ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 30 Second

Ուրբաթ, Յունիս 11ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Տիթրոյթի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, տեղւոյն Հ.Յ.Դ. »Ազատամարտ« կոմիտէութիւնը կազմակերպած էր շահեկան հրապարակային զրոյց մը, անցեալ Ապրիլ 2425ին Անգարայի մէջ կազմակերպուած գիտաժողովին մասին, որուն  իրենց մասնակցութիւնը բերած էին  Տոքթ. Հենրի Թէրիօ եւ »Արմինիըն Ուիքլի«ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան :
Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ մէջ ձախակողմեան հակում ունեցող փոքրամասնութիւններու պաշտպան կազմակեպութիւններու կողմէ: Այս գիտաժողովին մասնակցած էին հայ, թուրք, քիւրտ եւ օտար մտաւորականներ, որոնք քննարկած էին  Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու վնասուց հատուցման հարցը: 
Օրուայ հանդիսավարն էր »Ազատամարտ« կոմիտէութեան հերթապահ ընկհ. ՃօրճիԱնն Օշական : Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուայ զրուցաբերները:
Տոքթ. Թէրիօ խօսք առնելով, յայտնեց թէ Թուրք կառավարութիւնը նախ գիտաժողովի կազմակերպումը արգիլեց, սակայն որոշուած թուականէն, միայն քանի մը օր առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջամտեց, պարզապէս Եւրոպային ցոյց տալու համար թէ Թուրքիոյ մէջ որեւէ արգելք չկայ, ազատ խօսքի: Թէրիօ փոխանցեց թէ գիտաժողովին մասնակցող եւ ելոյթ ունեցող Թուրք եւ Քիւրտ անձնաւորութիւններ, յատկապէս գիտաժողովը կազմակերպող պատմաբաններէն՝ Թէմալ Տէմիրէլ իր ելոյթին շեշտեց թէ.»191523 պետութեան կողմէ զանազան մարզերու մէջ տրուած փաստաթուղթերը, որոնք պահ դրուած են պետական զանազան բաժանմունքներու արխիւներու մէջ, զանոնք քննարկող ու ուսումնասիրող անձնաւորութիւնները հիմնուելով պատմական եւ գիտական տուեալներու վրայ, կը հաստատեն թէ, Հայոց դէմ ի գործ դրուած բռնի տեղահանութիւնը եւ կոտորածները կը համապատասխանեն »Ցեղասպանութեան«:
Ելոյթ ունեցողները քննադատեցին կառավարութեան վարած երկդիմի քաղաքականութիւնը, բոլորն ալ պահանջեցին որ ան առանց յապաղումի  ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ առանց երկմտանքի բանայ Հայաստանի հետ իր սահմանը ի շահ երկու դրացի ժողովուրդներու բարօրութեան:
Թէրիօ եզրափակեց իր զեկոյցը ըսելով.»Մեր առջեւ բացուող յառաջիկայ հինգամեակով կը բոլորուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Պէտք է ազգովին մեր մտածումները կեդրոնացնենք եւ մեր կարելի միջոցները ի գործ դնենք Հայոց Ցեղասպանութեանը ճանչցնելու միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս Թուրքիոյ կառավարութեան«:
Խաչիկ Մուրատեան ցուցադրեց լուսանկարներ, իր կատարած վերջին այցելութիւններուն մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ապրիլ 24ին կատարուած Պոլսոյ ցոյցերուն մասին:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, ան նշեց Հրանդ Տինքի փաստաբանի մահուան մութ պատճառները:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles