ՄԱՅԻՍՄԷԿԻ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ.- ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԸՆԴՄԻՇՏ ՃՆՇԵԼ

0 0
Read Time:6 Minute, 47 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աշխարհը իր աքցանին մէջ բռնած տնտեսական տագնապը պատճառ դարձած է, որ վերջին տարիներուն, Աշխատաւորներու Համաշխարհային Օրը` Մայիս Մէկը, զգենու վերանորոգուած դիմագիծ: Աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ Մայիս Մէկի ցոյցերն ու տողանցքները ունին նոյն հասարակաց խորագիրը` բողոք, ընդվզում եւ յեղափոխական տրամադրութիւն` ընդդէմ զանգուածներու նորօրեայ ստրկացումին, կեղեքումին ու թշուառացումին, բողոք եւ ընդվզում պետական իշխանաւորներու, թէ զանոնք իշխանական աթոռներու նստեցնող իսկական տէրերուն` աշխարհի նիւթական կարողութիւնները իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնող աշխարհածաւալ ընկերութիւններուն դէմ:

Ի դէպ, Մայիս Մէկը, ինչպէս նկատելի է, բողոքի նման դրսեւորումներու օրերէն մէկն է միայն. փաստօրէն, բոլոր ցամաքամասերու քաղաքներու մէջ, իրարմէ անկախ, բայց միշտ նոյն տագնապին արձագանգող հրապարակային ցոյցերը յաճախակի երեւոյթ դարձած են, իսկ այս տարի, Մայիս Մէկը եկաւ մինչ այդ տարտղնուած ձեւով իրագործուող ցուցական ելոյթներուն տալու միասնական դիմագիծ մը. տարբեր մայրաքաղաքներէ բարձրացաւ նոյն կոչը` Մայիս Մէկը հռչակել գործադուլի, դասադուլի եւ ամէն տեսակի առեւտուրէ ետ կանգնելու, եւ ո՛չ միայն աշխատաւորներու իրաւունքներուն հանդէպ յարգանքի վերահաստատման օր, որպէսզի նիւթական մենաշնորհներով արդի աւատապետութիւն հաստատած ընկերութիւններն ու անոնց գործակից իշխանաւորները անդրադառնան, որ ժողովուրդին արտադրող մեծամասնութի՛ւնն է մարդկային ընկերութեան հենքը, առանց որուն, աշխարհը կրնայ դադրիլ թաւալելէ, այսինքն` դուրս գալ իր բնականոն ընթացքէն:

Բնական է, որ իւրաքանչիւր երկրի մէջ Մայիս-մէկեան ցոյցերը եւ բողոքի արտայայտութիւնները ունեցան որոշ իւրայատկութիւններ. յատկապէս տնտեսական-ընկերային սուր տագնապներու ոլորապտոյտին մէջ բռնուած եւրոպական քաղաքներու մէջ, բողոքի ճիչերը ուղղուած էին ոչ միայն ապիկար կառավարութիւններուն, այլ նաեւ` զանոնք իրենց նիւթական հզօրանքի մականիին ենթակայ` ստրուկներու վերածող ելեւմտական հիմնարկներուն դէմ, ինչպիսին են Համաշխարհային Դրամական Հիմնադրամն ու Միջազգային Դրամատունը, որոնք տասնամեակներ առաջ ծնունդ առած էին դժուարութեան մատնուած երկիրներու աջակցելու տրամաբանութեամբ ու առաքելութեամբ, սակայն արդէն կը մարմնաւորեն կեղեքիչներուն գահերը…

 

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒ

 

Միացեալ Նահանգներու մէջ, որ դարձած է հոմանիշ-դիմակը` աշխարհը օրինական միջոցներով կողոպտողներուն, Մայիս Մէկը այս տարի վերադարձաւ իր արմատներուն: Հակառակ անոր, որ Մայիս Մէկի շարժումը ծայր առած է Միացեալ Նահանգներէն, իբրեւ մարմնաւորումը աշխատաւորին իրաւունքներու պաշտպանութեան պայքարին, այսուհանդերձ, այդ օրը շուտով “արտաքսուած“ է ամերիկեան պաշտօնական տօներու ցուցակէն. Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած է   Աշխատանքի Օրը, որ յամենայնդէպս ըստ էութեան ու նկարագիրի` աղճատումի ենթարկուած է ու վերածուած` զուարճալի արձակուրդ վայելելու օրուան մը: Մինչդեռ, Մայիս Մէկը խորհրդանիշն էր ու կը մնայ այն պայքարին, որ տասնամեակներ շարունակ (չըսելու համար` դարերով) մղուած է, որպէսզի արտադրող ու հանրութեան ծառայող ձեռքերը արդարութիւն վայելեն, դուրս գան աշխատանքի ստրկացնող դրութենէ, ճշդուին աշխատանքի տրամաբանական ժամեր, աշխատաւորը ունենայ ընկրային-առողջապահական որոշ իրաւունքներ ու զանոնք ապահովող դրութիւններ եւայլն: Ֆրանսական Յեղափոխութիւններէն առաջ ու ետք, ու նոյնինքն նման շարժումներով զարգացում ապրող մարդկային ու աշխատաւորական իրաւունքները տարածում գտած են տարբեր երկիրներու մէջ, նոյնպէս ալ` Միացեալ Նահանգներու, ուր 19րդ դարու վերջին երկու տասնամեակները այս իմաստով եղած են պատմական: Իսկ դար մը ետք, ու յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն, նիւթական անսպառ միջոցներով օժտուած այս երկրին մէջ, ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով աշխատանք կը տարուի, որպէսզի դարերու ընթացքին ձեռք բերուած իրաւունքներն ու արդարութեան ձգտող հաւասարակշռութիւնը արագօրէն շրջուի, աշխատաւորական համախմբումներ կորսնցնեն իրենց յենարաններն ու գոյութեան իմաստը, համադաշնակցութիւններ ու ընկերակցութիւններ վերածուին քննադատութեան թիրախի եւ իբրեւ թէ ատելի դարձած գաղափարներ մարմնաւորողներու, որոնցմէ պէտք է խորշին զանգուածները եւ կուրօրէն տարուին… զինք կողոպտող ու թշուառութեան մատնող փոքրամասնութեան քարոզչութեամբ:

Անցեալ տարիներուն, Մայիս Մէկը Միացեալ Նահանգներու մէջ հագած էր բողոքի որոշ արտայայտութեան մը պատմուճանը. անիկա վերածուած էր ապօրինի գաղթականներու նկատմամբ ի գործ դրուած պետական միջոցառումներու դէմ բողոքի օրուան: Մինչդեռ այս տարի, անիկա եղաւ համաժողովրդային շարժումի մը նոր դիմագիծ ու մղում տուող օր, իր դրօշը տարածելով աւելի քան 125 քաղաքներու վրայ, ներառեալ Նիւ Եորքը, Պոսթընը, Լոս Անճելըսը, Սան Ֆրանսիսքոն, Օքլէնտը, Սիէթըլը, Ֆիլատելֆիան ու նման բազմամարդ քաղաքներ: Վերանորոգուած երեւոյթ էր նաեւ այն, որ բողոքի այս արտայայտութիւնները հրապարակ եկան գործադուլի-դասադուլի տրամաբանութեամբ, եւ ո՛չ միայն ցոյց կատարելու մօտեցումով: Իսկ գործադուլը, ինչպէս ծանօթ է, քաղաքական աքթ է, գործադուլի դիմողը կը գտնուի աշխատավարձք կորսնցնելու կամ մինչեւ իսկ գործազուրկ դառնալու սպառնալիքին տակ: Սա պատճառ էր, որ գործադուլն ու դասադուլը ըլլան մասնակի, ոչ այնպէս, ինչպէս կ՛ըլլայ աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ:

Արձագանգ ըլլալով աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ գրեթէ ամենօրեայ յաճախակիութիւն ստացած ցուցական արարքներուն, ամերիկեան քաղաքներու ցուցարարները առաւելաբար խաղաղ համախմբումներ կազմակերպեցին գլխաւոր հրապարակներու վրայ, թէեւ բիրտ արարքներ ու ոստիկանական նոյնքան բիրտ միջամտութիւնները բացակայութիւն չարձանագրեցին: Օրինակ, Լոս Անճելըսի մէջ, Մայիս 1ի յետմիջօրէէն սկսեալ, բազմահազար ցուցարարներ, տարբեր ցեղերէ ու մշակոյթներէ, չորս գիծերու վրայ` արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն, “արշաւեցին“ դէպի քաղաքամէջի “Փըրշինկ“ հրապարակը, ուր տեղի ունեցան հրապարակային ճառեր, արուեստի ելոյթներ: Բողոքի ելոյթները ունէին բազմաթիւ ենթախորագիրներ, որոնք կը խմբուէին մէկ ընդհանուր խորագիրի տակ. ՎԵՐՋ ՏԱԼ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, ԿԵՂԵՔՈՒՄԻՆ, ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՊՐՈՒՍՏԻ ԲԱՒԱՐԱՐՈՂ ՄԻՋՈՑՆԵՐ:

 

ՀԵՏԱՊՆԴՈՒԱԾ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ

 

Որոնք էին ենթախորագիրնե՞րը:

Նորութիւն չէին: Երիտասարդ ու տարեց, սպիտակամորթ, սեւամորթ, կարմրամորթ (լատին-ամերիկեան ցեղերէ), ասիական արեւելքցիներ` դեղիններ, համախմբումներ կազմակերպած էին, պահանջելու համար, որ

  • Արդար մօտեցում ցուցաբերուի ապօրինի կերպով Միացեալ Նահանգներու մէջ գործի կոչուողներու նկատմամբ,
  • Դարմանումի միջոցներ որդեգրուին տնտեսական-ընկերային անհաւասարութեան (ժողովուրդի մէկ առ հարիւրին վայելած առատութիւնն ու 99 առ հարիւրին կեղեքումին հետեւանքները),
  • Վերատեսութեան ենթարկուին երկրին երիտասարդութիւնն ու նիւթական կարողականութիւնը յումպէտս վատնող անվաղորդայն պատերազմներուն ու այլ երկիրներու ներքին հարցերուն անհեռատես միջամտութեանց ընթացքը (ի՜նչ աղուոր զուգադիպութիւն. Օպամա երէկ Աֆղանիստանի մէջ… ընտրապայքար կը տանէր),
  • Դարման` անգործութեան (որ իրողապէս կ՛աճի, հակառակ պետական հաւաստիքներուն, թէ անգործութիւնը սկսած է նահանջել),
  • Անբնակարան մնացողներու տագնապը արդար լուծում գտնէ, ընդդէմ դրամատուներու անբարեխիղճ ու դաւադիր վարմունքին (պէտք կա՞յ մանրամասնելու. հաւանաբար կ՛արժէ արձանագրել գոնէ մէկ կէտ. ամերիկեան հինգ դրամատուներ, որոնք օգտուած են փրկելու պետութեան բազմահարիւր միլիառի հասնող օժանդակութենէն, այսօր իրենց հակակշիռին ենթարկած են Միացեալ Նահանգներու տնտեսական ներուժին 56 առ հարիւրը. Ճէյ. Փի. Մորկըն, Պէնք աֆ Ամերիքա, Սիթի Կրուփ, Ուէլզ Ֆարկօ եւ Կոլտմէն Սէքս միասնաբար ունին 8.5 թրիլիըն տոլարի հասնող դրամագլուխ, իսկ անդին, կարգ մը քաղաքներու շուրջ հիմնուած են բնակարանը դրամատան կորսնցնողներու` անտունիներու վրանաքաղաքներ…),
  • Ուսանողները ծանր պարտքերու տակ ընկճելու “տնտեսական քաղաքականութեան“ վերջ տրուի (Ապրիլի վերջերուն, յայտարարուեցաւ, որ ամերիկացի ուսանողներու պարտքերուն կուտակումը հասած է մէկ թրիլիըն տոլարի),
  • Սակարանային Շուկային անիշխանականութիւնը (աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ըսել` մենատիրական ու քմահաճ չարաշահութիւնները) սանձուին, մէկ խօսքով` անհակակշիռ դրամատիրութիւնը` դրամի տիրապետութիւնը հակակշիռի ենթարկուի,
  • Ոստիկաններու յաճախակի դարձած վայրագութիւնները զսպուին, եւայլն…

 

99%Ը ԸՆԴԴԷՄ 1%ԻՆ

 

Եթէ Մայիս Մէկի յիշեալ ցոյցերն ու բողոքի արտայայտութիւնները ամերիկացի ժողովուրդին դառնութիւնները ձեւով մը կամրջեցին աշխարհի այլ ժողովուրդներու դառնութիւններէն բխող ալիքներուն հետ, անոնք ըստ էութեան նորութիւն չէին, այլ նոր խորք ու ծաւալ տուին շարժումի մը, որ նոյն դառն աղբիւրներէն ջուր խմելով` մարմնաւորուած էր անցեալ Սեպետեմբերին ու գտած` բուռն հակազդեցութիւն: Ծանօթ է, որ անցեալ Սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն սկիզբ առաւ “Գրաւում“ի շարժում մը, որ իբրեւ առաջին թիրախ ընտրեց “Ուոլ Սթրիթ“ը, շահարկումներու եւ խաղքութեանց աշխարհի գլխաւոր “մայրաքաղաք“ներէն մէկ, ապա, համապատասխան արձագանգներ գտաւ այլ քաղաքներու` Սան Ֆրանսիսքոյի, Օքլէնտի, Լոս Անճելըսի մէջ եւ այլուր: Նստացոյցերն ու որոշ թաղերու, հանրային վայրերու գրաւման ելոյթները շարունակուեցան քանի մը ամիս, սակայն ի վերջոյ բռնի միջոցներով դադրեցուեցան. ոստիկաններ արցունքաբեր կազեր ու երբեմն ալ բիրեր գործածեցին ցուցարարներուն դէմ (ինչպէս Մայիս Մէկին), շարժումը նսեմացուեցաւ, ստեղծուեցաւ այն զգացումը, թէ ժողովուրդը կարողութիւնը չունի ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ, բարեփոխութիւն բերող շարժում մը յառաջացնելու եւ զայն աննահանջ ընթացքի մէջ դնելու (խօսքը օպամայական փոփոխութեան մասին չէ անշուշտ), սակայն ահա դարձեալ հրապարակ կու գայ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ հետամտութեան դրօշով, հպանցիկ կերպով շփուելով նաեւ նախագահական ընտրապայքարին հետ, փոխադարձաբար թեկնածուներն ալ շփման մէջ դնելով դառն իրականութիւններուն հետ:

…Երբ անցեալ Սեպտեմբերի շարժումը կը խմորուէր ու կը սկսէր լուսարձակներ գրաւել, ստեղծուած էր այն տպաւորութիւնը, որ զանգուածը, մարդկային ու ընկերային տարրական իրաւունքները կորսնցուցած զանգուածը ի վերջոյ զգաստացած է ու սկզբնաւորած` “տէրեր“ը զգաստութեան հրաւիրող շարժումը: Անիկա սպասուած արձագանգը չգտաւ զանգուածային լրատուութեան մէջ, առաւելաբար ծաւալ ստացաւ արդի արհեստագիտութեան ընձեռած գործիքներուն ճամբով: Հիմա, շարժումին ղեկավարները (եթէ կարելի է զանոնք ղեկավար կոչել) կ՛ըսեն, որ Մայիս Մէկը կը հանդիսանայ երկրորդ ալիքը, որուն պիտի յաջորդեն հետզհետէ բարձրացող այլ ալիքներ, որպէսզի իրաւատիրութիւնը վերածուի շարունակական քայլարշաւի, ի վերջոյ դարմանումի ճամբուն մէջ դրուին բազմատեսակ վէրքերը:

“99 առ հարիւրը ընդդմէմ 1 առ հարիւրին“ նշանախօսքով աւելի քան 7 ամիս առաջ ճամբայ ելած երթը վստահաբար նոր քայլերով հրապարակ պիտի գայ ապագային ալ, առաջնորդելու համար յեղաշրջում մը, յեղափոխութի՛ւն մը, որ կարենայ արդի աւատապետներէն վերստին խլել բարօր ապրուստի-աշխատանքի ղեկը, վերարժեւորել գաղափարներն ու անոնց խորքային արժէքները, ցոյց տալ, որ դարերու պայքարով ձեռք բերուած իրաւունքներն ու բարօրութեան պայմանները կարելի չէ քանի մը տարուան մէջ շրջել, նահանջի մատնել, չեղեալ դարձնել. աշխատաւորը կարելի չէ զրկել այդ բոլորը կազմակերպ քայլերով հետապնդելու իր բնական իրաւունքէն, որովհետեւ այլընտրանքը պիտի ըլլայ ֆրանսական, ռուսական, սպանական կամ այլ յեղափոխութեանց տարբերակը:

Բռնամիջոցները, որքան ալ որ անոնք ըլլան թաւշեայ ձեռնոցներու միջոցով, դատապարտուած են ձախողութեան ու կասեցումի: Բոլոր յեղափոխութիւններն ալ, միտքի թէ զէնքի, անցած են կասեցումի, անյաջողութեան հանգրուաններէ, սակայն ի վերջոյ գտած են Արդարութիւնը իր գահին վերադարձնելու ճամբաները: Ինչ որ դժուարին ու անյաղթահարելի կրնայ թուիլ այսօր, վաղը պիտի դառնայ կարելի ու իրագործելի, որովհետեւ անհաւասարակշիռ կացութիւնները չեն կրնար յաւերժ շարունակուիլ: Այդ ցոյց տուած է արդի պատմութիւնը, անհատ երկիրներու թէ համաշխարհային առումով:

Մայիս 1, 2012

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles