ՀԱՅԵՐԸ ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:9 Minute, 42 Second
Լաթաքիան 1970-ականներուն
Լաթաքիան 1970-ականներուն

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Յատուկ «Հայրենիք»ին համար պատրաստուած, յօդուածագիր՝ Աւօ Գաթրճեանի այս ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն Սուրիահայ զանազան գաղթօճախներ եւ անոնց ետին գտնուող հարուստ պատմական անցեալը:
Նաեւ, շաբաթներու վրայ երկարող «Հայերը Սուրիոյ Պատնութեան Մէջ» յօդուածաշարքը կ՛ընդգրկէ կարգ մը անտիպ նկարներ, որոնք կը պատկանին յօդուածագրին, որ սոյն ուսումնասիրութեան համար օգտագործած է Սուրիոյ տարածքին մեր շրջաքայութեան ընթացքին հետազօտական, ականատեսի եւ ականջալուրի ու մանաւանդ անձնական գրադարանի արխիւներ, նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի արխիւային նիւթեր եւ այլ հրատարակութիւններ:

Լաթաքիա (արաբերէն՝ اللاذقية), որ պատմական Լաւոդիկէ քաղաքն է, ծովեզերեայ շրջանով աշխարհագրական, քաղաքական եւ տնտեսական մեծ նշանակութիւն ունի: Հոն կ’արտացոլայ բազմաթիւ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան ազդեցութիւնը, սկսեալ յունահռոմէական ժամանակներէն:
Լաթաքիոյ այսօրուան ազգաբնակչութիւնը՝ կրօնական եւ ազգային ճիւղաւորումով զանազան է: Ուշադրութեան արժանի է, որ Լաթաքիոյ շրջակայքը գոյութիւն ունի տասնեակ թիւրքմէն գիւղեր, որոնք շատ սերտ կապեր ունին Թուրքիոյ հետ, յատկապէս վերջին տարիներուն:
Սուրիոյ պատմական գլխաւոր հայ համայնքներէն է Լաթաքիան, որուն մէջ հայոց ներկայութեան մասին պատմական հնագոյն տեղեկութիւնները առնչուած են Մեծն Տիգրանի տիրակալութեան (Ք.Ա. 83 թուական), երբ հայոց Արքայից Արքան ազատագրելով միջերկրականեան այս քաղաքը զայն վերածած է գլխաւոր նաւահանգիստի: Ապա, քրիստոնէական կրօնի տարածումով, դէպի Երուսաղէմ ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ, Լաթաքիա հայ ուխտաւորներուն համար դարձած է կարեւոր կայան մը: Պատմական տուեալներու համաձայն, Ը. դարուն Լաթաքիոյ հայութիւնը ստուարացած է, եւ Ժ. դարուն ունեցած է իր եպիսկոպոսը: Սելճուք-թրքական արշաւանքներուն պատճառով, ԺԱ. դարուն հայկական գաղթեր տեղի ունեցած են դէպի Անտիոք եւ ծովեզերեայ շրջանները: Խաչակիրներու օրերուն (ԺԲ. դար), Լաթաքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցած է հայկական բարգաւաճ համայնք մը, որուն եպիսկոպոսը մասնակցած է Հռոմկլայի Ժողովին:
Լաթաքիա՝ Երուսաղէմ ուխտագնացներուն համար, եղած է կարեւոր հանգրուան Կիլիկիա-Երուսաղէմ ծովեզերեան ճամբուն վրայ եւ համապատասխան ծառայութեան համար, քաղաքը ունեցած է հոգետուն` հիմնուած Երուսաղէմի պատրիարքութեան կողմէ: Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը հոն հիմնած է նաեւ եկեղեցի, Առաքելական Ս. Յակոբ, եկեղեցի-հոգետուն համալիրը` կառուցուած 1755-ին: 1940-ականներուն եկեղեցին վերանորոգուած է եւ վերանունուած՝ Ս. Աստուածածին:
Լաթաքիա նահանգի հայաբնակ բնակավայրեր եղած են՝ Ղընեմիէ, Արամօ, Քեսապ:%d5%ac%d5%a1%d5%a9%d5%a1%d6%84%d5%ab%d5%a1-2
Յիշատակութիւն կայ, որ 1895-ին Լաթաքիոյ հայութեան թիւը եղած է շուրջ 1600:
1922-ի Կիլիկիոյ արտագաղթին, բազմաթիւ հայեր կը հաստատուին Սուրիոյ ծովեզերեայ քաղաք՝ Լաթաքիոյ մէջ, ուր հետզհետէ կը կազմակերպեն հայկական համայնքը: Առաջին հերթին կը հիմնուի Ս. Յակոբեանց վարժարանը, ապա Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւնը: Ըստ Բերիոյ Թեմի 1945-1947-ի տուեալներուն Լաթաքիոյ հայ առաքելական բնակչութեան ընդհանուր թիւը եղած է 890 հոգի (365 իգական, իսկ 525-ը արական): Իսկ 1999-ի Յունուարի տուեալներուն 450 ընտանիք:
Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ըստ իր ամենահին արձանագրութեան` հիմնուած է 1755-ին: Ժ. դարուն, Լաթաքիոյ մէջ եպիսկոպոսական Աթոռի մը գոյութիւնը կը յուշէ թէ հաւանաբար այդ շրջանին կառուցուած է նաեւ եկեղեցին (1254):
1950-ին, շինուած է զանգակատունը եւ նորոգուած` եկեղեցին: Ապա 1958-1959, 1970, 1973-1978 թուականներուն, եկեղեցին ենթարկուած է մասնակի նորոգութիւններու:
1996-ին, նախաձեռնութեամբ Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանին եւ նիւթական աջակցութեամբ Լաթաքիոյ հայ համայնքին, եկեղեցին հիմնովին վերանորոգուած է: Վերաշինուած են Աւագ Սեղանը. բարեզարդուած է շրջակայքը (նախագիծ եւ իրագործում` լաթաքիահայ ճարտարապետներ Հրաչ Մուրատեանի եւ Սիլվա Քէօշկէրեանի):
Վերանորոգուած եկեղեցւոյ պաշտօնական բացումն ու Ս. Սեղանի օծումը տեղի ունեցած են Դեկտեմբեր 21, 1997-ին, ձեռամբ` Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի:
Ապրիլ 24, 1977-ին, կանգնած է Ապրիլեան նահատակներու նուիրուած Յուշակոթողը` Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս (մտայղացում եւ իրագործում` լաթաքիահայ ազգային բարերար Երջանիկ Կարպուշեանի):
Ս. Աստուածածին եկեղեցին ունի թաղականութիւն մը, որ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ անոր պայծառացման համար, ուր ժողովուրդը կը գտնէ իր հոգեկան մխիթարութիւնը: Թաղական խորհուրդին հովանաւորութեամբ կը գործէ բարեսիրական Աղքատաց խնամ մարմինը: Վերջին շրջանին, 13 տարի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօն վարած է Տէր Գառնիկ քահանայ Չափանեանը:
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը գործեն Ազգ. Նահատակաց մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ վարժարանը, հիմնուած` 1922-ին, Սրբոց Նահատակաց Կիրակնօրեայ դպրոցը եւ «Գանձասար» սրահը (բարեզարդուած` 1997-ին):
1922-ի Կիլիկիոյ արտագաղթին, բազմաթիւ հայեր երբ կը հաստատուին Սուրիոյ ծովեզերեայ քաղաք՝ Լաթաքիոյ մէջ, ուր հետզհետէ կը կազմակերպեն հայկական համայնքը: Առաջին հերթին կը հիմնուի Ս. Յակոբեանց վարժարանը, ապա Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւնը:
Ս. Յակոբեանց երկսեռ նախակրթարան վարժարանը, հիմնուած է 1922-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից: Ըստ 1945-1947 ուսումնական տարեշրջանի տուեալներուն աշակերտութեան թիւը եղած է 149 (70-ը մանչ 79-ը աղջիկ): 1965-ին Վարժարանը վերանուանուած է Ազգ. Նահատակաց վարժարան:%d5%ac%d5%a1%d5%a9%d5%a1%d6%84%d5%ab%d5%b8%d5%b5-%d5%bd-copy-1
1992-ի տուեալներով վարժարանը ունեցած է 280 երկսեռ աշակաերտ, 15 ուսուցչական կազմով եւ 3 պաշտօնեաներով: Ըստ 2000-ի տուեալներուն համաձայն աշակերտութեան թիւը 310-ն էր: Ըստ Ազգային Նահատակաց վարժարանի 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի տուեալներուն աշակերտութեան թիւը եղած է 100 մանկապարտէզ, 300 նախակրթարան եւ 100 միջնակարգ: Իսկ 2016-2017-ի ուսումնական տարեշրջանի տուեալներուն աշակերտութեան թիւն է 80 մանկապարտէզ, 234 նախակրթարան եւ 109 միջնակարգ: Նշենք, որ Ազգ. Նահատակաց վարժարանի միջնակարգ բաժինը 2003-2004 ուսումնական տարեշրջանին գործելու սկսած է:
Վարժարանի շէնքին մուտքին զետեղուած յուշագարին վրայ արձանագրուած է` «Կառուցուեցաւ Ազգ. Նահատակաց վարժարանս իշխանավայել նուիրատուութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան եւ մասնակցութեամբ Լաթաքիոյ հայութեան առաջնորդութեան Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի յամի տեառն Նոյեմբեր 18, 2001»: Ասկէ արդէն ի յայտ կու գայ, որ վարժարանին անունը Ազգ. Նահատակաց վարժարան է, թէեւ շատ մը տեղեր կը հանդիպինք «Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարան»ի:
Միւս կողմէ, Լաթաքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակները Հալէպի Առաջնորդարանի իրաւասութեան տակ են:
Լաթաքիոյ հայ համայնքը նաեւ կը հանդիսանայ սուրիահայ կեանքին ամէնէն աշխոյժ իր հայկական արժէքներուն հանդէպ գիտակից վերաբերմունք ունեցող համայնքներէն մէկը: Իր մասնակցութիւնը, սուրիական իր երկրորդ հայրենիքի վերազարթօնքին, կենդանի իրողութիւն է. ունեցած է եւ ունի պետական բարձրագոյն պաշտօններու վրայ գտնուող հայորդիներ:
Նշենք, որ անցեալով հարուստ ու ներկայիս բազմատարր է հայ համայնքը, որովհետեւ կազմուած է բնիկ լաթաքիացիներէ, հալէպցիներէ, արամոցիներէ, եագուպիէցիներէ, ղնեմիէցիներէ եւ քեսապցիներէ: Համայնքին մէջ արաբախօսները պատկառելի թիւ մը կը կազմեն: Ճիշդ է, որ հոգիով շատ զօրաւոր հայեր են, բայց դարերու ընթացքին իրենց գիւղերը շրջապատուած ըլլալով արաբախօս դրացի գիւղացիներով, կարելի չէ եղած պահել ու պահպանել հայերէն լեզուն: Սակայն անոնք շատ զօրաւոր կապուածութիւն ունին Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ իրենց պապենական գիւղին ու հողին: Ասոնց մեծ մասը Լաթաքիոյ մէջ պաշտօնեայ է եւ ամրան եղանակին գրեթէ բոլորը կը մեկնին իրենց ծննդավայր գիւղերը:
Ծովեզերեայ այս քաղաքին մէջ հայերը կ’աշխատին պետական ու հասարակական հիմնարկներու մէջ, կը զբաղին արհեստներով ու առեւտուրով: Միաժամանակ հայերը կազմակերպած են իրենց զուտ ազգային կեանքը. ունին իրենց դպրոցը, ակումբներն ու միութիւնները: Անոնք այն կարեւոր ազդակներն են, որոնք հայ աշխատաւորներուն, անոնց զաւակներուն կ’օգնեն պահպանելու լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնները: Հասկնալի է, որ վերոնշեալ աշխատանքները մեծ զոհողութիւններ կը պահանջեն ու ամէն մէկ հայ չի խնայեր իր եռանդն ու նիւթական միջոցները ազգային հաստատութիւնները կանգուն պահելու համար:14111765_1402870019740851_364358752_n-copy-1

Լաթաքիոյ մէջ կը գործեն հետեւեալ մարզական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ միութիւններու մասնաճիւղեր.-
– Սուրիահայ Օգնութեան խաչի (Ս.Օ.Խ.) «Շուշի» մասնաճիւղը (1927-էն ունի սեփական կեդրոն): 1927-էն ի վեր մասնաճիւղը ունի պետական ճանաչում, հետեւաբար համարատու է նաեւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին: ՍՕԽաչի ըստ արխիւային տուեալներուն Լաթաքիոյ մասնաճիւղը 1937-198-ին ունէր 45 անդամներ: 1939-1941-ին` 84 անդամներ: 1943-1944-ին՝ 70 անդամներ: Իսկ 1946-ին՝ 55 անդամներ: Աւելի ուշ, իբրեւ «Շուշի» մասնաճիւղ՝ 1995 տարեշրջանին ունէր 275 խաչուհի, 1996-ին՝ 239-ը, 1997-ին՝ 272, 2012-ին՝ 195:
Մասնաճիւղը իր բազմաբնոյթ գործունէութեան կողքին լրջօրէն աշխատանք տարած է կրթական գործին, զայն հայապահպանման կարեւոր ազդակ համարելով:
Յիշատակի արժանի է Լաթաքիոյ մասնաճիւղի ջանքերով առաջած սան-սանուհիներու միութիւնը:
«Շուշի» մասնաճիւղն ալ իր քոյր մասնաճիւղերու նման, հաւատարիմ իր Կանոնագրին ու ծրագրին աշխատանքի ծիրը կրթանպաստի յատկացում է, խնամատարական եւ առողջապահական ծառայութիւն եւ այլն: Դասախօսութիւններ, սեմինարներ, ցուցահանդէսներ եւ այլ տեսակի ձեռնարկներ կը կազմակերպեն:
Սուրիոյ վիճակուած պատերազմական ժամանակաշրջանին, յատկապէս Մարտ 21, 2014-ին, Քեսապի հայաթափուելէն ետք «Շուշի» մասնաճիւղի խաչուհիները ունեցան աւելի բեղուն շրջան մը հակառակ տիրող անբարենպաստ պայմաններուն: Անոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին շուրջ քեսապցիներուն պահանջքները բաւարարելու համար:19-copy

– Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Լաթաքիոյ մասնաճիւղն ու անոր անդրանիկ վարչութիւնը հիմնուած են 1926-ին: Ֆութպոլի կողքին մասնաճիւղը ունեցած է պասքէթպոլի, վոլիպոլի եւ փինկ-փոնկի խումբեր: Մարզական խաղերուն զուգընթաց 1933-ին, ծնունդ կ’առնէ սկաուտական շարժումը: Կարճ ժամանակի ընթացքին 55 գայլիկ եւ սկաուտներէ կը կազմուի խումբ մը:
Տեղին է նշել, որ շրջանի սիրուած ազգայիններէն Յ. Մաքինաճեան եւ Յ. Գույումճեան որին տրամադրած են իրենց սեփական հողաշերտը, որ կը գտնուի ակումբին կից, որպէսզի օգտագործուի իբր մարզադաշտ պասքէթի եւ այլ խաղերու:
Լաթաքիոյ Հ.Մ.Ը.Մ-ի մասնաճիւղը հանդիսացած է օրինակելի եւ միշտ կենսունակ մասնաճիւղ մը իր սկաուտական կազմով եւ բոլոր մարզական խումբերով: Մասնաճիւղը կը գործէ մինչեւ օրս:
– Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) հիմնուած է 1927-ին, ինչպէս նաեւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան (Հ.Ե.Ը.) Լաթաքիոյ մասնաճիւղը (վերակազմուած՝ 1956-ին): ՀԲԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղը սկիզբը չէ ունեցած ակումբ մը, վարչական ժողովները տեղի ունեցած են տուներէ ներս: Հետագային 1956-ին, հոյլ մը միութենականներու կոկիկ գումարով մը կը վարձեն պզտիկ յարկաբաժին մը, իբր առժամեայ ակումբ: Այդ շրջանին կը վարձուի հողաբաժին մը, որուն վրայ կը կառուցուի թիթեղածածկ կոկիկ ակումբ-սրահ մը, որ կը գործէ մինչեւ 1967: Անոր կը յաջորդէ այլ վարձու տուն մը մինչեւ այսօրուան սրահ, վարչական սենեակ՝ սեփական ակումբի մը կառուցումը: ՀԵԸ-ի աւելի քան 100 երկսեռ անդամներ ունեցող մասնաճիւղը ունեցած է ֆութպոլի, պասքէթպոլի, վոլիպոլի եւ փինկ-փոնկի խումբեր: Հետագային երէց անդամ-անդամուհիները անցած են ՀԲԸՄ-ի անդամացանկին մէջ, իսկանոնց տեղերը գրաւած են նորեկ պատանիներ: Պէտք է նշել, որ 1960-էն մինչեւ այսօր մասնաժողովը ջանք չէ խնայած՝ գեղարուեստական, թատերական, երաժշտական եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ ձեռնարկներ կազմակերպել:
– Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղը, որ վերակազմուած է 1989-ին: Մասնաճիւղի շարունակական վարչակազմերը գրական, ազգային թէ մշակութային ձեռնարկներու շարքին հետամուտ եղած են կազմել պարախումբեր, երգչախումբեր եւ այլն: Այսպէս 2004-ին մասնաճիւղը ունեցած է «Գեղարդ» պարախումբը եւ «Նարեկ» մանկապատանեկան երգչախումբը:
– Սուրիահայ Երիտասարդական Միութեան (Ս.Ե.Մ.) «Կայծակ» մասնաճիւղը երկսեռ երիտասարդներէ բաղկացած կը գործէ աշխուժ ու առոյգ: Նկատի առնելով, որ երիտասարդութիւնը ընկերութեան կարեւոր շարժիչ ուժ է, հետեւաբար մասնաճիւղին պարտականութիւնն է ազգային ոգի ջամբել երիտասարդութեան դաստիարակաչական զանազան միջոցներով՝ դասախօսութեամբ, զրոյցներով, սեմինար եւ այլն: Ունի զանազան յանձնախումբեր: Մասնաճիւղի անդամները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ս.Ե.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան տարեկան բանակումին:
– Սուրիահայ պատանեկան միութեան (Ս.Պ.Մ.) «Արցախ» մասնաճիւղի գործունէութիւնը կը կեդրոնանայ պարման-պարմանուհիներուն ազգային դաստիարակութիւն ջամբել: Պատրաստել լաւ ու գիտակից հայը, ողջախոհ, արդարամիտ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունեցող եւ կազմակերպական ունակութիւններով օժտուած մարդը:16-copy17-copy-222-copy-1

 

 

 

 

 

– Եկեղեցասիրաց Տիկնանց Միութիւն:
– Բերիոյ հայոց թեմի կիրակնօրեայ դպրոց:
Լաթաքիոյ հայկական ակումբներուն եւ սրահներուն մէջ կը կազմակերպուին դասախօսութիւններ, յոբելեինական երեկոներ, գեղարուեստական ասուլիսներ, ցուցահանդէսներ, գեղարուեստական ինքնագործունէութեան համերգներ եւ այլն:
2011-ին Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած պատերազմը, թէեւ երկրի ամէն կողմ տարածուեցաւ, սակայն պէտք է ըսել, թէ Սուրիոյ ծովափը այլ շրջաններէ համեմատաբար աւելի ապահով էր:

Լաթաքիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմը Ազգ. Վարժարանի բակին մէջ, 1936-ին
Լաթաքիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմը Ազգ. Վարժարանի բակին մէջ, 1936-ին
Հ.Ե.Ը.-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի պասքէթպոլի խումբը, 1955-ին
Հ.Ե.Ը.-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի պասքէթպոլի խումբը, 1955-ին
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի-Լաթաքիոյ-մասնաճիւղի-ֆութպոլի-խումբը-1928-ին
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի-Լաթաքիոյ-մասնաճիւղի-ֆութպոլի-խումբը-1928-ին

 

 

 

 

 
Արդարեւ, վերջին տարիներուն Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին ներքին տեղափոխութեան պատճառով յատկապէս Հալէպի հայութիւնը այլ վայրերու կողքին նաեւ Լաթաքիա տեղափոխուած էին համեմատաբար աւելի ապահով նկատուելուն համար:
Յունուար 2013-ին, կազմուեցաւ ԾՈՎԱՓԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ (ԼԱԹԱՔԻԱ-ՔԵՍԱՊ) Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինը:
Յայտնենք, որ ուրբաթ, Մարտ 21, 2014-ի առաւօտ, կանուխ ժամերուն սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներու յարձակման թիրախ դարձաւ Լաթաքիոյ մարզի Թուրքիոյ սահմանակից Քեսապ եւ շրջակայ գիւղերը: Յարձակումի ենթարկուելուն պատճառով շրջանի բնակիչները հեռացան աւելի ապահով վայրեր, մեծամասնութիւնը, որ հայեր են ապաստան գտան Լաթաքիա, որոնցմէ մաս մը տեղաւորուեցաւ իրենց հարազատներուն մօտ, իսկ ուրիշներ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահներուն մէջ, ուր Լաթաքիոյ եւ Քեսապի Շտապ Օգնութան մարմինները միացուցած իրենց ճիգերը փութացին ժողովուրդի օգնութեան եւ կենցաղային բոլոր պայմաններու ապահովման: Լաթաքիոյ տարբեր կազմակերպութիւններ, բարեսիրական միութիւններ, պետական հաստատութիւններ եւ անհատ բարերարներ համախմբուած են:
Միւս կողմէ պետական կառոյցները, հայկական միութիւնները եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր գործադրեցին գաղթական քեսապահայութեան օժանդակութեան համար` անոնց բաժնելով ուտելիք, անկողին, ծածկոցներ եւ ամէն տեսակի կենսական նիւթեր:latakia44-copy-2

Յուլիս 28-29, 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ պատերազմէն ի վեր հովուապետական առաջին այցելութիւնը տուաւ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններ: Առաջին կայքը 28 յուլիս 2016-ին Լաթաքիան էր: Վեհափառ Հայրապետը Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, ապա եկեղեցւոյ կից՝ «Արարատ» սրահէն հաւաքուած բազմութեան փոխանցեց իր հովուապետական օրհնութիւնը:
Այսօր, Լաթաքիոյ հայ համայնքը կը հաշուէ շուրջ 12.000 հոգի: Բնականաբար համայնքի ընկերային ու ազգային գործունէութիւնը աւելի աշխուժ եւ հիմնական փոփոխութիւններ կրեցին: Պէտք է բարձր գնահատել տեղւոյն պատասխանատու մարմինները, որ պատերազմի պատճառով ներքին տեղաշարժի ենթարկուած հայրենակիցներուն, ոչ թէ կարիքներուն միայն աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, այլ նոյնիսկ անոնց փորձառութենէն օգտուելու միտումով, առիթ տուած ու ներառած են ազգային կեանքի ամէն տեսակ բնագաւառի եւ զանազան մարմիններու մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles