
Հոկտեմբեր 3, 2009-ին, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի ժամանէ Նիւ Եորք եւ տեսակցութիւն ունենայ տեղւոյն հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ խօսակցութիւններ ունենալու համար: Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէն եւ քոյր միութիւններ, հրաւիրուած են այս հանդիպումին:
Հոս տեղին է յստակացնել թէ Մենք պիտի ներկայ ըլլանք այս հանդիպումին եւ առիթը պիտի չփախցնենք մեր ընդվզումը արտայայտելու եւ Նախագահին փոխանցելու թէ այս արձանագրութիւնները կը վտանգեն մեր հայրենիքին՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, ազգային պատկանելիութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան կը յայտնէ թէ կը կատարէ շրջապտոյտ մը, լսելու գաղթօճախներու հայութեան կարծիքն ու տեսակէտները: Ընդհանրապէս, արձանագրութիւններու կարգաւորումն ու մշակումը կատարուելէ առաջ է, որ այսպիսի լսարաններ կը կազմակերպուին, ո°չ թէ արդէն իսկ բանաձեւումը կատարուելէ ետք: Այսպիսի անտրամաբանական դասաւորումներու կողքին աւելցնենք թէ հայրենի ղեկավարութիւնը փոփոխութեան պիտի չենթարկէ որեւէ արձանագրութիւն:
Այս անցուդարձերու լոյսին տակ, ՀՀ նախագահին այցելութիւնը ոչ թէ միայն ուշ է, այլ նաեւ զուրկ է քաղաքական եւ բարոյական անկեղծութիւնէ, մանաւանդ որ երկու պետութիւններն ալ՝ Հայաստան եւ Թուրքիա, պաշտօնապէս յայտնած են թէ արձանագրութիւններուն գործընթացը արագացուցած են եւ յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին, պիտի կատարուին վերջնական ստորագրութիւնները:
Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան շրջանը կը նկատուի հայկական սփիւռքին ամենահին շրջաններէն մէկը, յատկապէս 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն կազմուած: Այս վերապրողները, շարունակ պահելով իրենց պատկանելիութիւնը, բուռն պայքար մղեցին, որպէսզի պատշաճօրէն ճանչցուի այդ Եղեռնը եւ կատարուի յատուցում: Դժբախտաբար, այսօր կարգ մը Սփիւռքեան կազմակերպութիւններ երկդիմի կարծիքներ կ’արտայայտեն եւ նոյնիսկ կը շնորհաւորեն այս Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, մերթ քննադատելով Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը թէ սխալ ընթացքի մէջ է: Կը նկատենք թէ, այլազան պատճառներով, ոմանք պիտի շարունակեն այս սխալ ընթացքը:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, նոյնիսկ կատարած է զիջումներ, սակայն միշտ ալ թիկունք կանգնած ըլլալով հայրենիքի ազգային շահերը պաշտպանող քաղաքականութեան:
Սակայն, կարգ մը հարցերէ ներս կարելի չէ տեղի տալ ու զիջիլ, յատկապէս երբ առաջնահերթ իրաւունքներ են: Այս միտումով, առանձ տատամսումի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը մերժէ արձանագրութիւններուն կարգ մը կէտերը.-
– Թուրքիոյ տարածքային անխախտելիութեան սկզբունքին առանձնապէս համաձայնութիւն տալը համազօր է հողային պահանջատիրութենէն հրաժարումի ամրագրումին եւ կը դադրեցնէ ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան որեւէ աշխատանք:
– Հայոց Ցեղասպանութեանը »անկողմնակալ« եւ »գիտական« հիմերու վրայ քննարկումը, օգտագործելով պատմական արխիւներ, այն տպաւորութիւնը կը ձգէ թէ Եղեռնը դեռ չէ ուսումնասիրուած եւ քննարկումի առարկայ կը դարձնէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
– Հայաստանի թիկունք կանգնիը դրացի երկիրներու հողային պահանջատիրութեան, կը նշանակէ Արցախի ժողովուրդի ինքնավարութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ:
Մենք չենք կրնար համոզել որ հայորդի մը, որ մասնակցած է Ապրիլ 24-ի ցոյցերու, գիրկնխառնօրէն թիկունք կանգնի այս արձանագրութիւններուն: Այն հայորդին որ պայքարած է իր նահանգէն ներս, ի նպաստ Եղեռնի յօդուած մը վաւերացնելու: Այն հայորդին, որ արցունք թափած է Եղեռնէն վերապրողներու սարսափելի յուշերը մտիկ ընելով: Այն հայորդին, որ նուիրատուութիւններ կատարած է ի նպաստ Արցախի մէջ գործող մանկապարտէզի, կամ յարգած է յիշատակը ի նպաստ հայ դատին զոհուած այդ հայ մարտիկին:
ՀՀ-ի այս որոշումն ու արձանագրութիւններուն ստորագրութիւնները պիտի վտանգէ Հայ Դատի գործին համար տարուած աշխատանքն ու գործընթացը, նաեւ պիտի փճացնէ տարիներու ընթացքին կատարուած հետեւողական աշխատանք մը: Փոխարէն, պիտի գոհացնէ ներկայ թուրք ղեկավարութեան փափաքը, որ միշտ ալ լռութեան մատնել եւ ծածկել է »Հայկական Հարց«ը:
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2009-ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն այս յայտարարութիւնն է որ պիտի փոխանցէ նախագահ Սերժ Սարզսեանին: Մենք վստահ ենք, որ յատկապէս ներկայ պղտոր օրերուն, գաղութի անդամները թիկունք պիտի կանգնին մեր ընթացքին:
Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէ
Սեպտեմբեր 29, 2009