Յօդուածներ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ԱՆԴԷՆԱԿԱՆԷՆ ՀՆՉԵՑ …«ԱՅՍ ՀՈՂԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ»
Կլորաձեւ ակնոցներու ետին թաքնուած…մերթ զայրոյթ ժայթքող եւ մերթ արդարութիւն պահանջող աչքեր, որոնք համեմատաբար աւելի երկայնքի վրայ թեքած դէմքին վրայ, գերտպաւորիչ խորհրդաւորութիւն մը կը ստեղծեն:
Այս յարգանք պարտադրող դիմագիծը կ'ամբողջացնէ այդ մէկ շարժումը, որ ցուցամատով

