­նին:

Հասկ­ցա’նք թէ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը — ամ­բող­ջա­կան թէ ոչ ամ­բող­ջա­կան, թե­րի թէ ան­թե­րի – կը նկատ­ուին վերջ­նա­կան եւ կա­րե­լի չէ բա­րե­փո­խու­թեան են­թար­կել:

Չհասկ­ցա’նք թէ եր­բեք չէք կա­րե­ւո­րեր եւ պայ­մա­նա­ւո­րեր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը, իբ­րեւ առաջ­նա­հերթ դրօշն ու «ալ­ֆան ու օմե­կան»՝ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու թղթած­րա­րին:

Հասկ­ցա’նք եւ քա­ջա­տեղ­եակ ենք թէ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­տար­ուած են շրջա­նէն ներս եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով հե­տե­ւո­ղա­կան ու ժրա­ջան աշ­խա­տանք տար­ուած է, ձեռ­նար­կե­լու այս ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­սին:

Չհասկ­ցա’նք թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի եղած էր մի­ա­միտ, տկար ու ահա­ւոր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը կի­րար­կել, հար­ցադ­րու­մի տակ առ­նե­լով Ար­ցա­խի ապա­գան, վտան­գի են­թար­կե­լով ազ­գա­յին պե­տա­կան շա­հե­րը եւ դեռ…

Հասկ­ցա’նք թէ բանն ումն էր: Թէ թրքա­կան ճար­պիկ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը, գոր­ծե­լա­ոճ մը, աք­ծա­նի մէջ առած էր իր դէմ գտնուող դիւ­րա­հա­ւատ, թոյլ ու տկար հայ­րե­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը:   

Վեր­ջա­պէս չհասկ­ցա’նք Պա­րոն նա­խա­գահ, այո’ չհասկ­ցա’նք թէ այլ «ֆութ­պո­լա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն» մըն ալ հոս՝ Նիւ Եոր­քի մէջ կը կա­տար­ուէր, ուր կա­մայ թէ ակա­մայ եր­կու խում­բեր հրա­ւիր­ուած էին, գէթ եր­բեմն ստի­պո­ղա­բար «մրցում» կա­տա­րե­լու:

Ի վեր­ջոյ հասկ­ցա’նք…շատ լաւ հասկ­ցա’նք, թէ մրցա­կից կազ­մե­րուն, այ­սինք մաս­նակ­ցող­նե­րուն թիւը ար­դար կեր­պով չէր ներ­կա­յաց­ուած: Ո՞ւր էին ակա­դե­մա­կան­նե­րը, պատ­մա­բան­ներն ու յատ­կա­պէս Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս մաս­նա­գի­տա­ցած դա­սա­խօս­նե­րը: Իսկ երբ խում­բի մը մար­զիկ­նե­րուն թիւը կը գե­րա­զան­ցէր մրցա­կից կազ­մի­նը…երբ հլու կա­մա­կա­տար՝ «այո-մար­դիք» (yes-men) սրահ ներ­կա­յա­ցած էին, այդ ժա­մա­նակ ներ­կայ իրա­ւա­րա­րին գործն ալ կա­մայ թէ ակա­մայ դիւ­րա­ցած էր: Ար­դիւնքն ալ յստակ էր…ազ­դան­շա­նէն առաջ իսկ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles