
Յ. Պալեան
Մրգաստանի՛ մը նըման կը սիրեմ քեզ, Հայ Լեզո՛ւ…
Մեր հայրենի պալատէն, պարտէզներէն մընացորդ՝
Դալարագեղ դուն պուրա՜կ, որ դիմացար դարերու
Եվ կը մնաս միշտ առոյգ, հին աւիշով կենսայորդ…։
Ծառերուդ մէջ հովանուտ կ՚երթամ խինդով մ’անսահման,
Արմատներուդ, ճիւղերուդ վրայ նայելով հիացիկ,
Զարմանալով թէ ի՞նչպէս դուն մնացիր՝ երբ սաստիկ
Քամին քու շուրջդ փչեց եւ տապալեց ամէն բան…։
Վահան Թէքէեան
Վերամուտ է: Հայերէնը ուսուցման եւ իւրացման, հաղորդակցական եւ ստեղծագործական լեզու դարձնել քաղաքական, ուսումնական եւ ազգային-մշակութային առաջնահերթութիւններու շարքին պէտք է դասել: Այս չէ իրականութիւնը քիչ մը ամէն տեղ: Այս չէ մեր վերաբերումը՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Այս վերաբերումը արձանագրե՞նք մեր այլ տեղատուութիւններու եւ պարտութիւններու ցանկին վրայ:
Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէնը կ’ուսուցուի որպէս լեզու շաբաթական հինգ, բախտաւոր պարագային՝ վեց ժամ, վեց դասապահ: Օրուան եւ շաբթուան միւս բոլոր ժամերը յատկացուած են տեղական-պետական ծրագրին: Բոլոր միւս առարկաները կ’ուսուցուին տարբեր լեզուներով, գիտականէ մինչեւ մարմնամարզութիւն, արուեստներ:
Բնական հետեւութեամբ՝ նաեւ աշակերտին կողմէ հայերէնը չ’ընկալուիր որպէս կեանքի լեզու: Այս ուղղութեամբ հետաքրքրութիւն եւ ճիգ կը բացակային՝ բոլոր մակարդակներու վրայ: Գումարեցէ՛ք ծնողական հետաքրքրութիւնը, որ զաւակին համար ունի ապագայի, աշխատանքի եւ յաջողութեան արդար ակնկալութիւն: Եւ քանի որ յաճախ շրջապատի գործածական լեզուն չէ հայերէնը, ան կը մնայ դասարանային ուսուցման մակարդակին:
Այս մասին խօսուած է, դրական նախաձեռնութիւններ ալ եղած են:
Հակառակ ամէն կարգի տեսանելի եւ հոգեբանական արգելքներու, պէտք է մտածել, ծրագիր մշակել, նախաձեռնութիւններ ունենալ, որպէսզի դասի-դասարանային հայերէնը այլապէս ուսուցուի, որպէսզի ան դառնայ կեանքի լեզու, լրացուի նաեւ այլ նախաձեռնութիւններով, որոնց մասին պէտք է խօսիլ, ան չծանծաղի օտար երկրորդ, որպէսզի ան չծանծաղի երկրորդ, երրորդ լեզուի մը ուսուցման վիճակին մէջ:
Դասարանային հայերէնը գրաճանաչութիւն է, լեզու, ուղղագրութիւն, ընթերցում: Հեղինակներ: Այդ ուսուցումը չի ներառներ գիտութիւնը, արուեստները, մարմնամարզութիւնը, անոնց բառապաշարը եւ գործածութիւնը: Հայերէնը պէտք չէ դատապարտուի կեանքի լուսանցքին վրայ գտնուող լեզուի: Հետեւաբար պէտք է ծրագրել եւ հայերէնի դասապահին ու գիրքին մէջ ներառնել զանոնք: Ի հարկէ, միամտութիւն պիտի չըլլայ ուսողութիւն, -մաթեմաթիքը-, հայերէնի դասընթացքին մէջ ներմուծել, կամ գիտութիւնը, կամ մարմնամարզը: Երբ այդ բառերը միշտ կը մնան հայերէնէն դուրս, հայերէնը կ’աղքատանայ, մանկան եւ պատանիին համար չ’ըլլար կեանքի լեզու:
Ուսուցման համար տարբեր մեթոտներու որդեգրման մասին կարելի է խօսիլ: Իմ հարցս կը վերաբերի կեանքի, առօրեայի, կենցաղի եւ գիտութեան եզրերու իւրացման եւ գործածութեան, որոնց համար էջեր պէտք է խմբագրել դասագիրքին համար. օրինակ, աշխարհագրութեան, կլիմայի, հանքերու, հանածոներու, հիւանդութիւններու, մարմնամարզի, բանակի, բնագիտութեան եւ այլ, որոնք ամէն օր կը լսուին տեղական կամ օտար այլազան լեզուներով: Հայերէնը ըլլալու համար կենդանի եւ ճշմարիտ հաղորդակցական միջոց, այդ բոլոր բառերու հայերէնները պէտք է որդեգրէ եւ անոնց գործածութիւնը ընդհանրացուի: Այս ընելու համար, մեծապէս օգտակար կրնան ըլլալ հայերէնէ զատ այլ առարկաներ աւանդող ուսուցիչները: Ասկէ առաջ յիշած եմ միջնակադգի երկրաչափութեան հայ ուսուցիչի պարագան, որմէ լսած եմ, ֆրանսերէն բառի կողքին նաեւ հայերէնը, ինչպէս հաւասարկողմ եռանկիւնը, տրամագիծը, հատանողը, զուգահեռականը: Ինչո՞ւ կէսօրին, դպրոցի ճաշարանին մէջ, ճաշերուն, բանջարեղէններուն եւ պտուղներուն անունները հայերէն պիտի չըսուին: Օմըլէթէն ի՞նչ պակաս ունի իմաստալից հայերէն ձուածեղը:
Ինչո՞ւ մարզանքի դասատուն հայերէն պիտի չխօսի… Ինչո՞ւ հայերէնով պիտի չմարզուին հայ աշակերտները:
Եւ այս՝ ընթացիկ բառերէն մինչեւ քիչ մը աւելի մասնագիտական թուացողները, մեթաֆիզիքը եւ տիալեկտիկը, ըսելով՝ բնազանցութիւն եւ տրամաբանութեան արուեստ, տրամախոհութիւն…:
Կեանքի լեզուն պէտք է հայացնել, որպէսզի հայերէնը ըլլայ կենդանի հաղորդակցական լեզու, դառնայ ինքնութեան եւ հարազատութեան կրողը:
Անդադար հիմնադրամներ (ֆոնտեր) կը ստեղծուին: Ազգի ոգեկանութեան հիմ հանդիսացող լեզուի հայացման եւ հարստացման համար հիմնադրամի մը ստեղծումը պերճանք չ’ըլլար, այլ՝ ներդրում, ինչպէս կ’ըսուի ճառերու մէջ՝ գոյապահպանման համար:
Ճոխացած հայերէն բառեմթերքը երաշխիք է նաեւ ազնիւ գրականութեան ստեղծման, ինչո՞ւ ոչ նաեւ հայկական նկարագրով մամուլին:
Հայերէնը չանհետանալու համար պէտք է ըլլայ կեանքի լեզու, վերականգնէ իր հարազատութիւնը, մերժէ ըլլալ կապկուած եւ վայրագ եղանակով ընդունուած օտար բառերու եւ օտարաբանութիւններու մախաղ:
Արդիականացած հայերէն չի նշանակեր մուրացածոյ հայերէն բարբառ:
Ապագայի նախատեսութեամբ պէտք չէ խուսափիլ խստակրօն ըլլալէ: Եթէ այս մենք չընենք, ուրիշներ այդ պիտի չընեն մեր փոխարէն: Այս ալ առաջնահերթութիւն է: Վաղուան չսպասող առաջնահերթութիւն:
Թէեւ համաշխարհայնացման հեղեղին մէջ տարուելով, յաջողութեան եւ նախնական գործնապաշտութեան ճնշման տակ, այս կարգի հարցեր անմիջական մտահոգութիւն չեն, ո՛չ զանգուածին եւ ո՛չ ալ նիւթապաշտ եւ բթացած էսթէպլիշմընթին համար:
Բայց համաշխարհայնացման գլանին տակ չզմուելու գիտակցութիւն ունեցող հարազատ ղեկավարութիւն եւ մտաւորականութիւն առանց յուսահատելու պէտք է շարունակեն պայքարը:
Ինչպէ՞ս: Նախ տեւաբար պէտք է խօսիլ այս մասին, կոչ ընելով ժողովուրդի ընդոծին ողջախոհութեան եւ իմաստութեան:
Ապա՝ ղեկը պինդ բռնելով եւ հետեւելով Մաշտոցի էականի կողմնացոյցին: