
ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐ,
Հ․Հ․ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
«Քորոնա» ժահրի համաշխարհային վարակը չէ շրջանցած նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` լրջագոյն մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու առջեւ կանգեցնելով թէ՛ մեր ազգաբնակչութիւնը, թէ՛ մեր պետականութիւնը:
Իրավիճակի ծանրութիւնը, մեր ազգային անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքներն ու վտանգները, աւելի քան երբեւէ, կը պահանջեն ներազգային միասնականութիւն եւ համախոհութիւն` համազգային ջանքերով յաղթահարելու եւ կանխելու վարակի հնարաւոր տարածումը, ինչպէս նաեւ անոր բացասական հետեւանքներն ու ազդեցութիւնը մեր ազգային հաւաքական շահերուն վրայ:
Գնահատելով ստեղծուած կացութիւնը` Հ․Յ․ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը.
Կը դիմէ մեր հայրենակիցներուն` կոչ ընելով զգօն ըլլալու եւ չմատնուելու խուճապի:
Կը դիմէ Հ․Հ․ կառավարութեան`
պատրաստակամութիւն յայտնելով իր համահայկական կառոյցի կազմակերպական եւ մասնագիտական ողջ կարողականութեամբ ու ներուժով ներգրաւուելու ԱՐՏԱԿԱՐԳ իրավիճակով պայմանաւորուած աշխատանքներուն եւ գործողութիւններուն մէջ:
Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմին
16.03.2020