
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍի մէջ, Ապրիլ 24ին տեղի ունեցաւ հաւաք, Ռոտ Այլընտի համալսարանի «Ֆայնսթայն» կեդրոնին մօտ: Խօսք առին ընկերներ Պերճ Զօպեան եւ Լեւոն Աթթարեան, որոնք յայտնեցին թէ ամերիկահայերը լաւապէս կը գիտակցին, որ հայութեան իրաւունքներուն միակ ժառանգորդը հայ ժողովուրդն է:
«Մենք է որ բարձրացուցինք պահանջատիրութեան դրօշը եւ ստանձնեցինք բազմատեսակ աշխատանքներ, որոնք կը նպաստեն Հայ Դատի արդար լուծման», ըսաւ ընկ. Աթթարեան:
Անդրադառնալով ՍփիւռքՀայաստան յարաբերութիւններուն մէջ ճեղքեր յառաջացնելու թրքական փորձերուն, ընկ. Զօպեան ըսաւ թէ այդ փորձերը ապարդիւն կը մնան, եզրակացնելով թէ «Սփիւռքահայուն համար Հայաստանն ու Արարատը ամէն բանէ վեր են ու ամէն բանէ աւելի թանկագին»: Հայ Դատի յանձնախումբի անունով, խօսք առաւ Փօլին Կեցոյեան: Գեղարուեստական յայտագիրը մեծ տպաւորութիւն ձգեց յանձին հանրածանօթ դերասան Արմէն Կարոյի:
Աւելի քան չորս հարիւր ներկաներ ժամանած էին Ապրիլ 25ի ձեռնարկին, որ աննպաստ օդին պատճառով, տեղի ունեցաւ Սուրբ Սահակ եւ Մեսրոպ եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Ներկայ էին շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղը, Հ.Ե.Դ.ի «Վարանդեան» մասնաճիւղը, Հ.Օ.Մ.ի «Արաքս» մասնաճիւղն ու տեղւոյն «Քրիստափոր» միութեան անդամները: Օրուան բանախօսն էր Տիգրան Խալիկեան, որ շեշտեց թէ ամերիկահայութիւնը 95 տարի ետք, կը մնայ հաւատաւոր զինուորը Հայ Դատի ուխտին, Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարին, մինչեւ որ հայութիւնը վերատիրանայ իր արդար եւ անժամանցելի իրաւունքներուն:
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ մէջ, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ տեղւոյն Արուեստի Թանգարանին մօտ, ուր կատարուեցաւ օրուան ձեռնարկը: Օրուան դասախօսն էր Փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեան, որ ըսաւ թէ գլխաւոր մարտահրաւէրը, որ հայութիւնը կը դիմագրաւէ այսօր, միայն անցեալին նայելով արդարութեան հետապնդումը չէ, այլեւ ապագային նայելով նոր միջոցներ որոնելն է Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքը տանելու Թուրքիոյ մէջ: Ան աւելցուց թէ ներկայիս պէտք չէ բաւարարուիլ «թուղթէ շերէփ»ներով, այլ պէտք է որոնել միջոցներ Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութեան հետ գործակցելու: Ան աւարտեց իր խօսքը մէջբերելով ռուսական ասացուածք մը, որ կÿըսէ «Եթէ անցեալին վրայ կեդրոնանաս կը կորսնցնես մէկ աչք իսկ եթէ մոռնաս անցեալը կը կորսնցնես երկու աչքերդ»: Ապա, ներկաները հաւաքուեցան, տեղւոյն Սուրբ Սահակ եւ Մեսրոպ եկեղեցին, ուր կատարուեցաւ պատարագ: