ՀԱ­ՅԵ­ՐԷՆ ԲԱՐ­ԲԱՌ­ՆԵ­ՐԸ

0 0
Read Time:14 Minute, 24 Second

ԱՐ­ՄԷՆ ՏՕ­ՆՈՅ­ԵԱՆ

Աշ­խար­հի բո­լոր լե­զու­նե­րը ու­նին իրենց բար­բառ­ներն ու են­թա­բար­բառ­նե­րը:

Լե­զու­նե­րու մէջ ամե­նէն շատ բար­բառ ու­նե­ցող­նե­րը հնդիկ­ներն են: Այն­քան խառն եւ իրա­րու հա­մար ան­հասկ­նա­լի է անոնց բազ­մա­թիւ բար­բառ­նե­րը, որ անգ­լե­րէ­նը դար­ձած է տե­սակ մը հա­սա­րա­կաց լե­զու: Բար­բա­ռի սահ­մա­նու­մը շատ ըն­դար­ձակ է եւ խրթին: Պար­զա­գոյն բա­ցատ­րու­թիւնն այն է, որ երբ մեր պա­րա­գա­յին, եր­կու հա­յեր իրա­րու հան­դի­պին, հա­յե­րէն խօ­սե­լով հան­դերձ զի­րար չհասկ­նան ու­րեմն անոնց գոր­ծա­ծած լե­զուն բար­բա­ռա­յին է:

Ինչ­պէ՞ս, ե՞րբ եւ ին­չո՞ւ ծնունդ առած են այս բար­բառ­նե­րը: Դժուար է այս հար­ցե­րուն տալ մի­ան­շա­նակ պա­տաս­խան:

Բար­բառ­նե­րու ծագ­ման մա­սին եր­կու բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կան.և

Ա. – Ե. դա­րուն ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են զա­նա­զան բար­բառ­ներ, քա­նի որ Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րածք­նե­րը իրար­մէ հե­ռու ըլ­լա­լով, տար­բեր “աշ­խարհ­ներ“, տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու եւ պայ­ման­նե­րու մէջ լեզ­ուա­կան տե­ղա­կան տար­բեր ճիւ­ղեր ստեղծ­ուած են, մա­նա­ւանդ հե­ռա­ւո­րու­թեան եւ հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու չգո­յու­թեան պատ­ճառ­նե­րով: Ու­րեմն այս բա­ցատ­րու­թեամբ ար­դէն իսկ բար­բառ­նե­րը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են: Այդ բար­բառ­նե­րէն մէ­կը եղած է գրա­բա­ռը, որ գրա­կա­նա­ցած է եւ դար­ձած է հա­սա­րա­կաց ըն­դուն­ուած եկե­ղե­ցա­կան, ժա­մա­նա­կին գրա­կան, պե­տա­կան եւ ընդ­հան­րա­կա­նաց­ուած լե­զու: Միւս բար­բառ­նե­րը իրենց գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կած են տե­ղա­կան պայ­ման­նե­րով մին­չեւ մեր օրե­րը:

Բ.- Այս տե­սա­կէ­տին հա­մա­ձայն չեն կարգ մը լեզ­ուա­բան­ներ, որոնք կը պնդեն, որ այ­սօր գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բար­բառ­նե­րը այն­քան ալ հին չեն եւ հիմ­նա­լե­զու գրա­բա­ռէն ետք, ծնունդ առած են այդ բար­բառ­նե­րը: Այս­տեղ յայտ­նենք հա­րե­ւանցի­օ­րէն, որ բար­բառ­նե­րու մա­սին եղած են բազ­մա­թիւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ: Բար­բառ­նե­րու բա­ռա­յին, հնչիւ­նա­կան, քե­րա­կա­նա­կան եւ հո­լո­վա­կան կա­նոն­նե­րը են­թարկ­ուած են հա­մե­մա­տա­կան խոր քննար­կում­նե­րու:

Մեր այս տո­ղե­րուն մե­ծա­գոյն աղ­բիւ­րը եղած է Հրաչ­եայ Աճառ­եան, որ յա­տուկ խոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը նուի­րած է մեր բար­բառ­նե­րուն, լոյս տե­սած է 1911ևին (Մոսկ­ուա, Նոր Նա­խի­ջե­ւան): Հա­տո­րը կը կոչ­ուի (“Հայ Բար­բա­ռա­գի­տու­թիւն, Ուր­ուա­գիծ եւ Դա­սա­ւո­րու­թիւն Հայ Բար­բառ­նե­րիևբար­բա­ռա­գի­տա­կան քար­տէ­սով“):

Ան նա­եւ կազ­մած է 28 բար­բառ­նե­րու բա­ռա­րան մը, Երե­ւա­նի (Քա­նա­քեռ) Թիֆ­լի­սի, Ղա­րա­բա­ղի, Գո­րի­սի, Շա­մա­խի, Նոր Ջու­ղա­յի, Մոկ­սի, Տիգ­րա­նա­կեր­տի, Խար­բեր­դի, Համ­շէ­նի, Զէյ­թու­նի, Հա­ճը­նի, Սուէյտ­իոյ, Սե­բաստ­իոյ, Աս­լան­պէ­կի, Պոլ­սոյ, Ռո­տոս­թո­յի, Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի, Սու­չա­ւա­յի, Մա­րա­շի եւ Սալ­մաս­տի բար­բառ­նե­րով:

Ընդ­հան­րա­պէս լեզ­ուա­բան­նե­րը հա­յե­րէն բար­բառ­նե­րը եր­կու գլխա­ւոր մա­սե­րու կը բաժ­նենև Արեւմ­տա­հայ եւ Արե­ւե­լա­հայ: Այ­սինքն ԿԸ (Արեւմ­տա­հայ) եւ ՈՒՄ (Արե­ւե­լա­հայ): Աճառ­եան նա­եւ կ՛աւելց­նէ ԵԼ ճիւ­ղի բար­բառ­ներ:

 

Այս­պէս` ՈՒՄ ճիւ­ղը ու­նի 7 բար­բառ

ԿԸ ճիւ­ղը ու­նի 24 բար­բառ

ԵԼ ճիւ­ղը ու­նի 5 բար­բառ

 

Բար­բառ­ներ կան, որոնք կ՛իյ­նան արեւմտ­եան եւ արե­ւել­եան աշ­խար­հա­բա­ժա­նում­նե­րու մէջ, եւ եր­բեմն չեն են­թարկ­ուիր այդ բա­ժան­մուն­քի սկզբուն­քին: Ինչ­պէս օրի­նակ Արտ­ուի­նը, որ թէ­եւ աւել­ի­ ա­րեւ­մուտ­քի հա­կում ու­նի, սա­կայն արե­ւե­լա­հայ բար­բա­ռա­խում­բին են­թա­կայ է, իսկ Ախալ­քա­լա­քի եւ Կու­մայրիի բար­բառ­նե­րը արեւմ­տա­հայ բար­բա­ռա­խում­բին կը պատ­կա­նին:

Ռու­սա­կան կայս­րու­թեան մէջ գտնուող Խրիմ, Պա­թում, Ախալ­քա­լաք, Ախալց­խա, Կու­մայ­րի եւ Նոր Պա­յա­զէտ կը խօ­սին արեւմ­տա­հա­յե­րէն բար­բառ­նե­րով, իսկ Թուրք­իոյ Պա­յա­զէտ, Պոր­տուր, Էօ­դի­միշ եւ Իզ­միր արե­ւե­լա­հայ բար­բառ­ներ ու­նե­ցած են:

 

ՈՒՄ ՃԻՒ­ՂԻ

ԲԱՐ­ԲԱՌ­ՆԵ­ՐԸ

 

Երե­ւան եւ շրջա­կայ­քը, մին­չեւ Քա­նա­քեռ, Էջմ­ի­ա­ծին եւ Աշ­տա­րակ: Թիֆ­լի­սի բար­բա­ռը, նա­խա­պէս Վրաս­տա­նի բո­լոր շրջան­նե­րը տա­րած­ուած, վեր­ջերս միայն կը խօս­ուէր Թիֆ­լի­սի մէջ, բայց ար­դէն սկսած էր տե­ղի տալ վրա­ցե­րէ­նի, ռու­սե­րէ­նի եւ գրա­կան հա­յե­րէ­նի: Ղա­րա­բա­ղը հայ լեզ­ուի ամե­նէն մեծ եւ ամե­նէն տա­րած­ուած բար­բառն է, որ կը սկսի Թաւ­րի­զէն մին­չեւ Կաս­պից Ծո­վու եզերք­նե­րը, նե­րառ­եալ Իզ­միր եւ Այ­դըն: Այս մա­սին կը տրուի հե­տեւ­եալ բա­ցատ­րու­թիւնը, թէ զա­նա­զան  ժա­մա­նակ­նե­րու, Ղա­րա­բաղ հաս­տատ­ուած կամ Ղա­րա­բա­ղէն հե­ռա­ցած­ներ պա­հած են այս բար­բա­ռը: Գաղ­թե­րու պատ-­ճառ­նե­րով ղա­րա­բաղ­ցի­նե­րը ցրուած են մին­չեւ Սի­պեր­իա, Թուր­քես­տան, Գան­ձակ, Պա­քու, Դի­լի­ջան, Զան­գե­զուր, Պարս­կաս­տա­նի շրջա­նէն Մո­ժում­բար, Ղա­րա­դաղ եւ Ղա­զախ: Ուս­տի իրենց հետ տա­րած են այս բար­բա­ռը:

Շա­մա­խի բար­բա­ռով խօ­սած են Պաք­ուի հա­յու­թեան մէկ մա­սը: Պարս­կա­հա­յու­թեան եւ Աստ­րա­խա­նի բար­բա­ռը ծնունդ առած է Հին Նա­խի­ջե­ւա­նէն: Ժո­ղո­վուր­դը տա­րած­ուած է մին­չեւ Աստ­րա­խան եւ Ատր­պա­տա­կան: Այս բար­բա­ռը կը նմա­նի Երե­ւա­նի, Նոր Ջու­ղա­յի, Հին Ջու­ղա­յի, Շի­րա­զի, Հնդկաս­տա­նի եւ Ջա­ւա­յի բար­բառ­նե­րուն: Իսկ Ագու­լի­սի զո­կե­րէ­նը, բո­լո­րո­վին տար­բեր է բար­բա­ռա­յին ըն­կալ­եալ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րէն:

 

ԿԸ ՃԻՒՂ

 

1և Կար­նոյ բար­բառ, Կա­րին, Բա­բերդ, Կարս, Կու­մայ­րի, Ախալ­քա­լաք, Ախալց­խա: Բա­ւա­կան մօտ է երե­ւան­եան բար­բա­ռին:

2և Խո­տոր­ջուր, Կար­նոյ եւ շրջա­կայ­քի գիւ­ղե­րը:

3և Մուշ, Ալաշ­կերտ, Բա­ղէշ, Ճա­պաղ­ջուր, Սա­սուն, Պու­լա­նըխ, Խնուս Մա­նազ­կերտ:

4և Վան, Աղ­բակ, Մոկս, մին­չեւ Պարս­կաս­տա­նի սահ­մա­նը: Են­թա­բար­բառ­նե­րէն յի­շենք Դի­ա­ղի­նը եւ Ոզ­մին: Այս բար­բա­ռով մեծ թիւով գրու­թիւն­ներ կան:

5և Տիգ­րա­նա­կերտ, Հազ­րօ, Խի­ան, Սե­ւե­րակ եւ որոշ չա­փով ազդ­ուած է Ուր­ֆան:

6և Խար­բերդ եւ Երզն­կա, Բա­լու, Չմշկա­ծագ, Չար­սան­ճաք, Քղի, Տէր­սիմ եւ Կա­մախ:

7և Շա­պին Գա­րա­հի­սա­րի բար­բա­ռը մօտ է Խար­բեր­դի բար­բա­ռին: Ան տա­րած­ուած է նա­եւ Ռո­թոս­տո­յի մէջ, քա­նի որ այն­տեղ եղած են մեծ թիւով Շա­պին Գա­րա­հի­սար­ցի­ներ:

8և Տրա­պի­զո­նի բար­բա­ռը խօս­ուած է առա­ւե­լա­բար Կիւ­միւշ­խա­նէի եւ Կիւ­րա­սո­նի մէջ: Մօտ է Պոլ­սոյ բար­բա­ռին:

9և Համ­շէ­նի բար­բա­ռը յա­տուկ էր Տրա­պի­զո­նի հա­րա­ւը գտնուող համ­շէ­նա­հա­յե­րուն, որոնք զայն իրենց տու­նե­րէն ներս միայն կրնա­յին խօ­սիլ, քա­նի որ բռնի իս­լա­մա­ցած էին մեծ մա­սամբ: Սոյն բար­բա­ռը յե­տա­գա­յին ազա­տօ­րէն գոր­ծած­ուած է Սեւ Ծո­վուն ափե­րը հաս­տատ­ուած համ­շէ­նա­հա­յե­րուն կող­մէ:

10և Մա­լաթ­իոյ բար­բա­ռը մօտ եղած է Արաբ­կի­րի, Տիգ­րա­նա­կեր­տի եւ Կի­լիկ­իոյ բար­բառ­նե­րուն: Այս բար­բա­ռին մէջ բա­ղա­ձայ­նա­յին հնչիւ­նայ­նու­թիւնը կորս­ուած է:

11և Կի­լիկ­եան բար­բառ­ներ խառն եղած են: Յի­շենք Զէյ­թու­նը, Մա­րա­շը, Հա­ճը­նը, Սի­սը, Ան­տո­քը, Քի­լի­սը եւ Փա­յա­սը:

Ասոնց­մէ ամե­նէն հա­րուս­տը Զէյ­թու­նի բար­բառն է:

12ևՍուէյտ­իոյ բար­բա­ռին տակ կ՛իյ­նայ Մու­սա Լեռ, Քե­սապ, Եա­գուպիէ, Լա­թաք­իա, Ղը­մէնիէ, Ճը­սըր Շը­ղուր:

13և Արաբ­կի­րի բար­բա­ռը դժուա­րա­հասկ­նա­լի չէ: Կը գոր­ծած­ուի Կե­սար­իոյ, Կիւ­րին, Եոզ­ղա­տի եւ շրջա­կայ­քի այն գիւ­ղե­րուն մէջ, որոնք տա­կա­ւին չէ­ին են­թարկ­ուած թրքա­խօ­սու­թեան:

14և Ակնևի բար­բա­ռը ու­սում­նա­սիր­ուած է: Քե­րա­կա­նա­կան եւ հնչիւ­նա­յին ար­տա­սո­վո­րու­թիւն չու­նի: Մօտ է Խար­բեր­դի եւ Արաբ­կի­րի բար­բա­ռին:

15և Սե­բաստ­իոյ բար­բա­ռը մօտ է Խար­բեր­դի բար­բա­ռին:

16և Եւ­դոկ­իոյևԹո­քա­տի բար­բա­ռը ու­սում­նա­սիր­ուած է: Այս բար­բա­ռով կը խօ­սին Ամաս­իոյ, Մարզ­ուա­նի, Սամ­սո­նի մէջ: Քե­րա­կա­նու­թեամբ մօտ է Կ. Պոլ­սոյ բար­բա­ռին:

17և Ամաս­իոյ բար­բա­ռը ու­սում­նա­սիր­ուած է եւ մօտ է Եւ­դոկ­իոյ բար­բա­ռին: Կոր բա­ռին գոր­ծա­ծու­թիւնը յա­ճա­խա­կի է:

18և Օրտ­ուի բար­բա­ռը, Սեւ Ծո­վի Օր­տու քա­ղա­քին մէջ միայն այս բար­բա­ռով խօ­սած է ժո­ղո­վուր­դը: Մօտ է Մա­լաթ­իոյ եւ Տիգ­րա­նա­կեր­տի բար­բառ­նե­րուն: Չէ ու­սում­նա­սիր­ուած եւ քի­չե­րուն միայն ծա­նօթ է:

19և Զմիւռն­իոյևԻզ­մի­րի բար­բա­ռըև կը խօս­ուի Մա­նի­սա­յի, Գա­սա­պա­յի, Պա­րըն­տը­րի մէջ: Շատ նման է Կ. Պոլ­սոյ եւ Թո­քա­տի բար­բառ­նե­րուն:

20և Նի­կոդիմ­իոյ բար­բա­ռը Կ. Պոլ­սոյ մօտ Ատա­փա­զա­րի եւ Նի­կո­դիմ­իա գիւ­ղե­րէն զատ կը խօս­ուի Աս­լան Բէ­կի, Պար­տի­զա­կի, Կէյ­վէի, Չին­կի­լի մէջ:

21և Պոլ­սոյ բար­բա­ռը Արեւմ­տա­հա­յու­թեան մշա­կու­թա­յին եւ քա­ղա­քա­կան նշա­նա­ւոր կեդ­րո­նի բար­բա­ռը իր ժա­մա­նա­կին ու­սում­նա­սիր­ուած է, ըստ Աճառ­եա­նին “թէ­եւ օտար հո­ղի վրայ, բայց շատ աւե­լի հա­ւա­տա­րիմ է մնա­ցել հայ լեզ­ուին, քան նոյ­նիսկ Հա­յաս­տա­նի բար­բառ­նե­րէն ոմանք“:

22և Ռո­տոս­թո­յի բար­բա­ռը, Ռո­տոս­թօն մի­ակ քա­ղաքն էր եւ­րո­պա­կան Թուրք­իոյ մէջ, ուր տա­կա­ւին հա­յե­րէ­նը չէր զի­ջած թրքե­րէ­նին:

23և Խրի­մի կամ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի բար­բա­ռը բա­ւա­կան տա­րած­ուած եւ ճոխ գրա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող բար­բառ մը եղած է: Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նը եւ ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տը շէն­ցած են ռու­սա­կան քա­ջա­լե­րան­քով, այլ շրջան­նե­րէն այն­տեղ գաղ­թած հա­յե­րուն կող­մէ: Մօտ էր Պոլ­սոյ բար­բա­ռին թէ­եւ ՈՒՄ ճիւ­ղին կը պատ­կա­նէր:

24և Առտ­ի­ա­լի բար­բա­ռը, Արե­ւել­եան Եւրո­պա­յի մէջ ցրուած հա­յու­թեան բար­բա­ռը եղած է: Յատ­կա­պէս Լե­հաս­տա­նի, Ռու­ման­իոյ, Թրան­սիկ­վան­իա­յի եւ Հուն­գար­իոյ մէջ:

Այս­տեղ տե­ղին է յի­շեց­նել, որ ակ­նե­րեւ է կարգ մը բար­բառ­նե­րու նմա­նու­թիւն­նե­րը իրա­րու, թէ­եւ տար­բեր խմբա­ւո­րում­նե­րու են­թա­կայ , բայց մեծ նմա­նու­թիւն­ներ ու­նե­ցած են անոնց:

 

ԵԼ ՃԻՒ­ՂԸ

Ու­նե­ցած է հինգ բար­բառ­ներ:

1և Մա­րա­ղա, Ատր­պա­տա­կա­նի շրջա­նին մէջ գտնուող Մա­րա­ղա գիւ­ղա­քա­ղա­քի հա­յու­թեան բար­բա­ռը եղած է: Մա­րա­ղա կը գտնուի Ուրմ­իոյ լի­ճի արե­ւել­եան ափին:

2և Ար­տու­նի բար­բառ, Ար­տա­հա­նի մօտ գտնուող Ար­տու­նի հա­յու­թեան բար­բա­ռը եղած է: Մօտ Թիֆ­լի­սի բար­բա­ռին:

3և Հա­ւա­րի­կի բար­բառ, Կուռ Գե­տի ձախ գտնուող վեց գիւ­ղե­րու բար­բա­ռը եղած է, որ Հա­ւա­րի­կի գլխա­ւոր գիւ­ղի անու­նով ճանչց­ուած է լեզ­ուա­բա­նու­թեան մէջ: Նմա­նու­թիւն­ներ ու­նի Ջու­ղա­յի եւ Ղա­րա­բա­ղի բար­բառ­նե­րուն:

4և Խո­յի բար­բա­ռը, խօս­ուած է Խո­յի, Սալ­մաս­տի, Ուրմ­իոյ շրջան­նե­րէն մին­չեւ Նա­խի­ջե­ւան եւ Իզ­մի­րի մէջ: Կ՛իյ­նայ Վա­նի եւ Մա­րա­ղա­յի բար­բառ­նե­րուն մի­ջեւ: Ու­սում­նա­սիր­ուած է:

5և Մեղրիի բար­բառ, Զան­գե­զու­րի եւ Պարս­կաս­տա­նի սահ­մա­նի վրայ գտնուող ժո­ղո­վուր­դին բար­բառն է: Մօտ է Հադ­րու­թի, Շա­տա­խի, Ղա­րա­բա­ղի եւ Ղա­րա­տա­ղի բար­բառ­նե­րուն:

Այս ման­րա­նաս­նու­թիւն­նե­րը տուինք, որով­հե­տեւ լեզ­ուա­բա­նու­թեան հա­մար մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ անոնց ու­սում­նա­սի­րու­թիւնը, որով հե­տաքրք­րա­կան պի­տի ըլ­լայ մի­ջա­վայ­րա­յին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը քննար­կել, օտար բա­ռե­րու փո­խա­ռու­թիւն­նե­րը ու­սում­նա­սի­րել, բա­ռե­րու գոր­ծա­ծու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րը ճշդել եւ պար­զել անոնց սկզբնա­կան աղ­բիւր­նե­րը: Անհ­րա­ժեշտ է շեշ­տել, որ կարգ մը բար­բառ­ներ նա­եւ գոր­ծած­ուած են իրար­մէ հե­ռու շրջան­նե­րու մէջ: Այս պա­րա­գան կապ­ուած է տե­ղի ու­նե­ցող ժո­ղովր­դա­յին գաղ­թե­րուն հետ:

Արեւմ­տա­հայ բար­բառ­նե­րուն մէջ հնա­գոյ­նը կը նկատ­ուի Հա­ճը­նի բար­բա­ռը:

Իսկ Աճառ­եան, ընդ­հան­րա­պէս բար­բառ­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կը նշա­նա­կէ ԺԲ. դա­րը: Ան­կէ ետք է, որ ըստ իրեն բար­բառ­նե­րը սկսած են ճիւ­ղա­ւոր­ուիլ եւ ան­կա­խա­նալ:

Սուէյտ­իոյ բար­բա­ռը աւե­լի ուշ ձե­ւա­ւոր­ուած է բայց շատ այ­լա­փոխ­ուած վի­ճա­կով:

Այս­պէս կ՛եզ­րա­կաց­նէ նա­եւ հե­տեւ­եալ հաս­տա­տու­մը:

“Ե. Դա­րում կամ նրա­նից առաջ էլ Հա­յաս­տա­նում խօս­ւում էր հա­յե­րէն, որի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էր գրա­բա­րը: Բար­բառ­նե­րի այն­պի­սի սուր տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նկա­տում ենք այժմ, մեր մէջ չկա­յին: Եղած­նե­րը մանր էին“ (տես­նել իր վե­րո­յիշ­եալ հա­տո­րը էջ 380): Ու­րեմն տար­բե­րու­թիւն­նե­րը շեշտ­ուած են ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու տակ: Շրջան­նե­րու մէջ ապ­րող ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
50 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
50 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles