ԼՈՒՐԵՐ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ.- ԼԻՒՍԻ ԻՇԽԱՆԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈԻԵՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:3 Minute, 12 Second

Մայ­րե­րու տօ­նին առ­թիւ, Մա­յիս 2-ին, Նիւ Եոր­քի մէջ կազ­մա­կերպ­ուած յա­տուկ ձեռ­նար­կի մը ըն­թաց­քին, պար­գե­ւատր­ուե­ցաւ Լիւ­սի Իշ­խան­եա­նը, որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ ծա­ռա­յած է Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Առաջ­նոր­դա­րա­նին: Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կերպ­ուած էր թե­մի տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ, Նիւ Եոր­քի պատ­մա­կան “Palace“ սրա­հին մէջ:

Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եան, յայտ­նեց թէ “Զա­պէլ Թա­գու­հի“ պար­գեւն է, որ կը յանձն­ուի տի­կին Իշ­խան­եա­նին: Նշենք թէ Զա­պէլ Թա­գու­հին եղած է առա­ջին փա­փուկ սե­ռի թա­գու­հին, որ կրցած է բա­րե­կար­գում­ներ եւ ի նպաստ հայ կնոջ հա­մար պայ­քար մղել: Ան դուստրն էր Մեծն Լե­ւոն թա­գա­ւո­րին, որ յա­ջոր­դեց իր հօր, երե­ւոյթ մը, որ օրին մեծ ու անս­պա­սե­լի անակն­կալ մըն էր: Ան, իր ամուս­նոյն`  Հէ­թում թա­գա­ւո­րին հետ, ոչ թէ կրցաւ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ կա­տա­րել իր պաշ­տօ­նը, այլ նա­եւ իր նոր յ­ղա­ցում­նե­րով եւ գա­ղա­փար­նե­րով, ան­նա­խըն­թաց ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լեց:

Մեր օրե­րու Զա­պէլ թա­գու­հին է Լիւ­սի Իշ­խան­եա­նը, որ հայ մշա­կոյ­թի եւ երաժշ­տու­թեան մէջ, կա­տա­րած է իր ներդ­րու­մըըսաւ Բա­րե­ջան Առաջ­նոր­դը:

Լիւ­սի Իշ­խան­եա­նի մա­սին, յա­ւել­եալ զե­կու­ցեց Ա­րիս Փա­փազ­եա­նը, որ ձեռ­նար­կի պա­տաս­խա­նա­տուն էր: Ան յայտ­նեց թէ Իշ­խան­եան փոքր տա­րի­քէն կառ­չած է երաժշ­տու­թեան աշ­խար­հին: Այս տար­ուայ պար­գե­ւատ­րուո­ղը, մեր բո­լո­րին ծա­նօթ է: Ո՜վ չի ճանչ­նար օր­ուան պար­գե­ւատ­րուո­ղը: Ար­դա­րեւ, Լիւ­սի Իշ­խան­եան փոքր տա­րի­քէն, կապ­ուած իր դաշ­նա­կին, ան եօթ տա­րե­կան էր, երբ ու­նե­ցաւ իր առա­ջին ելոյ­թը: Ճիւլի­ըրտ հիմ­նար­կի ամէ­նէն աւե­լի երի­տա­սարդ աշա­կերտ­նե­րէն էր ան: Ուս­ման ծա­ռաւ ու­նէր Լիւ­սի եւ հա­սաւ մին­չեւ տոք­թո­րա­կա­նի` Քո­լումպ­իա հա­մալ­սա­րա­նէն: Յի­շա­տա­կե­լի է, որ միշտ ալ ան իր յայ­տագ­րին մէջ, նկա­տի առած էր հայ­կա­կան գործ մը ըսաւ Փա­փազ­եան, որ աւել­ցուց թէ, ան երաժշ­տու­թեան կող­քին, նա­եւ գե­ղան­կա­րիչ է եւ բա­նաս­տեղծ ու վի­պա­գիր:

Նշենք թէ, Լիւ­սի 1992-ին գա­ղա­փա­րը յդա­ցած է գոր­ծակ­ցու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու Ճիւլի­ըրտ հիմ­նար­կի եւ Երե­ւա­նի Կո­մի­տաս ան­ուան երաժշ­տա­նո­ցին մի­ջեւ:

Այս­պէս, ցայ­սօր հե­տե­ւո­ղա­կան դրու­թեամբ, Երե­ւա­նէն կը ժա­մա­նեն ապա­գայ խոս­տա­ցող աստ­ղեր, օժան­դա­կու­թիւն ստա­նա­լով, Լի­սի Իշ­խան­եա­նի մտայ­ղա­ցած “Armenian Scholarship Fund“ հիմ­նար­կէն:

Այս յոյժ յի­շա­տա­կե­լի ձեռ­նար­կին առ­թիւ, նա­եւ ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գիր մը, որուն ըն­թաց­քին ելոյթ ու­նե­ցան Սիւ­սի Փօ­թիկ­եան (ջու­թակ), Ալեք­սանտր Կիւ­րէ­վիչ (վի­ո­լա) եւ Ալեքս Սա­քա­րե­լոս (ջու­թակ):

Ներ­կայ մը

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles