
ԼԻՒՍԻ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ – ՓԻԼԻԿԵԱՆ
Կարելի՞ է լռել թատերական այս ներկայացումին մասին: Ներկայ ըլլալ, քաջալերել հեղինակին անգլերէն լեզուով աշխատանքը, օտար դերակատարներու անուրանալի յաջող խաղարկութիւնը եւ լռել:
Նիւթը` հայուն յիշողութիւնը կը խռովէ, երբ թուրք ոճրային ցեղասպանութիւնը կեանքեր եւ ընտանեկան յարկեր կործանած է:
Եւ սակայն հեղինակը ստեղծած է կացութիւններ ուր զարմանալի կամեցողութեան, անմոռանալի սերտ բարեկամութեան զգացումներ, դէպքեր ուր “կաւուր“ի եւ թուրքի միջեւ հարազատ մտերմութիւնը, իրողութիւն եղած է:
“Off Broadway Shell“ կոկիկ թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ “Լռութիւն“ ներկայացումը Մայիս 4էն մինչեւ Մայիս 24, 2012:
Հեղինակը մեզի սիրելի եւ յարգելի Հրանդ Մարգարեանն է: Դոկտ. Մարգարեան թատերական պատմութեան քաջածանօթ անգերազանցելի բեմադրիչ, դերուսոյց, դերակատար, թատերական նոր կացութիւններ ստեղծող եւ անհամար ձիրքերով օժտուած հմուտ անձ մըն է:
Այսօր, մեր գրական ծաղկեփունջին մաս կը կազմեն հեղինակներու հայերէն գրութիւններէն զատ, անգլերէն լեզուով հրատարակութիւններ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութեան մասին, ունինք նաեւ շարժանկարի, “DVD“ի վաւերագրական երիզներ` այժմ թատերական ներկայացում:
Մարգարեան օտարներու կը յիշեցնէ ու կը դաստիարակէ իր “Լռութիւն“ով. ինչ ոը 1915էն քաղուած դէպք մըն է: Դերակատար Էնտրու Րայա կը ներկայանայ որպէս թուրք զինուոր, ան` առանց ընդդիմութեան պատրաստ է մեռնել ու մեռցնել:
Տէյվիտ Մ. Ֆարինկթըն ստանձ-նած է հայ ամուսին բժիշկ Յակոբի դերը: Յակոբ անկարող է հակառակիլ ստացած հրամանին, ուստի որպէս բժիշկ պէտք է միանայ թրքական պատերազմական բանակին: Կը հեռանայ իր սիրելի կնոջմէն Շուշանէն, ընտանեկան պարագաներէն ու կը զոհուի չարամիտ քաղաքապետ Խալիլի հրամանով: Տէյվիտ Մ. Ֆարինկթըն դիւրահաղորդ դերասան մըն է:
Թոտ Լիսէան բժիշկ Իհսանի դերով` որպէս Յակոբ եւ Շուշանի մտերիմ բարեկամ գովելի ու բնական խաղարկութիւն մը ունեցաւ: Իհսան, քաղաքապետ հօր Խալիլի ոճրային մտածելակերպին, ատելի զգացումներուն եւ վարուելակերպին դէմ է, ուստի անվախօրէն առանց վարանումի հայր Խալիլի կը յիշեցնէ թէ` բժշկական երդումը առած է ձեռքերը գործածել բժշկելու համար վերաբուժութեամբ թէ մեռցնելու մտադրութեամբ: Մինչ նենքամիտ Խալիլի պատասխանը այն է թէ` ձեռքերը չէ որ կը մեռցնեն այլ բանականութիւնը:
Ուրիշ առթիւ ոճրագործ Խալիլ Օրհան թոռնիկը կը սաստէ այս որդեգրուած թոռը` Էնտրու Րայա չափազանց վախկոտ, հլու հնազանդ բայց եւ այնպէս իրողութիւնը նկատող պատանի, քովելի խաղարկութիւն մը ցոյց տուաւ մանաւանդ երբ մեծ հօր Խալիլ կը յանդգնի յիշեցնել` “ժամանակները փոխուած են, Օթօման վարչութիւնը անցեալին կը պատկանի, այժմ հանրապետութիւն ունինք“:
Չարլզ Քարէլը, Խալիլ քաղաքապետի պատասխանը իր որդեգրուած թոռան` Օրհանի, հետեւեալը կ՛ըլլայ “Ժամանակները փոխուած են, բայց ո՛չ մենք“ Չարլզ Քարէլ Խալիլի դերով ներկաներուն ատելութիւնը կը գրգռէ: Կարելի չէ մոռնալ դերակատարութիւնը, որպէս թուրք քաղաքապետ, ան լաւ ուսումնասիրած է Խալիլի նկարագիրը եւ ունեցաւ կատարելագործուած խաղարկութիւն մը, որ կարելի չէ դիւրաւ մոռնալ Չարլզ Քարէլ վաստակաւոր դերակատար մըն է:
Լօրէն Սրապեան օտար բեմերու վրայ գնահատուած դերակատարուհի մըն է, ան` ունի յստակ առոգանութիւն եւ բեմական պարտադրիչ ներկայութիւն: Շուշանի եւ ամերիկացի բժշկուհի Սուզանի զոյգ դերերով գովելի խաղարկութիւն մը ունեցաւ: Շուշան` Յակոբի սիրասուն կինը, նաեւ քաղաքապետ Խալիլի դէմ վրդոված, ընդդիմախօս իմաստուն եւ վրէժխնդիր, համբերատար ու ներողամիտ հայուհին:
Բժշկուհի Սուզան տարիներ վերջ, բարեկամ Իհսանի միջոցաւ կը խորհի վերագտած ըլլալ իր կորսուած մանչ զաւակը` Վահան, որ Իհսանի կողմէ որդեգրուած Օրհանն է: Շուշան Սուզան կը վերադառնայ Վան: Շուշան հայ մայրը, վստահ կամ ոչ, վերագտա՞ծ Վահան զաւակը, կամ ո՛չ, “ի վերջոյ հայ մանչ մըն է, որ կ՛ազատեմ“, յուզումով կը խոստովանի:
Կարելի է շնորհաւորել բոլոր անոնք, որոնք իրենց զանազան արուեստներով սոյն թատերական ներկայացումին մաս կազմեցին:
Հրանդ Մարգարեան ինչպէս միշտ, ինքզինք գերազանցեց “Tony award namination“ “Լռութիւն“ը խօսեցնել կու տայ: Կարելի է տարբեր նահանգներու մէջ ալ ներկայացնել եւ ինչու չէ Եւրոպական մինչեւ իսկ թրքական բեմի վրայ: