
Հայ Oգնութեան Միութեան հովանաւորութեամբ, Արցախի շարք մը համայնքներու մէջ տեղադրուեցան 101 արեւային ջրատաքացուցիչներ: Հ.Օ.Մ.-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան նշեց, որ ծրագիրին իրագործումը կապուած է անցեալ տարուան Մարտին Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին` Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած կազի եւ ուժանիւթի մատակարարման հարցերուն հետ:
Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցին եւ Հ.Օ.Մ.-ի Արցախի միաւորին կողմէ ստեղծուած աշխատանքային յանձնախումբը համապատասխան աշխատանքներ տարաւ համայնքներու ղեկավարներուն հետ` ծանօթանալով ընտանիքներու ընկերային հարցերուն: Սկզբնական շրջանին ծրագիրի շահառու հանդիսացան զոհուած, հաշմանդամութիւն ունեցող եւ բազմազաւակ ընտանիքները, որոնց ընտրութեան համար համագործակցեցան Արցախի ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութեան հետ:
Կազ չունեցող համայնքներու մէջ Արցախի կառավարութիւնը կը յատկացնէ անհրաժեշտ գումարին յիսուն առ հարիւրը, իսկ կազով ապահովուած համայնքներու մէջ Հ.Օ.Մ.-ը հոգաց ջրատաքացուցիչներու տեղադրման ամբողջ ծախսը:
Ըստ Լ. Մարտիրոսեանի, համապատասխան պայմանագիրները կնքուեցան Արցախի կառավարութեան, Հ.Օ.Մ.-ի Արցախի միաւորի, մատակարար «Շտիգեն» ընկերութեան եւ ծրագիրի շահառուներուն միջեւ:
Արցախի Մարտունի շրջանի Պառաւաթումբ համայնքի բնակիչ Հրանուշ Համբարձումեան ամուսինին հետ 10 երեխայ կը դաստիարակէ: Բազմանդամ ընտանիքը նախապէս հոսանքի համար ամիսը 35 հազար դրամ գումար կը վճարէր, հիմա ընդամէնը հինգ հազար դրամ կը կազմէ տուեալ ծախսը: Ամուսինը հովիւ է: Կազով չապահովուած այս համայնքին մէջ յաճախ կ՛ըլլան նաեւ հոսանքի անջատումներ, ուստի ՀՕՄ-ի աջակցութեամբ չորս ամիս առաջ տեղադրուած արեւային ջրատաքացուցիչը իսկական փրկութիւն էր:
Նոյն գիւղի մէկ այլ բնակիչ եւս` Մանուշ Ներսիսեանը գոհ է ստացուած օժանդակութենէն: Այս ընտանիքին մէջ 4 երեխայ կը դաստիարակուի: Ըստ կեսրոջ` Նայիրա Համբարձումեանի, ջուրը տաքցնելու համար նախապէս շատ փայտ կը վառէին, իսկ հիմա այդ առումով դիւրացած է կենցաղը, առաւել եւս, որ տան մէջ հիւանդ ունին:
Մարտունի շրջանի Կաղարծի համայնքի ղեկավար Գարուշ Սարգսեանը նշեց, որ 2022 թուականին իրենց համայնքին մէջ երեք բազմազաւակ ընտանիքներու համար տեղադրուած է երեք արեւային ջրատաքացուցիչներ: «Իբրեւ կազով չապահովուած համայնքի բնակիչ` ծրագիրը դրական կը գնահատեմ, եւ մեծ աջակցութիւն կը համարուի մանաւանդ բազմազաւակ ընտանիքներու համար», ըսաւ Կաղարծի համայնքին ղեկավարը: