«ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՉԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԻՐ, ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԿԸ ՆՈՒԱՃՈՒԻ»

0 0
Read Time:4 Minute, 9 Second

Յ. Պալեան

«ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՉԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԻՐ, ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԿԸ ՆՈՒԱՃՈՒԻ»

Անտրէ Մալրօ,

ֆրանսացի գրող, մշակոյթի նախարար, Ի դար*

 

            Ֆրանսացի գրող, մտաւորական, արտակարգ եւ ստեղծագործ մշակոյթի նախարար Անտրէ Մալրոյի զանազան առիթներով խօսած ճառերը ամփոփած գիրքը կը կարդայի: Կանգ առի անոր Յունաստան արտասանած ուշագրաւ եւ խիտ միտքին վրայ. խորագիրը՝ այս մտորումներուն:

            Արդարեւ, մշակոյթը ժառանգուած արտի կամ բնակարանի չի նմանիր,  ան աննիւթական է, կ’ապրի իւրաքանչիւր ժառանգորդի հետ, ապա թէ ոչ կը դառնայ պատմութիւն, թանգարանային իր, կ’այլասերի, կը մեռնի:

            Թութակաբար կը կրկնենք, որ մեծ մշակոյթ ունինք, օտարին առջեւ կը հպարտանանք, անուններ կը յիշենք, իսկ երբ օտարը խօսի հայ մշակոյթի մասին՝ կ’երջանկանանք: Հարց կու տա՞նք մենք մեզի, թէ ի՞նչ է մշակոյթը, ի՞նչ է մեր մշակոյթը, ի՞նչ կը ներկայացնէ ան անհատաբար մեզի համար, եւ մեր պատկանած հաւաքականութեան, երկիր, քաղաք, ղեկավարութիւն, մտաւորականութիւն, աշխատաւորութիւն, հիմա նաեւ՝ բազմադէմ եւ տարբեր մշակոյթներով սնած սփիւռք(ներ), ուր հարազատ մշակոյթի խցկուելիք տեղը այնքան փոքրացած է, աննշան, որ ան պարզապէս համեմ է:

            Մշակոյթը ամբողջ մըն է ճանաչումներու, արժէքներու, աւանդութիւններու, սովորութիւններու, հաւատքներու, որոնց վրայ կը գումարուին մարդկային տուեալ հաւաքականութեան բարքերը, վերաբերումները, ներառեալ բարոյական արժէքները՝ անհատական եւ հաւաքական, կեանքի ըմբռնումը, ըենկերային կազմակերպութիւնը: Մշակոյթը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, անով է որ այսօր ապրող անհատը եւ սերունդը շարունակութիւն կ’ըլլան, անով կը փոխանցուին խորհրդանիշներ, որոնք կ’իմաստաւորեն խմբաւորումը, անոնցմով իրենք զիրենք կը սահմանեն անհատը եւ հաւաքականութիւնը, ինչպէս կրօնը, ընկերային կազմակերպութիւնը, բարքերը, լեզուն, գրականութիւնը, խոհանոցը, ճարտարապետութիւնը եւ հաւատալիքները:

            Այս բարդ ամբողջը, կը ժառանգուի, կը ստացուի, իւրաքանչիւր ստացողի հետ կ’ապրի, կը թարմանայ, կը զարգանայ: Մշակոյթը կը նուաճուի իւրաքանչիւրին կողմէ, շարունակութիւն ըլլալու համար, կը դառնայ միացման եւ հաւաքական ինքնութեան շաղախ:

            Կը խօսինք համամարդկային մշակոյթի մասին: Իրողութիւնը այն է, որ կան Մշակոյթներ, իրարմէ տարբեր: Իւրաքանչիւրը ինքնուրոյն է: Տնտեսական-արտադրական-սպառողական համաշխարհայնացումը ինքնուրոյնութիւնները կը սպառնայ անհետացնել, մօտ կամ հեռաւոր ապագային, ծնունդ տալու համար Հերպըրթ Մարքիւզի միատարածք մարդուն, կամ թուանշաններով ճանչցուող Օրուէլի մարդուն: Մարդիկ՝ որոնք պիտի նմանին գործարանի մը արտադրած բազմաթիւ նոյնատեսակ ապրանքին:

            Պատմութեան դաժան օրերուն բանակներ կը ներխուժէին այս կամ այն երկիրը, կը պարտադրէին առաւել կամ նուազ արմատական փոփոխութիւններ, երկիրներ եւ ընկերութիւններ կը դադրէին շարունակութիւն ըլլալէ, կը դառնային այլ: Պատերազմները իրենց հետ կը բերէին նոր բարքեր, տարբեր կրօններ եւ ըմբռնումներ, տարբեր լեզուներ: Քարտէսներու հետ կը փոխուէին կրօնները, մշակոյթները, լեզուները, ընկերային կարգերը եւ բարքերը: Այսպէս անհետացած եւ պատմութիւն դարձած են ժողովուրդներ, ազգեր, պետութիւններ, լեզուներ:

            Արմատական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, եւ տեղի պիտի ունենան, երբ հաւաքականութիւնը անկարող ըլլայ նուաճելու իրեն հասած ժառանգութիւնը:

            Մեր ժողովուրդը ինքնաքննարկում պէտք է ընէ քաջութեամբ, առանց ինքնարդարացման ճապկումի, հասկնալու եւ ճշդելու համար, որ ինչ որ հայ մշակոյթ տարազին տակ կը դրուի, իրապէս հաւաքականութիւնները զօդող եւ անոնց իւրայատուկ նկարագիր տուող հասարակաց ըմբռնո՞ւմ է, շարունակութեան մը վկայութի՞ւն: Ան ստացուած, իւրացուած, սերունդներու հետ հարստացած եւ փոխանցուող ինքնութիւն կերտո՞ղ է այսօր: Ինչ որ կը կոչենք հայ մշակոյթ հարստացնող հարազատի մը շարունակութի՞ւնն է, պատկանելիութեան կնիք եւ հոգեմտաւոր հորիզոն, թէ՞ տեւաբար կարկտնուող եւ մաշող յիշատակ, ազդեցութիւններու բեռով եւ գործնապաշտական անպատասխանատուութեամբ:

            Կամաւոր կուրութեամբ չենք տեսներ, որ հեռացած ենք ինքնութիւն կազմող մշակոյթէն, եւ կը շարունակենք հեռանալ: Տեղ մը լեզուն բոլորովին անհետացած է եւ փոխարինուած է բան չնշանակող «զգացումով հայ եմ» բացատրութեամբ, ուրիշ տեղ ան այնքան աղճատած է, որ այլեւս դադրած է շարունակութիւն-մշակոյթ ըլլալէ: Յոռեգոյնը այն է, որ Հայաստան անգամ, անպատասխանատուութեամբ, անցեալին եւ այսօր թխուող հազարաւոր օտար բառերը տեղ գտած են խօսակցական լեզուին, քաղաքական բարբառին եւ մամուլին մէջ, եւ լեզուն կ’այլասերեն:

            Այս ընթացքով, ինչպէս ըսած էր անցեալ դարու հայ գրողը, կ’ըլլայ «նորի սկիզբ, բայց ոչ նախկինի շարունակութիւն»:

            Այս ազգային գոյութենական խնդիրը կարծէք չի տագնապեցներ, ներսը եւ դուրսը: Գիտակից փոքրամասնութիւնները, բջիջները, չեն լսուիր, անոնք լսուելու հնարաւորութիւն չունին: Իշխանատենչութիւնը, սանձարձակ նիւթապաշտութիւնը, ի գին ամէն բանի պատշաճելու կիրքը, սպառողական ընկերութենէն առաեւլագոյն չափով օգտուելու, պատշաճելու եւ յաջողելու տենդը սեփական մշակոյթը դարձուցած են հինցած կարպետ, լաւագոյն պարագային՝ թանգարանային իր:

            Կարծէք մեր մշակոյթը սոսկ ժառանգութիւն է, ինչպէս արտը, տունը, գորգը, ան մեզմով չ’ապրիր, չի շնչեր: Վերջին բջիջները վկայութիւն են: Սեփական մշակոյթին տէր զանգուած չկայ: Ամէն օր նահանջելով, լեզուն աղճատելով, լեզուն մոռնալով, աւանդութիւնները անտեսելով, հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը անհարազատ կաղապարի մէջ դնելով, կը դադրինք մեր մշակոյթը նուաճելէ, ան կը դադրի իր հարազատ շնչառութեամբ ապրելէ:

            Տասնեակներով «կուսակցութիւնները», հարիւրաւոր «կազմակերպութիւնները», առաջնորդ ըլլալու փառատենչիկները, այսօր իրենց աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ տեղ մը արձանագրա՞ծ են ստացուած  ժառանգութիւն-մշակոյթը իրապէս նուաճել, որպէսզի օր մը մեր մասին անցեալով չխօսուի:

            Այս հիմնահարց է. ո՛չ բեմ, ո՛չ երթեւեկային ցուցադրութիւն, ինչպէս կ’ըսուի՝ շաու, նաւապետներով՝ որոնք երկինքի աստղերը կարդալ չեն գիտեր, պատմութեան ծովերուն վրայ ուղղութիւն ճշդել եւ իրենց վստահուած ճամբորդները անվնաս եւ անկորուստ հասցնել հոն՝ ուր անոնք պէտք է հասնին:

            Մշակոյթը ազգի ինքնութիւն եւ ճակատագիր է, ոչ բրածոյ:

            Չիւրացուող Մշակոյթը կենդանի չէ, չի նուաճուիր, կը մեռնի, իր հետ տանելով անոր այլացած անուանական ժառանգորդները: Այս փոխակերպումը (mutation), Հայաստան կ’ըսեն մուտացիա, պէտք չէ դիտել մատներու արանքէն, ժողովուրդը ամբոխահաճութեամբ քնացնելով եւ կողմնապաշտական չարաշահումներով հաւաքականութիւնը զրկել մտածելու հնարէ եւ յանձնառութեան գիտակցութենէ:

            Տեղատուութիւններու եւ այլասերումներու վառ օրինակը նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, տեւաբառ բազմացող օտարալեզու ծանուցումներն են, վասն արդիականութեան՝ ամերիկերէն եւ լատինատառ: Տեսնողներ ըլլալու են, բայց չկան արգելք եղողներ:

            Հայաստան(ներ)ի եւ սփիւռք(ներ)ի ներկան եւ գալիքը պիտի դիտե՞նք ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹ ՆՈՒԱՃԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ: Այս ո՛չ աթոռ է, ո՛չ փող ու թմբուկ,  այլ՝ հայ ազգային իրաւութիւն: Ունի՞նք: Կ’ունենա՞նք:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles