ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ հարցումներ գոյութիւն ունին, որոնք իրենց իսկութեանը մէջ գիտակցութեան եւ ինքզինք կատարելագործելու առիթ կ’ընծայեն: Ստեղծագործութեան պատմութենէն կ’իմանանք, թէ մարդը իւրայատուկ էակ մըն է ու տարբեր այն իմաստով, որ կը տրամաբանէ, կը հաւասարակշռէ, կեանքին խորքը կը թափանցէ եւ իր կեանքին եռանգ կը բերէ իր իսկ որոշումներով, սակայն կրնայ նաեւ իր կեանքին չարիք բերել՝ կրկին իր անձնական որոշումով:
Ուրեմն ինքզինք կատարելագործելու համար ու մանաւանդ Աստուածային պատկերը լիուլի վայելցնելու համար երկրաւոր կեանքին մէջ, կարեւոր հարցումներէն մին կը նկատուի «դէպի ո՞ւր» հարցադրումը:
Սկսելով մարդկային հնագոյն պատմութենէն, կը տեղեկանանք թէ մարդիկ, ժողովուրդներ, ազգութիւններ, այնքան տարուած են իրենց իրագործումներով, որոնք մոռցած են այս հարցումը իրենք իրենց ուղղելու եւ պահ մը իրենց ներկան դիտելով հաշիւ ընելու ապագային մասին:
Ճիշդ այդ պատճառով շատեր մոռցուած են ու խեղդուած, պատմութեան անյայտ էջերուն մէջ, հակառակ իրենց անթիւ իրագործումներուն: Ժողովրդական ասոյթը կ’ըսէ՝ «տասը չափէ մէկ ձեւէ», որ վերեւ նշուած հարցումին մասին մտածում մըն է ըստ իրողութեան:
Քրիստոնէական դիտանկիւնէն երբ կը մօտենանք, «դէպի ո՞ւր» հարցումը խիստ կարեւոր տեղ կը գրաւէ մարդուն հոգեւոր եւ կրօնական համոզումներուն մէջ, որոնք պիտի ազդեն իր երկրաւոր ու երկիրը անդրանցնող յաւիտենական կեանքին:
Քրիստոսի ուսուցումներուն մէջ միշտ ակնյայտ է այս իրողութիւնը, որովհետեւ Քրիստոս շեշտը դրաւ մարդուն սորվեցնելու թէ ի՞նչպէս պէտք է ապրիլ, ի՞նչ առաջնահերթութիւններ նկատի ունենալ, ո՞ր բաներուն մասին մտածել եւ ի՞նչ ընել… մէկ խօսքով այդ «դէպի ո՞ւր» հարցումին պատախանները տուաւ մարդկութեան, այլապէս մարդ արարածին աւարտը խղճալի պիտի դառնար:
Քրիստոս անձամբ իր կեանքը ղեկավարեց նոյն սկզբունքով, մարդկութեան օրինակ դառնալով, որպէսզի մարդ արարածը եւս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին ինքնիրեն առիթ տայ մտածելու այդ հարցումին մասին եւ ըստ այնմ շարունակէ ապրիլ:
Առաքեալներուն եւ սուրբերուն կեանքը երբ կը սերտենք, հոն նոյնիսկ կը նկատուի թէ անոնք եւս որքա¯ն գիտակից էին իրենց կեանքին ու անոր արժեւորման, մինչեւ նոյնիսկ մահը տեսնելով ու չարչարանքը փորձարկելով, որովհետեւ անոնք գիտէին թէ ուր պիտի երթային եւ «դէպի ո՞ւր» պիտի առաջնորդէին զիրենք այդ չարչարանքներն ու հալածանքները:
Քրիստոնէական կենցաղը կը պահանջէ որ մտածուի ոչ միայն ներկայ կեանքին մասին, բայց աւելի այն կեանքին զոր Քրիստոս խոստացաւ մեզի տալ: Ուստի այս «դէպի ո՞ւր» հարցումը ամէնօրեայ մտածումի ենթակայ է իւրաքանչիւր հաւատացեալ քրիստոնեայի համար, որպէսզի հասնի հոն, ուր իրեն համար պատրաստուած է:
Իւրաքանչիւր անհատ ինքն իր անձին ու էութեան խորքը թափանցելով երբ կը փորձէ քննել այս հարցը ու սկսի մտածել անոր լրջութեան մասին, արդէն իսկ սկսած կþըլլայ մտնել գիտակից ու պատասխանատու ընթացքի մը մէջ:
Հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ եւս, ինչպէս անցեալի պատմութեան մէջ, այնպէս եւս հիմա շատ անհրաժեշտ է, որպէս հաւաքականութիւն եւ ազգային իրականութիւն, խորհիլ ու կարեւորութեամբ մօտենալ նման հարցումներու, որոնք մեր ժողովուրդը պիտի առաջնորդեն դէպի փայլուն ու պտղաբեր ապագայ:
Հաւաքական մտահոգութիւնները եւ ներկայ շատ մը իրականութիւններ, դժբախտաբար արգելք կը հանդիսանան կատարելագործելու իտէալ կեանքի պահանջքները:
«Դէպի ո՞ւր» հարցումը խիստ անհրաժեշտ է այսօր մեզի, որպէս մէկ հաւաքականութիւն, որուն նպատակն ու գործը հարկ է որ մէկ ըլլայ ու միութեամբ գեղեցկանայ եւ կատարեալին հասնի: Այս հարցումը նաեւ կþենթադրէ յարատեւութիւն, որպէսզի միշտ գիտակից եւ լուրջ ընթացք մը որդեգրուի:
Համահայկական մտահոգութիւնները շատ են եւ ամէնուրեք, ուստի այս հարցումը կը վերաբերի իւրաքանչիւր հայի, որ լաւապէս կþըմբռնէ ու կը գիտակցի իր ինքնութեան ու չուզեր որ այդ պատկանելիութիւնը օրանց օր մը խափանուի:
Նոյնիսկ ընտանեկան կամ ընկերային կեանքերուն մէջ, բազմազբաղ եւ խճողուած առօրեային մէջ, խիստ անհրաժեշտ է պահ մը կանգ առնել արագասլաց ընթացքէն, ու խորհիլ թէ ի՞նչ է վերջը, ո՞ւր է աւարտը…:
Կեանքի խորհուրդը շատ անհասկնալի է եւ յոյժ խորհրդաւոր: Այս հարցադրումը սակայն բաւական մը կը հարթէ այդ խոչընդոտները ու ի յայտ կը բերէ այդ խորհուրդը: Ի վերջոյ իւրաքանչիւր անձ հաշուետու է իր իսկ անձին, կեանքին ու գործին: Սակայն կեանքին մէջ կան ձեւեր ու միջոցներ, որոնցմով մարդ կրնայ հրաւիրուիլ ինքնասրբագրման ու գիտակից որոշումներ առնելու առիթին:
Հարկ է որ օգտագործուին այդ միջոցները ի խնդիր յաջող, խոստմնալից ու նպատակ հետապնդող կենցաղի մը իրագործման: