

Շաբաթ 12, 2010ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ առաջին անկախ Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութեան 92ամեակի տօնակատարութիւնը, կազմակերպութեամբ Տիթրոյթի Հ.Յ.Դ. »Ազատամարտ« կոմիտէութեան: Այս տօնակատարութեան առիթով, Մոնրէալէն հրաւիրուած էր ժողովրդային եւ ազգային երգերու մեկնաբան Արթիւր Աբգարեան եւ իր նուագախումբը: Իսկ օրուայ պատգամախօս՝ ընկ. Անդրանիկ Գասպարեան (Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ) յատկապէս հրաւիրուած Նիւ Ճըրզիէն: Ներկայ էին Սուրբ Սարգիս Հայոց Առաքելական եւ Սուրբ Վարդան Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, Արք. Տ. Տարօն Քհնյ. Ստեփանեան, Գրպ. Տ. Անտոն վրդ. Ադամեան, Հ. Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Հայկ Օշական, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ:
Օրուայ հանդիսավարն էր շրջանի »Ազատամարտ« կոմիտէութեան հերթապահ՝ ընկհ. ՃօրճիԷնն Օշական: Ան »Ազատամարտ« կոմիտէութեան կողմէ իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց ընկ. Անդրանիկ Գասպարեանը, եւ ապա զայն բեմ հրաւիրեց ներկայ հասարակութեան փոխանցելու իր մտածումները: Ապա, ձեռնարկի աւարտին, Մոնրէալէն ժամանած Արթիւր Աբգարեան եւ իր նուագախումբը ժողովրդային եւ ազգային երգերով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:
Ստորեւ, ընկ. Գասպարեանի խօսքը.
Այսօր ես պիտի չխօսիմ 1918ի առաջին անկախ Հայաստանի հիմնադրութեան մասին, որովհետեւ վստահ եմ որ դուք արդէն իսկ լաւ գիտէ°ք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտներուն պատմութիւնը: Ես այսօր պիտի խօսիմ ներկայիս Հայաստանը եւ հայութիւնը յուզող երկու հիմնական հարցերու մասին, որոնք առնչութիւն ունին Հայաստանի անկախութեան պահպանման եւ մեր ազգային իտէալներուն իրականացման:
Առաջին անկախութեան մղուած գոյապայքարը զինուորական էր, երաշխիք՝ մեր գոյութեան, եւ անկախ Հայաստանի: Իսկ այսօր մեր մղած գոյապայքարը դիւանագիտական է, լեցուն մութ ծալքերով, անորոշ ճամբաներով եւ լի արկածախնդրութիւններով: Քաղաքականութիւնը մարդկային ընկերութեան մէջ ամենաաղտոտ գործն է:
Մարտ 1, 2008ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն, որ զուրկ էր Եւրոպական չափանիշներով ժողովրդավարական կարգերէ, տեղի ունեցաւ մեծ խախտումներ եւ զերծարարարութիւներ, որոնք օտար դիտողներու կողմէ քննադատուեցան: Արեւմուտքը Հայաստանի մէջ ունէր լծակներ, գլխաւորութեամբ եւ ղեկավարութեամբ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Երեւանի մէջ կազմակերպեց նստացոյց, բողոքի ցոյց. ստեղծուեցաւ խառնակ վիճակը ի մտի ունենալով տապալել Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը: Ցոյցերը եւ խռովութիւնները զսպելու համար իշխանութիւնը ի գործ դրաւ բիրտ ուժ, որոնք դուռ բացին բախումներու եւ զոհերու:

Արեւմուտքը առկախեց իր նիւթական յատկացումներն ու խոստումները, ըսելով թէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական սկզբունքները շատ հեռու կը մնան արեւմտեան չափանիշներէն, պէտք է իշխանութիւնը սրբագրէ զանոնք որպէսզի համընկնի արեւմուտքի սկզբունքներուն, որոնց բարելաւումէն ետք է որ, մեր նիւթական օժանդակութիւնը եւ խոստումը պիտի յարգենք:
Հայաստանի իշխանութիւնը ստեղծուած պայմաններէն դուրս գալու համար կը հետապնդէր կարգ մը նպատակներ: Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը, եւ ծովային ելք մը չունենալուն հանգամանքը կը գտնուէր դժուարին կէտի մը վրայ, աշխարհի հետ յարաբերելու համար ունի երկու սահմաններ, հարաւէն Պարսկաստանը, որու ճամբաները աննպաստ եւ զուրկ երկաթուղագիծէ ու անբաղձալի արեւմուտքի համար, իսկ հիւսիսը Վրաստանը: Հայաստան Ռուսաստանի հետ ռազմավարական դաշնակից է, եւ անկէ կը ստանայ իր անհրաժեշտ օժանդակութիւնը, որուն հետ իր ցամաքային կապը կ°անցնի Վրաստանէն, որ երբեք լաւ յարաբերութեան մէջ չէ Ոուսաստանի հետ:
Հետեւաբար՝ իշխանութիւնը նկատի ունենալով Հայաստանի հիւսիսի եւ հարաւի ճամբաներու դժուարութիւնները, դէպի արեւմուտք ելքի նոր ճամբայ մը ապահովելու համար որոշեցին թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը կարգաւորել: Արցախի ազատագրական պատերազմի առաջին օրէն իսկ Թուրքիա կողմ էր Ատրպէյճանի, եւ այդ պատճառով Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւն չունէր եւ փակած էր սահմանը: Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը ունէր այն համոզումը թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւն հաստատելով ու սահմանը բանալով, Ատրպէյճանի դիրքը կը տկարանայ Արցախի բանակցութեան մէջ: Այդ հեռանկարով է, որ Սերժ Սարգսեան Թուրքիոյ նախագահը, Կիւլը հրաւիրեց Երեւան, աշխարհի ախոյեանութեան գծով, ՀայաստանԹուրքիա ոտնագնդակի մրցումին: Սակայն փաստերը ցոյց տուին թէ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը տակաւին շատ տկար ու անփորձ է:
Անցնող քսան տարիներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ Դատի գրասենեակը, Հայկական Համագումարը, եւ այլ կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ մեծ աշխատանք կատարեցին Ցեղասպանութիւնը ճանչցնելու:
Նախագահ Օպամա իր ընտրապայքարին ընթացքին հրապարակաւ յայտարարեց թէ՝ երբ նախագահ ընտրուի պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ապրիլ 24, 2009ին, հակառակ իր խոստումին. ան իր խօսքին մէջ խուսափեցաւ գործածել »Ցեղասպանութիւն« բառը եւ բաւարարուեցաւ գործածել »Մեծ Եղեռն« բառը: Նոյն օրն իսկ Թուրքիոյ Նախագահ Կիւլ, եւ վարչապետ Էրտողան խիստ ոճով նամակ մը ղրկեցին նախագահ Օպամային, որուն մէջ շեշտած էին ըսելով՝ թէ հայերը կատարած են ցեղասպանութիւնը…
Թուրքիա բաղդատած Հայաստանի, իր աշխարհագրական դիրքով, իր տարածութեամբ ու թուային քանակով, արդիական զէնքերով զինուած իր հզօր բանակով, նախանձելի տնտեսութեամբ, եւ անցեալէն եկած հարուստ դիւանագիտական փորձառութեամբ, կարեւոր խօսք մը ունի մեծ պետութիւններու մօտ: Վերջին ամիսներու անցուդարձերն ալ, Կազայի հարցին թէ Պրազիլի հետ գործակցութեան առնչութեամբ, լուրջ փաստեր են:

Յաջորդող ամիսներուն ՀայաստանԹուրքիա գաղտնի յարաբերութիւնները շարունակուեցան եւ վերջապէս Հոկտեմբեր 2009ին, Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ մեծ պետութիւններու օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ստորագրուեցաւ համաձայնագիրը:
Հոս նշելի է թէ, համաձայնագրի ստորագրութենէն ետք Արեւմուտքը եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգները, Հայաստանի տրուելիք նիւթական օգնութիւնը եւ խոստումները սկսան տրամադրել: Իրականութիւնը, Հայաստանի մէջ մինչեւ օրս, ժողովրդավարական, ընկերային եւ տնտեսական ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուած է: Խորքին մէջ, Ուաշինկթընի համար ցանկութիւն մըն է ժողովրդավար կարգեր հաստատելը, անոնց քաղաքական նպատակն է նիւթական օգնութեամբ Հայաստանի նման փոքր երկիրներ իրենց քաղաքական նպատակներուն լծակ ծառայեցնել:
Համաձայնագրի ստորագրութենէն ետք, Սերժ Սարգսեան Սփիւռք կատարած շրջապտոյտի ընթացքին, Ֆրանսա, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս եւ Լիբանան, հանդիպեցաւ ընդվզումի, ցոյցերու եւ բողոքներու: Թուրքիա, Հայաստանի հետ իր սահմանը բանալու համար պայման դրաւ որ Արցախի ազատագրուած տարածքները վերադարձուի Ատրպէյճանի, եւ այդ բոլորէն աւելին, Արցախ մնայ Ատրպէյճանի հողային ամբողջութեան մէջ, եւ անոր տրուի միայն ներքին ինքնավարութիւն:
Բարեբաղդաբար Թուրքիա քաղաքական մութ նպատակներով առ այժմ սառած կը պահէ Հայաստանի հետ ստորագրուած համաձայնագիրը: Եթէ ստորագրուած համաձայնագիրը կեանքի կոչուած ըլլար, այսօր Հայաստանի անկախութիւնը վտանգուած կÿըլլար ու Հայաստան Թուրքիոյ դիւանագիտութեան տակ ստրուկ, եւ Արցախի հարցը ի նպաստ Ատրպէյճանի վերջ պիտի գտնէր:
Հայաստանի իշխանութիւնը ըմբռնեց թէ Թուրքիան այն երկիրը չէ ինչ որ իրենք կը պատկերացնէին: Վերջերս, Սերժ Սարգսեանի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ կատարած հրապարակային յայտարարութիւնները ցոյց կու տան թէ ան կը փորձէ սրբագրել կատարուած թիւրիմացութիւնները:
Կատարուած յայտարարութիւնները թէեւ որոշ չափով մեզ կը գոհացնեն, բայց, բաւարար չեն, վտանգը տակաւին ներկայ է ու կախուած կը մնայ Հայաստանի ու Արցախի վրայ, քանի դեռ Հայաստանի իշխանութիւնը քաղաքական քաջութիւնը ու կամքը չեն դրսեւորած, եւ ետ չեն քաշած իրենց ստորագրութիւնը այդ խնդրայարոյց փաստաթուղթէն:
Արցախի հարցին առնչութեամբ, բազմիցս հետեւողական ձեւով կÿայցելեմ Արցախ: Կը տեսնեմ ամայացած տարածքները, ինծի կը թուի թէ ժամանակն է որ ազգովին մտածենք եւ միասնաբար գործենք Արցախի պատմական ազատագրուած տարածքները, եւ շէնցնենք որ կենսական կապն է Հայաստանի ապահովութեան եւ երաշխիքը Արցախի գոյութեան: Այդ ընելու համար անհրաժեշտ է Սփիւռքահայութեան նիւթական յատկացումները:
Բնակելի ներկայ պայմաններով վերանորոգենք քանդուած տուները, ջուրի եւ ելեկտրականութեան ցանցերը, կառուցենք ներկայ տուեալ պայմանով եւ յարմարութիւներով դպրոցներ, վերամշակենք խոպան մնացած տարածքները ու վերականգնենք գիւղատնտեսութիւնը, գործատեղիներ բանանք, այնտեղ ապրելու համար նպաստաւոր եւ ձեռընտու պայմաններ ստեղծենք, որպէսզի կարենանք հոն ապրողներու կողքին նորեկներ ներգրաւել հոն ապրելու: Այս յաջողցնելով, Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ մեծ գործ կատարած կÿըլլանք, եւ կը կարողանանք բանակցութեան սեղան բերել եւ ցոյց տալ թէ՝ այդ տարածքները Արցախի պատմական մասերն են: Համաձայն միջազգային օրէնքի բնակեցուած ու շէնցուած տարածքները ինքնաբերաբար ետ չեն վերադաձուիր: Ներկայիս այդ տարածքները վերաբնակեցնելու եւ շէնցնելու ծրագիրը Արցախի կառավարութեան կողմէ յատուկ ուշադրութեամբ գործի վերածուած է: Այս գծով, յոյսով ենք որ նիւթական կարելիութիւններով շուտով բոլորս, պիտի մասնակցինք այս ծրագրի յաջողութեան, ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան պահպանման, եւ մեր ժողովուրդի ազգային իտէալներու յաջողութեան:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ