
ԵՐԵՒԱՆ.- “Ազատութեան“ հրապարակին վրայ` Սպենդիարեանի արձանին մօտ, խումբ մը քաղաքացիներ մոմ վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին` ի յիշատակ Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքի զոհերու յիշատակին: Նորվեկիոյ ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնելու միտումով, այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան շուրջ վաթսուն քաղաքացիներ: Մայրաքաղաք Օսլոյի դատարանին որոշումով, Նորվեկիոյ զոյգ յարձակումները գործած գլխաւոր կասկածելիին` Անտերս Պեհրինկ Պրիվիքին դատավարութիւնը առաջին ունկնդրութիւնները կատարուեցան դռնփակ` առիթ չտալով յանցագործին, որ իր հակաիսլամական գաղափարներով վարակէ հանրութիւնը: Յանցագործը ստանձնած էր անցեալ շաբաթավերջին կատարուած երկու յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը, եւ փափաքած, որ իր դատավարութիւնը ըլլայ դռնբաց, որպէսզի հանրութեան ներկայացնէ իր կատարած արարքին դրդապատճառները: