
Ա.Ա.
Յատկապէս վերջին շրջանին Իրան յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վրայ, որուն քսան մէկ քիլոմեթր երկարութեամբ Իրանի հետ սահմանը թեհրանի իշխանութիւններուն համար ցամաքային կենսական անցք մըն է դէպի Ռուսիա եւ հիսիսային Եւրոպա։ Իրանեան իշխանութիւնները ոչ մէկ առիթ կը փախցնեն յիշեցնելու եւ վերահաստատելու, թէ բացարձակապէս կը մերժեն Հայաստանի հարաւային սահմանին որեւէ փոփոխութիւն, որ կրնայ յառաջանալ՝ Թուրքիա- Ատրպէյճան ճակատին ծաւալապաշտական ծրագրերուն պատճառով։
Իրանի համար Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն առաջնահերթութեան նորագոյն շեշտադրումը կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատաշխան Զոհուրիի կողմէ, որ Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեանի հետ իր հանդիպման ընթացքին շատ յստակ բնութագրեց Իրանի համար Սիւնիքի մարզին կարեւորութիւնը, երբ շեշտեց,որ ոչ մէկ պետութիւն մարզին նկատմամբ որեւէ նկրտում պէտք է ունենայ։ Իրանցի դեսպանին այս յայտարարութիւնը կ՛իյնայ Սիւնիքի մէջ միջանցք պահանջող Ատրպէյճանի դիրքորոշումը մերժող իրանեան յստակ քաղաքականութեան ծիրին մէջ,ուր հարաւային կովկասեան քաղաքական միւս դերակատարներուն՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ուղղուած որոշ պատգամներ կը գտնուին։Թուրքիա, որ իր համաթուրանական ծրագրին իրականացման համար մեծ յոյսեր կապած է այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքին, ստացած է իրանեան պատգամը եւ առ այդ կը գիտակցի, որ նման միջանցք թուրքեւիրանեան ոչ սառն- ոչ բարեկամական յարաբերութիւնները կրնան վատթարանալ։ Ռուսիա, իր կարգին, կը գիտակցի, որ որեւէ սակարկութիւն՝ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վերաբերեալ, պիտի բախի իրանեան մերժողական կեցուածքին։
Իրանի համար Սիւնիքը կենսական շրջան մըն է, որ կրնայ կեդրոնական դերակատարութիւն ունենալ իրանեան տնտեսական եւ քաղաքական շահերուն համար։Սիւնիքը իրանեան իշխանութիւններուն համար նաեւ պաշտպանողական պատ մըն է՝ իսրայէլեան ներկայութեան դէմ, որուն մասին կը խօսին անկախ աղբիւրներու կողմէ չհաստատուած այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց շուրջ հազար իսրայէլացի գործակալներ կը գտնուին Ատրպէյճանի կապալայի օդուժի խարիսխին մէջ։Կապալայի ռատարի կեդրոնը, որ կառուցուած է նախկին խորհրդային օրերուն, 2012ին փակուեցաւ եւ վերածուեցաւ ատրպէյճանական օդուժի խարիսխներէն մէկուն։ Դարձեալ չհաստատուած տեղեկութիւններու համաձայն, իսրայէլեան տրոնները, որոնք Ատրպէյճանի վաճառուած են թռիչք կ՛առնեն Կապալայէն։Իրան բնականաբար բաւական մտահոգուելու պատճառ ունի եւ Սիւնիքի մարզին ռազմավարական կարեւորութիւնը այս պարագային առաւել քան կը շեշտուի՝ իրանեան կողմին համար։
Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճան- Իսրայէլ համագործակցութեան, նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2016ին գոհունակութեամբ յայտարարած է, որ Իսրայէլի հետ տնտեսական եւ զինուորական գործակցութիւնը հինգ միլիառ տոլարի հասած է։Նոյն տարին Ատրպէյճան ստացաւ այսպէս կոչուած «անձնասպանական տրոն»ը, որ առաջին անգամ ըլլալով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին գործածուեցաւ հայկական ուժերուն դէմ։Օրին այս տեղեկութիւնը հաստատուած եւ հրապարակուած է ամերիկեան հեղինակաւոր «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին կողմէ, որ նման տրոնի գործածութիւնը անուանած է «առաջին պարագան նման զէնքի մը գործածութեան»։
Իրան Իսրայէլ- Ատրպէյճան գործածութիւնը կը համարէ իրական սպառնալիք մը, որ ուղղուած է ապահովութեան դէմ եւ համոզուած է, որ Ատրպէյճան իսրայէլացի գործակալներու համար ամէնէն յարմար վայրն է, ուրկէ կրնան հետախուզական աշխատանքներ կազմակերպել եւ ինչու չէ նաեւ զինուորական հարուածներու նախածրագրում կատարել։
Իրանի իշխանութիւնները նաեւ կը գիտակցին,որ Իրանի հիւսիսը արձանագրուող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները եւ ստեղծուած իրավիճակները ուշադրութեան առարկայ չդարձնելը կրնայ իրանեան դերակատարութեան տկարացման առաջնորդել։Իրանցիք նաեւ կը համարեն, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան Ատրպէյճանն ու Թուրքիան շահագործել, Հարաւային Կովկասի մէջ իրենց աւանդական երկու թշնամիներուն՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի դերակատարութիւնը եւ ազդեցութիւնը տկարացնելու համար։Այս իրողութիւններուն լոյսին տակ՝ Իրանի համար չափազանց կարեւոր է Հայաստանի հետ սահմանին պահպանումը։