Լրահոս

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՒ ԱՆԿԷ ԵՏՔ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՊՐԱԾ ԱՀԱՒՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ… ՍՈՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆԻ “ՄԵԾ ՄՕՐՍ ԴԱՋՈՒԱԾՔՆԵՐԸ“ ԺԱՊԱՒԷՆԸ

Չո­րեք­շաբ­թի, Դեկ­տեմ­բեր 14-ին, Ուա­թըր­թաու­նի (Մա­սա­չու­սէց) “Հայ Սքուլ“ի սրա­հին մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տեղ­ւոյն վար­ժա­րա­նի Հայ­կա­կան Ակում­բին, Հայ Տիկ­նանց Մի­ջազ­գա­յին Ըն­կե­րակ­ցու­թեան, Հայ­կա­կան Ու­սում­նա­սի­րու­թեան Կեդ­րո­նին (NAASR) եւ Պոս­թը­նի “Սար­դա­րա­պատ“ Կո­մի­տէ­ու­թեան, պի­տի կա­տար­ուի ցու­ցադ­րու­թիւնը Շուէ­տաբ­նակ Սու­զան Խար­տալ­եա­նի “Մեծ Մօրս Դաջ­ուածք­նե­րը“ ժա­պա­ւէ­նին: Նա­եւ յօդ­ուա­ծա­գիր, Սու­զան Խար­տալ­եան, իր կո­ղա­կից Փիօ Հոլմք­վիս­թի հետ պատ­րաս­տած է տասն­եակ մը ժա­պա­ւէն­ներ, որոնք ընդ­հան­րա­պէս ու­նին վա­ւե­րագ­րա­կան բնոյթ: Մօտ մէկ ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ շար­ժան­կա­րը ար­տադ­րած է Pea Holmquist, HB Pea Holmquist Film (Շուէտ):

Ութ­սու­նա­կան­նե­րու ըն­թաց­քին “Դէ­պի Արա­րատ“ը եր­կար ժա­պա­ւէն մըն էր, որ կը նկա­րագ­րէր յատ­կա­պէս Սթիւռ­քա­հայն ու իր սուրբ Հայ Դա­տը: Ընդ­հան­րա­պէս ըն­կե­րա­յին հար­ցեր շօ­շա­փող եւ անար­դար իրա­դար­ձու­թիւն­ներ ու կա­ղու­թիւն­ներ ներ­կա­յաց­նող վա­ւե­րագ­րա­կան­նե­րու կող­քին, նախ­քան “Մեծ Մօրս Դաջ­ուածք­նե­րը“, Խար­տալ­եան նա­եւ պատ­րաս­տած էր, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ կա­պակ­ցու­թիւն ու­նե­ցող այլ վա­ւե­րագ­րա­կան մը` “Ես կ՛ա­տեմ շու­նե­րը“ ժա­պա­ւէ­նը, որ կը ներ­կա­յաց­նէր Եղեռ­նէն ճո­ղոպ­րած ֆրան­սա­հայ Կար­պի­սին վեր­ջին տա­րի­նե­րը:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button