Բնութիւնն անգամ զայրացած կը թուի ըլլալ…
Այսպէս Ուաշինկթընի մէջ տիրող վերջին օրերու սառնամանիքն ու փոթորիկը պատճառ դարձան որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կազմակերպած զրոյց-տեսակցութիւնը, Միացեալ Նահանգներու հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ցնոր տնօրինութիւն յետաձգուի:
Մէկ խօսքով ճանապարհներն ու ճամբաները մշուշապատ, ձիւնածածկ ու փակ էին…«ճանապարհային քարտէս»ին մասին յաւելեալ փրոթոքոլային տեսակցութիւններ կատարելու համար:
Մինչ այդ, այս սպասողական կացութեան լոյսին տակ, ուր դեռ նոյնիսկ վերջնականապէս չէ յստակացած, հրաւիրուած կազմակերպութիւններու ցանկը, արդէն իսկ այլ միութիւններ առիթէն օգտուելով, կը յանդգնին պղտոր ջուրի (…եւ անշուշտ միշտ աննպաստ օդերեւութաբանական պայմաններու տակ) մէջ ձկնորսութիւն կատարել եւ անտեղի եւ սին մեղադրանքներով քննադատել հարիւր տարիէ աւելի յարգանք պարտադրող կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ…մատի փաթթոց դարձնելով անմիասնական եւ կեղծ «միասնականութիւն» մը:
Հայորդիին համար յստակ է թէ Սպիտակ տան լոյս ընծայած հրաւիրուած միութիւններու պաշտօնական ցանկը ամբողջական չէ եւ անարդարօրէն բաղադրուած: Տիկին Քլինթըն հրաւիրած է Հայ Առաքելական Էջմիածնական Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.-ի թեմը, «Հայկական Համագումար»ը («Ասեմպլի»ն), Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, «Վարդանանց Ասպետներ» կազմակերպութիւնը եւ Հայ Դատի յանձնախումբը:
Այո° զարմանալիօրէն չկան յարանուանութիւնները մեծամասնութիւնը՝ Աւետարանական ներկայացուցիչները, կաթողիկէ համայնքն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Եկեղեցին (Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերը):
Այո°, նաեւ մոռցուած է այս տարի հպարտօրէն իր հարիւրամեայ ծառայութիւնը տօնակատարող Հ.Օ.Մ.-ը՝ Հայ Օգնութեան Միութիւնը:
Այսպէս, բնութեան պատճառած մետասաներորդ վայրկեանի յետաձգումն ու յապաղումը, առիթ մը կրնայ ընծայել թէ° Արտաքին Գործոց նախարարութեան եւ թէ° անկեղծօրէն ու սրտբացօրէն միասնականութիւն քարոզող կազմակերպութիւններուն, որպէսզի առանց որեւէ խտրականութեան հրաւիրեն բոլոր ներկայացուցիչներն ու երախտապարտ ըլլան այդ կերտուած իսկական միասնականութեան:
Եւ այս բոլորը…Ի խորոց սրտի մեկնաբանում եւ յստակացում:
«Հայրենիք»
Փետրուար 12, 2010