ԿՐԿԻՆ ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՆԱԽՕՐԵԱԿՆ Է.- ԽՆԴՐԱՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ

0 0
Read Time:8 Minute, 39 Second

ՄԱ­ՐԻ ՄԵՐՏ­ԽԱՆ­ԵԱՆ-ԵԱ­ՐԱԼ­ԵԱՆ

Փետր­ուար 28-ի Ճում­հուրի­է­թը կը հա­ղոր­դէ. »8 հոգիէ բաղ­կա­ցած պատ­ուի­րա­կու­թիւն մը, 4 Մարտ, 2010-ին Ա.Մ.­Ն.ի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի կող­մէ 1915ի դէպ­քե­րը որ­պէս »ցե­ղաս­պա­նու­թիւն« ճանչ­նա­լու բա­նա­ձե­ւի քննարկ­ման նա­խօր­եա­կին, պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում­նե­րու հա­մար այ­սօր (Կի­րա­կի, 28 Փետր­ուար, 2010) Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ մեկ­նե­ցաւ:

»Պատ­ուի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մեն՝ Թուրք­իոյ ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գա­հը, իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան 5, ընդ­դի­մա­դիր Ժո­ղովր­դա­յին Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ Ազ­գայ­նա­կան Շար­ժում կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մէ­կա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

»Պատ­ուի­րա­կու­թիւնը, Մարտ 1-7, հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նայ նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա­յի օգ­նա­կան­նե­րու, Ա.Մ.Ն .պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօն­եա­նե­րու, Գոնկ­րէ­սի ան­դամ­նե­րու հետ, անոնց փո­խան­ցե­լու հա­մար իրենց տե­սա­կէտ­նե­րը՝ խնդրոյ առար­կայ բանա­ձե­ւի Ա.Մ.Ն. Գոնկ­րէ­սի օրա­կար­գին վրայ դնե­լու շուրջ:

»Այ­ցե­լու­թեան նա­խօր­եա­կին, գրա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թեամբ հան­դէս եկող Մար­տի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ճիւ­նէյթ Իւք­սել (ԱԲ կու­սակ­ցու­թիւն) նշած է, որ այս շրջա­նին, երբ եր­կու եր­կիր­նե­րը բա­ւա­կան յագե­ցած օրա­կար­գով յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը փոր­ձեն ստեղ­ծել, երբ Թուրք­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կա­նո­նա­ւոր­ման ըն­թացք կ’ապ­րինք՝ Ա.Մ.Ն.-ի Գոնկ­րէ­սի մէջ 1915-ի դէպ­քերու կրկին ար­ծար­ծու­մը եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան պնդում­նե­րու վե­րա­բե­րող բա­նա­ձե­ւի օրա­կար­գի վրայ յայտն­ուի­լը ան­տե­ղի է: Ան ըսած է. »Յա­րա­տե­ւօ­րէն հայ­կա­կան լոպիի ճնշու­մի տակ գտնուող Ա.Մ.Ն.-ի Գոնկ­րէ­սը, այս տա­րի ալ »ցե­ղաս­պա­նու­թեան« բա­նա­ձե­ւը օրա­կար­գի վրայ ընդգր­կեց: Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան (Ա.Մ.Ն.-ի օրէնս­դիր եր­կու թե­ւե­րէն մէ­կը) ար­տա­քին յա­րա­բերու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բը որո­շած է բա­նա­ձե­ւը քննար­կել Մարտ 4-ին: Հայ­կա­կան Սփիւռ­քը, 2007-ին, դարձ­եալ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն ու­նե­ցած, բայց չէր յա­ջո­ղած: Եթէ կը յի­շէք, բա­նա­ձե­ւը ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ըն­դուն­ուած, բայց Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին չէր հա­սած: Պի­տի աշ­խա­տինք բա­նա­ձե­ւը յանձ­նա­խում­բի մա­կար­դա­կով ար­գի­լել: Նմա­նա­պէս, բա­նա­ձե­ւի քննար­կու­մը ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի օրա­կար­գին վրայ չընդգր­կե­լու հա­մար հա­մա­պա­տաս­խան ան­ձե­րուն հետ հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նանք«:

Մարտ ամիսն է:

Սփիւռ­քա­հա­յու­թեան եւ Թուրք­իոյ օրա­կար­գին վրայ դարձ­եալ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հարցն է:

Հա­յերս, մա­նա­ւանդ Ամե­րի­կա­հա­յե­րը, գեր­լար­ուած ճի­գե­րով կ’աշ­խա­տինք Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու օրէնսդ­րա­կան մարմ­նի ան­դամ­նե­րը մէկ առ մէկ հա­մո­զել, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կեղ­ծիք չէ, այլ՝ պատ­մա­կան կա­րե­ւոր իրա­դար­ձու­թիւն, որուն զոհ գա­ցին մէ­կու­կէս միլի­ոն հա­յեր եւ որու հե­տե­ւան­քով Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը դա­տարկ­ուե­ցաւ իր բնիկ ժո­ղո­վուր­դէն:

Աւե­լի ճշգրիտ ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է ըսէի. »Կ’աշ­խա­տինք օրէնսդ­րա­կան մարմ­նի ան­դամ­նե­րը ՀԱ­ՄՈ­ԶԵԼ, որ իրա­կա­նու­թիւնը պէտք է յայ­տա­րար­ուի եւ ըն­դուն­ուի այն­պէս՝ ինչ­պէս որ է«: Որով­հե­տեւ, նա­խա­գահ Օպա­մա­յի պէս մար­դիկ քիչ չեն… Անոնք շատ լաւ գի­տեն իրա­կա­նու­թիւնը, բայց քա­ղա­քա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով՝ չեն վա­րա­նիր զայն շրջան­ցել…

Ու մե­զի կը մնայ ամէն տա­րի, կրկին ու կրկին, առանց վհա­տե­լու, նոյն մար­դոց գրա­սեն­եակ­նե­րը այ­ցե­լել եւ ան­գամ մը եւս մեր գո­յու­թիւնն ու պա­հան­ջը յի­շեց­նել: Ան­կեղ­ծօ­րէն՝ կը մտա­ծեմ թէ այդ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, զուտ մարդ­կա­յին կամ ար­դա­րու­թեան նկա­տա­ռում­նե­րով, որ­քա՞ն հե­տաքրքր­ուած են Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­մամբ: Սա ու­րիշ խնդիր է… Յստակ է, որ այդ հե­տաքրք­րու­թիւնը անձ­նա­կան-ընտ­րա­կան եւ Ա.Մ.Ն.-ի շա­հե­րէն ան­դին չ’անց­նիր. հա­ւա­նա­բար յար­գե­լի հազ­ուա­դէպ բա­ցա­ռու­թիւն­ներ կան:

Իր կար­գին, Թուրք­ի­ան պե­տա­կան մա­կար­դա­կով ուղ­ղա­կի յար­ձակ­ման կ’անց­նի: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, պե­տա­կան գոր­ծե­լա­ո­ճին մաս կը կազ­մէ Ապ­րի­լի նա­խօր­եա­կին ծանր հրե­տանի­ով Ուա­շինկ­թըն այ­ցե­լու­թիւնը: Վե­րի լու­րը բա­րա­ցու­ցա­կան օրի­նակն էր եւ զար­մա­նա­լու կամ զայ­րա­նա­լու ոչինչ կայ: Թուրք­իա չի քաշ­ուիր ամե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով այս հար­ցի ար­ծար­ծու­մը խան­գա­րե­լէ: Զի­րար յա­ջոր­դող պատ­ու­իրա­կու­թիւն­ներ հա­զա­րա­ւոր մղոն­ներ անց­նե­լով կու գան, կը հաս­նին Ուա­շինկ­թըն, կը մի­ա­նան Ամե­րի­կա­յի թուր­քե­րուն, կը հան­դի­պին տար­բեր թուրք եւ ոչ-թուրք խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու ու մի­աց­եալ ջան­քե­րով ճնշման ամէն եղա­նա­կի կը դի­մեն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան աղա­ղա­կող իրա­կա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը խեղ­դե­լու հա­մար: Բո­լո­րը նո’յն կեց­ուած­քով կը ներ­կա­յա­նան՝ ամե­նա­պարզ քա­ղա­քա­ցին, քա­ղա­քա­պե­տը, իշ­խա­նու­թիւնը, ընդ­դի­մու­թիւնը, երես­փո­խա­նը, նա­խա­րա­րը, վար­չա­պե­տը, նա­խա­գա­հը….

Իսկ մե՞նք…

Ո՞ւր են մեր Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան այ­րե­րը, որոնքտար­բեր առիթ­նե­րով այն­քա¯ն պեր­ճա­խօս ճա­ռեր կը կար­դան »Մէկ ազգ-Մէկ հայ­րե­նիք« գա­ղա­փա­րի շուրջ, ին­չո՞ւ Ապ­րիլ 24-ի նա­խօր­եա­կին չեն բա­րե­հա­ճիր Ա.Մ.Ն.-ի իրենց պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն գէթ նա­մա­կով դի­մել եւ աջակ­ցիլ սփիւռ­քա­հայ իրենց եղ­բայր­նե­րու պայ­քա­րին: Այն­քան դժուա՞ր է պատ­գա­մա­ւո­րա­կան խում­բով նոյն օրե­րուն Ուա­շինկ­թըն գալ եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի իրա­ւուն­քը պաշտ­պա­նել:

Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ժո­ղո­վի կամ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, հա­սա­րա­կա­կան եւ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ին­չո՞ւ լուռ կը մնան:

Ի հար­կէ »հա­մո­զիչ« պա­տաս­խան­ներ կրնան հնչել: Բայց, ատոնք եր­բե’ք չեն ար­դա­րաց­ներ այդ լռու­թիւնը: Այս իմաս­տով, մեր հա­կա­ռա­կոր­դի ըն­թաց­քէն դաս քա­ղե­լու: Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը »Արեւմ­տա­հա­յու«, »Սփիւռ­քա­հա­յու«, »Դաշ­նակ«ի, »Հնչակ«ի, »Լե­ւո­նա­կան«ի, »Սեր­ժա­կան«ի խնդիր չէ: Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ կեն­սա­կան խնդիր է:

Սխալ է մէկ կող­մէն ելոյթ­ներ ու­նե­նալ, հայ­րե­նա­սի­րա­կան ու ազ­գա­սի­րա­կան ճա­ռեր ար­տա­սա­նել, իսկ միւս կող­մէն Թուրք­իոյ հետ պար­տուո­ղա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­դա­ռաջ սու­րալ: Եթէ Թուրք­իա իրա­պէ’ս ան­կեղծ է Հա­յաս­տա­նի հետ բա­րի դրաց­ի­ա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու իր պնդում­նե­րուն՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու ար­դար հա­տու­ցու­մը լա­ւա­գոյն ապա­ցոյց­նե­րը պէտք է սեպ­ուին: Հի­մա ճի’շդ պահն է այս թե­զը ամե­նայն ուժ­գնու­թեամբ յա­ռաջ տա­նե­լու:

Դեռ ուշ չէ: Մար­տի սկիզբն է: Կրկնե­լու գնով ըսեմ՝ Հայաս­տա­նի պե­տա­կան այ­րե­րը կրնան իրենց Սփիւռ­քա­հայ հայ­րե­նա­կից­նե­րու Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­հան­ջին մի­ա­նալ՝ Ուա­շինկ­թըն հաս­նե­լով կամ, նուա­զա­գոյն, Ա.Մ.Ն.-ի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­լու Տան, Քոնկ­րէ­սին եւ նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա­յին ուղղ­ուած հա­մա­պա­տաս­խան ու­ղերձ-պա­հանջ­նե­րով:

Կը սպա­սենք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles