
Լուսանկարներ՝ Պետրոս Տէր Պետրոսեանի
Յունուար ամսուան ընթացքին, Քարայիպեաններու շրջուն հայ գաղութը՝ Հայկական Աւանդական 13-րդ նաւապտոյտը, այս տարի կը հաշուէր հազար հարիւր բնակիչ:
Արդարեւ, Յունուար 16-էն 23, 2010-ին, աշխարհի հինգ ծագերէն՝ Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն եւ այլ երկիրներէ հայորդիներ բնակութիւն հաստատած էին «Քոսթա Աթլանթիքա» նաւուն վրայ:
Բնականաբար երբ նաւուն բնակչութեան գրեթէ յիսուն առ հարիւրը հայ էր, նաւապետն (աջին) ալ որոշած էր հայերէն խօսիլ եւ այսպէս Նաւապտոյտի յանձնախումբի կազմակերպած ձեռնարկի ընթացքին, ընդառաչելով պատասխանատու Պետրոս Պանտազեանի (աջին) մէկ առաջարկին, յստակ ու հարազատ առոգանութեամբ «Բարեւ, սիրելի հայրենակիցներ» բացականչեց, անակնկալի մատնելով ներկաները:
Դաստիարակչական զանազան ձեռնարկներով եւ գեղարուեստական յայտագրերով լեցուն այս նաւապտոյտը, անմոռանալի յիշատակներ ստեղծեց:
Անցեալ տարուայ համեմատած, այս «բնակչութիւնը» աւելի քան քսան առ հարիւր տոկոսով պակսած էր: Սպասելի էր, որ այս տարուայ Քարայիպեաններ այցելող գաղութը պիտի ըլլար սակաւաբնակ, նկատի ունենալով տիրող տնտեսական դժուար պայմանները: Յաւելեալ տեղեկութիւններ՝ յաջորդիւ: