
Դեկտեմբեր 23, 2010-ին, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մարօ Ֆրունճեանի ներկայութեամբ, հիմը դրուեցաւ Տուպայի եւ Շարժայի Հ.Օ.Մ.-ի նոր միաւորին: Այս Մեկուսի մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը արդիւնք էր ժամանակէ մը ի վեր ընթացող նախապատրաստական աշխատանքներու, որոնք սկսած էին նախորդ Կեդրոնական Վարչութիւններու օրով ու շարունակուած 2009-ին ընկհ. Վիգի Մարաշլեանի կողմէ շրջանին տրուած այցելութեամբ:
«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ապրող հայութիւնը աւելի քան հինգ տասնամեակի պատմութիւն ունի. այդ ընթացքին համայնքը յաջողած է բաւական լաւ ձեւով կազմակերպել իր ազգային կեանքը: Հ.Օ.Մ.-ի միաւորի հիմնադրութիւնը տեղի հայ համայնքի կազմակերպման ճիգերուն բնական շարունակութիւնն էր»,- հաստատեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մարօ Ֆրունճեանը:
«Հինգ հայուհիներով սկսանք խորհրդակցիլ Հ.Օ.Մ.-ի միաւորի հիմնադրութեան մասին Տուպայի մէջ սակայն այսօր ուրախ եմ յայտնելու, որ մեր միաւորը հիմնուեցաւ Տուպայէն ու Շարժայէն 20 անդամներով»,- արձանագրեց նորահաստատ միաւորի ատենապետուհի Սալբի Աբէլեանը: «Ինչպէս Հ.Օ.Մ.-ի բոլոր միաւորները, կը յուսանք մեր կարելին ընել օգտակար հանդիսանալու, ամբողջացնելու մեր համայնքէն ներս գործող ազգային կառոյցներու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մեր մասնակցութիւնը բերելու Հ.Օ.Մ.-ի համահայկական ծրագիրներուն, մեր բաժին դերը վերցնելով հայկական հասարակական կեանքէն ներս հայ կնոջ դերի բարձրացման ճիգերուն»,- եզրակացուց ան:
Տուպայի եւ Շարժայի Հ.Օ.Մ.-ի միաւորի հիմնադրութեամբ, Հ.Օ.Մ.-ի Մեկուսի Միաւորներու թիւը կը բարձրանայ 18-ի իսկ Հ.Օ.Մ.-ի գործունէութիւնը հիւրընկալող երկիրներու թիւը` 27-ի: