Այլազան

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ…ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ԶԱՆԱԶԱՆ ԳԱՂԹՕՃԱԽՆԵՐԷ ՆԵՐՍ

Անցեալ շաբաթավերջին, Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին առթիւ, բազմաթիւ ձեռնարկներ կատարուեցան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի զանազան գաղթօճախներէ ներս: Կեդրոնական ձեռնարկներէն մէկը, սովորութիւն դարձած բողոքի հաւաքը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի «Թայմզ Սքուէր»ի մօտ, Կիրակի Ապրիլ 25, 2010ին:
Աւելի քան երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող այս ձեռնարկին, խօսք առին ձեռնարկը կազմակերպող միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մարդկանց իրաւունքներու համար պայքար մղող ոչկառավարական հիմնարկներու ներկայացուցիչներ:

Քըրթիս Սլիուա` խօսքի ընթացքին
Խօսք առնողներու շարքին էին շրջանէն ներկայացուցիչներ՝ Չաք Շումըր եւ Կէյլըն Տ. Քըրքլէնտ, Քըրթիս Սլիուա եւայլն: Նաեւ խօսք առաւ փաստաբան Մարք Կիրակոս, որ նշեց թէ Ապրիլ 24ը 21րդ դարուն կը մերժէ հայ ժողովուրդի նահանջը ու անոր թափած արցունքը: Ան աւելցուց թէ պատահած ահաւոր դէպքերուն լուսանկարներն ու անոր պատմութիւնները 21րդ դարու պէտք է միջոց ըլլան, որպէսզի հայ ժողովուրդը վերստին զարթօնք մը ապրի, վերանորոգելու իր ուխտը՝ պայքար եւ յաղթանակ:
Օրուան բանախօսն էր Յարութ Սասունեան, որ կարեւորեց հայութեան սրբազան դատը: Ան յայտնեց թէ պիտի գա°յ այդ օրը, ուր պիտի ողջունուի Սփիւռքի հայուն յաղթական ու հպարտ հայրենի հող վերադարձը, իրականացնելով դարերու երազը՝ «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»ը: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ պատարագ եւ հոգեհանգիստ, ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն:
Նշենք թէ, Շաբաթ Ապրիլ 24ի երեկոյեան, Նիւ Եորքի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցած էր այլ ձեռնարկ մը: Օրուան բանախօսն էր փրոֆ. Փիթըր Պալագեան, որ յայտնեց թէ հայերն ու թուրքերը պատմաքաղաքական առումով, մինչեւ այսօր պատրաստ չեն մերձեցման եւ յարաբերութիւններու սերտացման: Ան յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մէկ օրով ոգեկոչելու խնդիր չէ, այլ ամէն օր պէտք է ոգեկոչել:

ԹՐՈՅի մէջ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը: Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Հրանդ Մարգարեան, որ շեշտեց թէ պէտք է շարունակուի, հայ ժողովուրդին ու արդար դատին ծառայող պայքարը: Նշենք թէ, այս առթիւ, Թրոյի քաղաքապետ Հէրի Թիւթիւնճեան նամակ մը յղած էր նախագահ Օպամային, պաշտօնապէս ճանչնալու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button